ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Յամառ եւ հետեւողական պայքարով հայ ժողովուրդը անցնող տասնամեակներուն լուրջ իրագործումներ արձանագրեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ: Տարբեր երկիրներ, խորհրդարաններ, միջազգային կառոյցներ, կազմակերպութիւններ ընդունեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւեր:
Թեւակոխած ենք Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը: Արեւմտահայութիւնը զրկուած կը մնայ իր պատմական հայրենիքէն, սեփականութենէն, մշակութային ժառանգութենէն: Հայրենազրկում, մարդկային, գոյքային եւ նիւթական կորուստներ: Զրկուած կը մնանք մեր հայրենիքէն: Ո՞ր կորուստներուն, վնասներուն մասին խօսինք՝ հայրենակա՞ն, հողայի՞ն, կենսակա՞ն, , բարոյակա՞ն…: Թշնամին կը շարունակէ խեղաթիւրել պատմութիւնը, ուրանալ ճշմարտութիւնը: Տակաւին կը մերժէ ճանչնալ մեր անվիճարկելի իրաւունքները:
Ի՞նչ կը թելադրէ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը հայ ժողովուրդին: Թէպէտ ուշացած՝ անյապաղ լծուիլ յանցագործը դատապարտելու իրաւական աշխատանքներուն: Ճանաչման աշխատանքներէն աւելի կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ իրաւական հարթութեան վրայ անոր տեղափոխութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը իրաւական բազմակողմանի հետապնդումներու անհրաժեշտութեան կը կարօտի: Ճանաչման եւ պատմական ապացոյց-ներու դիտարկման միջոցին պէտք չէ մոռնանք, որ Ցեղասպանութիւնը միջազգային ծանր յանցագործութիւն է միաժամանակ:
Այստեղ ինքնաբերաբար պիտի յառաջանայ հարցերու հարցը. ո՞վ Միջազգային դատարան պիտի ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւա-քաղաքական թղթածրարը: Ճնշումներու տակ գտնուող Հայաստանի հանրապետութիւ՞նը, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտին տակ ստորագրութիւնը դրած որեւէ պետութիւ՞ն, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուր՞դը եւ տակաւին…
1915 թուականի եղեռնագործութեան ժամանակաշրջանին Հայաստանը գոյութիւն չունէր իբրեւ պետութիւն, սակայն միջազգային իրաւունքը անոր կ’արտօնէ փոխհատուցում պահանջել Թուրքիայէն:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով համայն հայ ժողովուրդին անունով՝ 29 յունուար 2015-ին լոյս տեսած Հռչակագիրը, Ցեղասպանութեան փաստը միջազգային ճանաչման հասցնելու եւ անոր հետեւանքները յաղթահարելու մարտահրաւէր մը դարձաւ համայն հայութեան առջեւ:
Համահայկական հռչակագիրը լուրջ հիմք է իրաւական պահանջներ ներկայացնելու Թուրքիոյ՝ հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպած եւ գործադրած ցեղասպանութեան համար:
Սակայն դժբախտաբար մինչեւ օրս պատրաստուած չէ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւա-քաղաքական թղթածրարը: Ի՞նչ կը պահանջենք ցեղասպանէն, ի՞նչ հիման վրայ կը պահանջենք եւ ինչո՞ւ կը պահանջենք: Ո՞ւր պիտի գտնենք այս հարցումներուն պատասխանը: Առանց նման թղթածրարի մը պատրաստութեան Հայոց ցեղասպանութեան հետապնդումը կը մնայ խիստ կաղ, չըսելու համար՝ թերի…:
Պահանջատիրութիւն ըսելով կը հասկնանք տարագիր հայ ժողովուրդին հողային, գոյքային եւ բարոյական իրաւունքներուն վերականգնումը: Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպա-նութեան ճանաչումը մեր ժողովուրդին բարոյական իրաւունքները վերականգնելու փուլերէն մէկն է, սակայն ոչ՝ մեր պահանջատիրութեան էութիւնը:
Սակայն այստեղ չ’աւարտիր մեր մտահոգութիւնը: Ուսումնասիրութեան կարօտ եւ վերջնականապէս կողմնորոշուելու լուրջ հարցեր գոյութիւն ունին տակաւին…
Բացի իրաւա-քաղաքական գետնի վրայ դրսեւորուող այս խիստ մտահոգիչ անտար-բերութենէն, որքա՞ն ազդու կը հնչեն քարոզչական գետնի վրայ մեր աշխատանքները: Յարգանք մեր պատմաբաններուն, մտաւորականութեան, բազմաթիւ հրատարակութիւններ լոյս կը տեսնեն Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ: Բայց այստեղ չ’աւարտիր մեր առաքելութիւնը: Պարզ դաս մը քաղելով ժամանակակից Իսրայէլի պետութենէն՝ առ այսօր միջազգային հանրութեան չենք ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութիւնը մանրակրկիտ վերլուծող բազմահատոր եւ բազմալեզու հանրագիտական հրատարակութիւն մը, նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերու բազմալեզու եւ բազմահատոր ակադեմական ժողովածու մը: Անըմբռնելի տեղատւութիւն կ’արձանագրենք պատմագիտական եւ քարոզչական ոլորտներու մէջ : Նմանօրինակ հրատարակութիւններու շարքը մեր պահանջատիրութիւնը հանրայնացնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը պիտի հանդիսանար անկասկած..: Մեր դատին, մեզի դէմ կատարուած անիրաւութիւններուն ծանօթանալով՝ մեր հողային պահանջատիրութեան ի նպաստ պիտի կողմնորոշուէր միջազգային հանրային կարծիքը: Ուշ չէ տակաւին: Աշխատինք գործի լծել միջազգային իրաւունքի համաշխարհային վարկ եւ փորձառութիւն վայելող իրաւաբաններ, պատմաբան-ներ,մասնագէտներ…: Մէկ այլ կարեւոր իրագործում պիտի ըլլայ աշխարհի տարբեր արխիւ-ները ուսումնասիրել եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն վերաբերող փաստաթուղթերը մէկտեղել, մշակել եւ հրատարակել:
Այնքան ժամանակ, որ Թուրքիան կ’ուրանայ Ցեղասպանութիւնը եւ յաղթահարուած չեն անոր յանցագործութեան հետեւանքները, հայ ժողովուրդը նոր ցեղասպանութեան մը բարոյա-հոգեբանական սպառնալիքին տակ պիտի գոյատեւէ Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ…:
Միւս կողմէ, Ցեղասպանութիւնը գործուած է ոչ միայն Արեւմտահայաստանի մէջ, այլեւ Արեւելահայաստանի, այսօրուան Հայաստանի հանրապետութեան սահմաններէն ներս հայ ժողովուրդը բնաջնջելու մտադրութեամբ: Մէկ խօսքով ներկայի բուռ մը Հայաստանի հանրապետութիւնը նոյնպէս Ցեղասպանութենէն տուժած պետութիւն է, հետեւաբար իրաւա-սու է շօշափելի պահանջներ ներկայացնելու Թուրքիոյ: Հայաստանի հանրապետութիւնը միաժամանակ իրաւասու է միջազգային տարբեր ատեաններու առջեւ պահպանելու նահատակներու ժառանգորդներուն շահերը, որովհետեւ բռնի տեղահանուածներուն, վեր-ապրողներուն կարեւոր մէկ մասը հաստատուած է Հայաստանի հանրապետութեան սահ-մաններուն մէջ:
Հայաստանի հանրապետութիւնը նաեւ ծագումնաբանական, կրօնական, լեզուական եւ մշակութային նոյնութիւններով կապուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն հետ: Զոհերէն շատերու ժառանգորդները ունին Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Այս կարեւոր ապացոյցը լուրջ հիմք է որպէսզի Հայաստանի հանրապետութիւնը ՄԱԿ-ի կից Արդարադա-տութեան ատեանէն վնասուց հատուցում պահանջնէ Թուրքիայէն:
ՄԱԿ-ի միջազգային իրաւունքի յանձնաժողովի կողմէ մշակուած պետութիւններու պատասխնատւութեան յօդուածներուն մէջ յստակօրէն նշուած է, որ միջազգային հակաիրաւական արարքին պատասխանատւութիւնը կրող պետութիւնը պարտաւոր է միջազգային հակաիրաւական արարքով պատճառուած վնասներուն լիարժէք հատուցումը տրամադրել վնաս կրող կողմին: Հատուցումը կ’ընդգրկէ հակաիրաւական արարքով պատճառուած որեւէ կորուստ՝ նիւթական եւ բարոյական: Թուրքիոյ հանրապետութիւնը իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, պարտաւոր կ’ըլլայ փոխհատուցելու հայ ժողովուրդին պատճառած նիւթական վնասները, ինչպէս մինչեւ օրս Գերմանիան՝ հրեաներու ոչնչացման համար փոխհատուցում կը վճարէ հրեաներուն:
Հայաստանի հանրապետութիւնը այսօրուան դրութեամբ կրնայ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին միջոցով պատասխանատւութեան հրաւիրել Թուրքիան:
Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները յաղթահարելու աշխատանքը հաւաքական ճիգ եւ լարում պահանջող հրամայական մըն է, իրաւասութիւններու, կարելիութիւններու եւ փորձառութիւններու հիման վրայ, Սփիւռք-հայրենիք դերերու եւ պարտականութիւններու յստակ բաշխումով:
Նպատակ կամ միտում չունիմ թերագնահատելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարուող շնորհակալ աշխատանքը: Սակայն նոյնքան եւ աւելի կենսական նշանակութիւն պիտի ունենան յանցագործը իրաւականօրէն հետապնդելու եւ հատուցումներու պատասխանատուութեան առջեւ դնելու, անոր ոճիրը իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն դատապարտելու ծրագրաւորուած քայլերը: