Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններն ու տնտեսական կեանքը արգելակողները Աստուծմէ վախ ունենային, ապա անոնք կը ջանային Աստուծոյ կամքը տեսնելու համար ամրապնդել այդ հաստատութիւններուն աշխատանքները եւ աշխուժացնել երկրին տնտեսական կեանքը: «Բայց եւ այնպէս մենք կը վկայենք հակառակը եւ կը տեսնենք, թէ պետական կեանքն ու հաստատութիւններուն գործունէութիւնը ի՛նչ ձախողութիւն կ՛արձանագրեն, իսկ քաղաքացիները ինչպէ՛ս կ՛աղքատանան», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքին արգելակումով կը խանգարուի նաեւ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը, եւ այդ իշխանութիւնները կը սկսին գործել առանց յանդգնութեան եւ կողմնակալութեամբ: «Կարգ մը դատաւորներ կ՛ամրապնդեն դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ արտայայտուած կասկածները, երբ անոնք մեղսակից կը դառնան այնպիսի քայլերու, որոնք կը խանգարեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Այն Ռըմմանէի դէպքերուն հետաքննութիւնը», ընդգծեց ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան վերաբերող զարգացումները զարմանք կը պատճառեն` աւելցնելով, որ անկարելի է ընդունիլ այն իրականութիւնը, որ կարգ մը դատաւորներ երկրին դատական իշխանութիւնները վերածած են կուսակցական եւ համայնքային կեդրոններու:
Անդրադառնալով Այն Ռըմմանէի մէջ տակաւին կատարուող ձերբակալութիւններուն` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ մերժելի է նման ձերբակալութիւնները շարունակել, եթէ անոնք օրինական չեն եւ պարզապէս կը ծառայեն այս կամ այն քաղաքական կողմը գոհացնելու:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ակնարկելով` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին եւ ՄԱԿ-ի հսկողութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել թեկնածութիւն առաջադրելու ազատութիւնը, թեկնածուներուն ապահովութիւնը, ընտրութիւններուն պարկեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հակակշռել մսխուելիք գումարները: