Ռուս–հայկական (Սլաւոնական) համալսարանին մէջ այսօր տեղի ունեցած է ուքրանացի գիտնական, փիլիսոփայ եւ հայագէտ Իրինա Կայուգի “Ուքրանիոյ մէջ հայ մշակոյթի պատկերազարդ հանրագիտարան. Թանգարաններու եւ արգելոցներու մէջ հայ մշակոյթի յուշարձաններու ցանկով” գիրքին շնորհանդէսը: Այս մասին կը յայտնէ համալսարանի մամլոյ ծառայութիւնը:
Գիրքին հեղինակը անձամբ ներկայացուցած է հանրագիտարանը, որուն վրայ աշխատած է շուրջ վեց տարի:
Հանրագիտարանը կը պատմէ Ուքրանիոյ տարբեր շրջաններու հայերու կեանքին մասին, կը նկարագրէ հայ մշակոյթի զարգացման պատմութիւնը, հայերու գործունէութեան հիմնական ոլորտները` առեւտուր, զինագործութիւն եւ ոսկերչութիւն, դիւանագիտութիւն, գորգագործութիւն, ներկայացուցած է նաեւ հայ–ուքրանական թատերական եւ գրական կապերը:
Գիրքը արդէն թարգմանուած է անգլերէն, բնօրինակը ուքրաներէն է: Հաւաքուած տեղեկատւութիւնը աննախադէպ է, նման ծաւալի հետազօտութիւն մինչ այդ երբեք չէ եղած:
Հանրագիտարանը արդէն իսկ ճանչցուած է Ուքրանիոյ մէջ: