Երէկ` կիրակի, 6 հոկտեմբերին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչարեանի: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Լիբանանի թեմի դպրաց դասերու միացեալ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի:
«Ան որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է` լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ, որ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համեմատ գործուած են»: Այսպէս սկսաւ առաջնորդ սրբազանը իր առաջնորդութեան շրջանի աւարտի վերջին պատգամը` ուղղուած հաւատացեալ ժողովուրդին: Ան նկատել տուաւ, որ առաջնորդութեան պաշտօնը վարելու 18 տարիներուն ընթացքին իր բնաբանը այս եղած է` «կատարել ինչ որ ճշմարիտ է», եւ փորձած է այդ բնաբանը իր կեանքին, գործին, պատասխանատուութեան ուղեցոյց դարձնել եւ կատարել ինչ որ ճշմարիտ ու արդար է ժողովուրդին համար:
Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ լոյսի ու խաւարի պայքարը ամէն օր կ՛ապրինք եւ մարդիկ կը գործեն մութին մէջ, այսինքն` կը մերժեն ճշմարիտը:
«Մենք պիտի ջանանք ըլլալ լոյսի մէջ գործողներ, լոյսի որդիներ, որովհետեւ խաւարի մէջ գործողներու արարքները սխալ են… Աւետարանը խաւարը եւ լոյսը իրարու դէմ հասնող ճշմարտութիւն է… ճշմարտութիւնները արժէքներ են, որոնք չեն կորսուիր», շեշտեց սրբազանը` շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ 18 տարիներու ընթացքին զօրացուց զինք, որպէսզի կարենայ գործը կատարել իր կամքին եւ ժողովուրդի կամքին համեմատ:
«Պահեցէք ձեր հաւատքը: Մեր ազգին գանձարանը մեր ժողովուրդն է: Պահեցէք տուն-ընտանիք-եկեղեցի-դպրոց բարոյական արժէքները եւ տէր կանգնեցէք անոնց», եզրափակեց սրբազանը` խօսքը ուղղելով ժողովուրդին:
Աւարտին սրբազանը պարգեւատրեց հետեւեալ քահանաները իրենց ծառայութեան համար` շեշտելով, որ այս պարգեւատրումները խթան են գործը աւելի պատասխանատուութեամբ կատարելու. Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Ներսէս քհնյ. Ճերմակեանը` աւագութեան տիտղոսով, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Գուրգէն քհնյ. Յովհաննէսեանը եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Հեճինեանը` ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունքով, Ռաուտայի մատրան հովիւ Սեւակ քհնյ. Վասիլեանը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանը եւ Ս. Յարութիւն (Ռմէյլ) եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանը` լանջախաչ կրելու իրաւունքով: