Յարութիւն Իսկահատեան- ՊԱՅՔԱՐ 136
Աշոտ Ղազարեան իր եւ ընտանիքին կեանքի պատմութիւնը, բռնագաղթի եւ տառապանքներու, ինչպէս նաեւ հայոց դէմ կիրառուած թրքական վայրագութիւններու նկարագրութիւնը կը ներկայացնէ իր հեղինակած «Դէպի Փրկութիւն Եղեռնը Ականատեսի Աչքերով – Յիշողութիւններ գրուած 1956-1960» խորագրեալ, փոքր չափի 160-էջնոց գրքոյկով, «Վան Արեան» հրատարակչատուն, Երեւան, 2014:
1906ին Կաղզուանի մէջ ծնած Հայասպանութեան ականատես վկայ, յուշագիրքի հեղինակ՝ Աշոտ Ղազարեան որդին է Կաղզուանի դպրոցի հայերէնի ուսուցիչ Մեսրոպ Ղազարեանի եւ կարսեցի Սաթենիկի: Ան ունէր երեք քոյր եւ երկու եղբայր: Անոնք խաղաղ կ’ապրէին «փարթամ կանաչով, անմահական ու բուրումնալից ծաղիկներով ծածկուած բարձր լեռների ստորոտում բնաւորուած, Կարսէն ութսուն վերստ (1 վերստը հաւասար է 1,07 քմ.ի-Յ.Ի.), դէպի հարաւ գտնուող Կաղզուան փոքր քաղաք»ը (էջ 8), մինչեւ որ… թուրքերը հասան ու քանդեցին անոնց անդորր կեանքը:
Հեղինակը յուշագիրքին 8-10րդ էջերուն մէջ կը նկարագրէ Կաղզուան քաղաքը եւ այնտեղի հայոց խաղաղ կեանքը, որ իր մանկութեան քանի մը տարիներու միայն մասը կը կազմէ: Ան կ’ըսէ թէ չորս տարի դպրոց յաճախելէ յետոյ, ուսումը Կաղզուանի մէջ կ’ընդհատուի ու ինք այլեւս հնարաւորութիւն չունենար իր կրթութիւնը շարունակելու իրմէ անկախ պատճառներով: 1917ի ռուսական յեղափութեան պատճառաւ ռուսական բանակը կը նահանջէ: «Ռուսական զօրքերը թողել էին Կաղզուանը, քաշուել-գնացել էին Հայաստանի տարածքից՝ հայ ժողովուրդին թողնելով բախտի քմահաճոյքին» (էջ 23), կ’ըսէ Աշոտ Ղազարեան: «1917 թուականից էլ խախտուեց նորմալ կեանքը Կաղզուանում: Հայ ժողովուրդը նորից ապրեց ահ ու սարսափ, լաց ու կոծ…» (էջ 23), կ’աւելցնէ ան:
Կարսի, Կաղզուանի եւ շրջակայ գիւղերու հայոց բռնագաղթի ու վերադարձի եւ ապա վերջնական բռնագաղթի պատճառներն ու հանգամանքները հասկնալու համար կ’արժէ յիշել այդ ժամանակի որոշ ամփոփ պատմական իրողութիւնները: Ռուսերը 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին Կարսը գրաւած էին եւ քաղաքը թէ՛ Սան Սթեֆանոյի եւ թէ՛ Պերլինի համաձայնագիրներով Ռուսական Կայսրութեան մնացած էր: 1918-ի Փետրուարին, թուրքերը խախտելով պոլշեւիկ ռուսերու հետ կնքած զինադադարը, անցան 1878-ի սահմանները, շահագործելով ռուսական բանակի նահանջը: Այդ օրերուն Անդրկովկասի Սէյմ անուանումով պետութիւնը գոյութիւն ունէր, որուն վարչապետը վրացի Չխենկելին էր: Վերջինս զօր. Թովմաս Նազարբէկեանին հրահանգեց առանց կռիւի Կարսը ձգել թուրքերուն, ան ալ ենթարկուեցաւ անոր հրահանգին: Այս պայմաններուն մէջ բնականաբար Կարսի հայերը պիտի փախչէին դէպի Ալեքսանդրապոլ կամ աւելի անդին: Ռուսական յեղափոխութենէն ետք վերոյիշեալ շրջանները թուրքերուն դէմ անպշտպան մնալով, ռուսական բանակի եւ Նազարբէկեանի հրամանատարութեան տակ եղող հայկական գունդի ալ հեռացումով՝ հայերն ալ ստիպուեցան հեռանալ այդ շրջաններէն: Առաջին համաշխարհային պատերազմին թուրքերու պարտութենէն ետք հոն մտան բրիտանացիները, որոնք 1919-ի Ապրիլին Կարսը եւ անոր մարզը կցեցին Հայաստանի Հանրապետութեան, որմէ ետք կարսեցիք վերադարձան իրենց տուները: 30 Հոկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը առանց լուրջ դիմադրութեան Կարսը ձգեց եւ քաղաքը յանձնուեցաւ թուրքերուն (տե՛ս Գէորգ Եազըճեան, «Կարսի 1920 Թուականի Անկման Խորքային Պատճառները», Երեւան, Ա. Տպագրութիւն՝ 2008, Բ. Տպագրութիւն՝ 2009): 12 հազար հայեր գերի ինկան այդ շրջանին մէջ: Թրքական գրաւումէն առաջ քիչ թիւով հայեր միայն հոնկէ կրցած էին հեռանալ դէպի Ալեքսանտրապոլ: Կարսի, Կաղզուանի եւ շրջակայքի հայ բնակչութեան մեծ մասը գերի ինկաւ թուրքերու ձեռքը, որոնք բռնեցին այրերը եւ իբրեւ բեռնակիր-բանուոր աշխատցուցին՝ 1920-1921-ի ձմեռը, դէպի Կարին ապրանք տեղափոխելու: Պաղէն, անօթութենէն եւ կրած տանջանքներէն՝ 8 հազար հայ մեռաւ այդ օրերուն: Իսկ ողջ մնացողները, 1921-ին կնքուած Մոսկուայի ու Կարսի համաձայնագիրներու հիմամբ վերադարձուեցան Խորհրդային կառավարութեան եւ եկան Ալեքսանտրապոլ:
Կաղզուանի մէջ 1917ին թուրքերը սկսած էին հայերը նեղել իրենց նենգ ոտնձգութիւններով: Սկիզբը քանի մը դէպք կը պատահի բայց աւելի ուշ յաճախակի կը դառնան հայոց դէմ թրքական ոճիրները: Հայերը թէեւ կը դիմադրէին, սակայն դժուար էր ապահով կեանք ունենալ: «1917 թուականի կէսերից էլ Կաղզուանում եւ ամէնուր ծայր առան թուրքերի կողմից արիւնալի կոտորածները» (էջ 24), կ’ըսէ հեղինակը:
Կաղզուանի հայութիւնը ակամայ բռնագաղթի ճամբան կը բռնէ գիշերով, որովհետեւ թրքական ոյժերը կը մօտենային քաղաքին: «Փախչում էին հարայ-հրոցով, սայլերի ճռռոցի, անասունների բառաչի, գառների մայունի ուղեկցութեամբ» (էջ 29), կ’ըսէ Աշոտ Ղազարեան, որ ընտանեօք կարաւանին մէջն էր: Անոնք կ’անցնին Մորպետի ձորէն: «Հազար ու մի արկածների ու անակնկալների են հանդիպել մարդիկ այդ նեղ ձորում: Շատ-շատ անգամ ճամբորդները յարձակման են ենթարկուել թուրք ու քիւրտ աւազակախմբերի կողմից, թալանուել ու սպանուել են կամ անյետ կորել: Մորպետ ձորը վտանգաւոր ու սարսափելի էր դարձել կոտորածների առաջին օրերից» (էջ 30), կ’աւելցնէ հեղինակը: Խումբ մը զինուած հայ երիտասարդներ, որոնք լեռները քաշուած էին, կը փութան օգնութեան հասնիլ կարաւանին, որ ապահով Կարս բերդաքաղաքը կը հասնի: Աշոտ Ղազարեան ընտանեօք իր մօրաքրոջ տունը ապաստան կը գտնէ: Ան օրուան իրավիճակը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ. «Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր կողմերից հարիւր-հազարաւոր տնազուրկ, սովալլուկ գաղթականներ լցուել էին այդ քաղաքը եւ բոլորն էլ ապրել էին ուզում, հաց… Քաղաքի փողոցները, քաղաքային այգին ու ամենուրէք , բաց երկնքի, անձրեւի ու արեւի տակ, գիշեր ու ցերեկ հաց ողորմալով, իրենց սեւ օրերն էին անցկացնում նրանք: Ու նայում էին, սոված, ցնցոտիապատ, կեղտոտ կանայք ու երեխաներ էին՝ հաց ողորմողներ: Խանութները գրեթէ փակուել էին, եղածներն էլ դատարկ: Հաց, հաց եւ հաց, այս էր բոլորիս տենչանքն ու երազանքը, բայց հաց չկար, ոչինչ չկար, ապրելը դժուար էր, սովն ու հիւանդութիւններն էին թագաւորում ամենուր: Ապրում էին քաղցած՝ հաց աղերսելով, ահ ու դողով» (էջ 35):
Թրքական զօրքերը գրաւած էին Կաղզուանը եւ կը մօտենային Կարսի, ուրկէ ժողովուրդը խուճապահար փախուստի կը դիմէ: Թուրքերը իրենց յառաջացման մէջ կ’աւերէին ու կը բնաջնջէին ամէն ինչ: Այս լուրը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի Կարսի ժողովուրդին մէջ: Աշոտ Ղազարեանը ընտանեօք կը խառնուի գաղթականներու ամբոխին եւ շոգեկառքով Ալեքսանտրապոլ կը հասնի: Աշոտի հօրեղբօր՝ Ստեփանի կնոջ քոյրը իր տան մէջ անոնց ապաստան կու տայ: Մօտաւորապէս երկու ամիս ետք տարաձայնութիւններ կը շրջին թէ թուրքերը կը մօտենան նաեւ Ալեքսանտրապոլի: Աշոտ Ղազարեան այս մասին կ’ըսէ. «1918 թուականի գարնան վերջերին թուրքական զօրքերը այրելով, աւերելով իրենց ճանապարհին հանդիպած հայկական գիւղերն ու աւանները, սրի քաշելով նրանց բնակիչներին, հասել գրաւել էին հինաւուրց բերդաքաղաք Ղարսն ու շարժուել առաջ՝ դէպի Ալեքսանտրապոլ: Ալեքսանտրապոլն էլ չկարողացաւ իր գրկում պահել բազում գաղթականների, այստեղ էլ տեւական ու ապահով կեանք չտեսանք» (էջ 40):
Թրքական զօրքերու Ալեքսանտրապոլ մուտքէն ետք, նկատելով որ իրենց ապրած տունը այլեւս ապահով չէր, Աշոտն ու ընտանիքը կը տեղափոխուին քաղաքին կեդրոնը գտնուող հայոց առաջնորդարանը, որ դատարկուած էր Առաջնորդին եւ պաշտօնեաներուն կողմէ: Շատեր փախուստ տուած էին թուրքերու Ալեքսանտրապոլը գրաւելէն առաջ: Ոմանք, որոնց մէջ Աշոտենք մնացած էին քաղաքը: Թուրքերու գրաւման տակ Ալեքսանտրապոլի իր կեանքին մասին Աշոտ Ղազարեան հետեւեալը կ’ըսէ. «Քաղցն ինձ էլ էր ստիպում ժամերով քարշ գալ շուկաներում մի բան գտնելու ու ուտելու յոյսով: Յաճախ կանգնում էի մարդկանց դիմաց, որոնք որեւէ բան էին ուտում, ու աղերսագին հայեացքս գցում նրանց ձեռքերին եւ թուքս կուլ տալիս» (էջ 46): Ալեքսանտրապոլի մէջ հայութիւնը թուրքերու լուծին տակ կը հիւծէր: Ժողովուրդը սովի մատնուած էր եւ դաշտի կանաչեղէնով կը սնուէր: «Սովը, լուծը եւ վարակիչ հիւանդութիւնները քաղում էին մարդկանց: Բոլորն էլ հիւծել էին, հասել էին մահուան դուռը: Ամէն առաւօտ Ալեքսանտրապոլի թաղերից դուրս էին տանում մեռելներով բեռնաւորուած տասնեակ կառքեր: Կուտակուած բազում անօթեւան գաղթականներ ապրել էին ուզում. հաց, հաց ու հաց աղերսում… հաց չկար…» (էջ 46), կ’աւելցնէ հեղինակը: Ընդհանրապէս 1919 թուականը սովի ու մահուան, լացի եւ արցունքի տարի մըն էր Հայաստանի արեւելեան հատուածը հաւաքուած արեւմտահայոց համար:
1919ի ամառը լուր կը տարածուի թէ Կարսը ազատագրուած էր հայոց կողմէ: Արդարեւ ինչպէս վերը յիշեցինք բրիտանական ոյժերը մտած էին շրջան եւ Կարսի մարզը թուքերուն ձեռքէն առնելով տուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան: Սոյն աւետիսը ոտքի կը հանէ իր ծննդավայրը, տունն ու տեղը ձգտող հազարաւոր գաղթակնները:
Բազմահազար գաղթականներու հետ Աշոտն ու ընտանիքը կը վերադառնան Կաղզուան, ինչպէս նաեւ Ալեսանտրապոլ ապաստանած այդ շրջանի գաղթական հայերն ալ կը վերադառնան Կարսի մարզ եւ իրենց տուները կը վերաշինեն: Դժբախտաբար սակայն, «1920ի վերջերին Կաղզուանում խօսեցին այն մասին, որ թուրքական զօրամասերը նորից առաջ են գալիս, որ նորից Կաղզուանին ու նրա բնակիչներին սպասւում է վտանգ ու նոր արհաւիրքներ» (էջ 50), կ’ըսէ Աշոտ Ղազարեան:
Այս անգամ սակայն ժողովուրդը փախչելու ժամանակ չունենար եւ գերի կ’իյնայ թուրքերուն ձեռքը: Թուրք զինուորները (ասկեարները) հայ այրերը իբրեւ բեռնակիր կ’աշխատցնեն, Կարսէն դէպի Կարին (Էրզրում) ապրանք փոխադրելու: Աշոտ Ղազարեանն ու ընտանիքը հայ գերեվարուած գաղթականներուն հետ կը տարուին Կարին: Ճամբուն վրայ ծեծը, խոշտանգումը, առեւանգումն ու սպանութիւնը անպակաս էին հայոց գլուխէն: Թուրք ասկեարները Ղարահամզա գիւղին մէջ կը տանին Աշոտ Ղազարեանի հայրը՝ Մեսրոպը, որ ալ չի վերադառնար: Աշոտի մայրը՝ Սաթենիկ առանձին կը մնայ իր վեց երեխաներով: Թուրքերը հայոց կարաւանը կը քշեն յառաջ ու Կարին հասնելով անոնք հայ գաղթականները կը խցկեն զօրանոցի մը մէջ: Բարի թուրք մը կը խղճայ Աշոտի վիճակին վրայ եւ զայն իր տունը կը տանի, որուն կինը հինգ օր կը հոգայ անոր: Թուրքը խղճալով Աշոտին ծնողքէն բաժնուելուն, մօրը կը վերադարձնէ զայն, որ թէեւ կը միանայ ընտանիքին, սակայն կարաւանին հետ կրկին գաղթի ճամբան կը բռնէ, այս անգամ արդէն դէպի սովետականացած Հայաստան: Երասխ գետի ափին, Խորհրդային Հայաստանի սահմանին մօտ թուրք ոստիկան-զինուորները կը պատրաստուին վերջին կոտորածը իրագործել գաղթականները բնաջնջելու համար: Յանկարծ թրքական զինուորներու ուրիշ խումբ մը կը հասնի այդ վայրը եւ արգելք կը հանդիսանայ անոնց: Հայ բռնագաղթուածները կը փրկուին ստոյգ մահէ: Անոնք գետը անցնելով կը մտնեն արդէն Խորհրդային Հայաստանի Թուրքիոյ սահմանակից Մարգարա գիւղը, ուր տեղւոյն հայոց կողմէ կը դիմաւորուին եւ կը հիւրասիրուին: Անոնք այլեւս փրկուած էին…:
Գիրքին մէջ անկէ ետք կը շարունակուի հեղինակին խորհրդային շրջանի սկզբնական տարիներու յուշագրութիւնը:
Թուրքերու իրագործած Հայասպանութիւնը 1915-1923 թուականներուն կատարուած չէ միայն Հայաստանի արեւմտեան հատուածին, Կիլիկիոյ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Պետութեան սահմաններուն մէջ, այլ նաեւ տեղի ունեցած է ուր որ թուրք զինուորը իր պիղծ ոտքը կոխած է, ներառեալ՝ Հայաստանի արեւելեան հատուածին, Վրաստանի զանազան շրջաններուն եւ Պարսկահայքի մէջ: Այս իրականութեան մասին դժբախտաբար հայկական պատմագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայկական միջավայրին մէջ թիւրամացութիւն գոյութիւն ունի, քանի որ այդ մասին շատ քիչ խօսուած է:
Աշոտ Ղազարեանի յուշագրութիւնը այն հազուագիւտ վաւերագրութիւններէն է, որ կը մատնանշէ թուրքերու Հայաստանի աւրեւելեան հատուածը թափանցելուն եւ իրենց վայրագութիւնները հոն կիռարելու: Այս տեսակի թրքական յարձակումներուն զօրաւոր ապտակ մը տրուեցաւ Սարդարապատի Ճակատամարտի յաղթանակով՝ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական տեսակէտէն: Թէեւ անկէ ետք թուրքերը կրկին յարձակումներ գործեցին Հայաստանի արեւելեան հատուածին վրայ, սակայն հայութիւնը կարողացաւ գոյատեւել ու բարգաւաճիլ:
——————