Ինքնութեան Հարցը
Բնազանցական մտածելակերպով կարելի չըլլար ըմբռնել, թէ՝ նոյն անհատը կրնայ միաժամանակ՝ ազգայնական ու միջազգայնական ոգի ունենալ։ Դիալեկտիկ մտածելակերպը կարելի կը դարձնէ այս մէկը։ Այս հարցին տուն տուող առիթը եղաւ, վերջերս վախճանեալ պատմագէտ Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի մէկ վկայութիւնը Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին մասին, որ կ՚ըսէ. «Գրական Շրջանակի գործունէութիւնը կ՚արտացոլացնէ անոր վեհօրէն մարդկայնական եւ լայնախոհօրէն ազգայնական ոգին»։
Ուրեմն, ազգութիւն եւ գաղափարախօսութիւն զիրար չեն ժխտեր, որովհետեւ՝ մէկը անհատին ազգային պատկանելիութիւնն է, միւսը՝ գաղափարական։ Այս երկու տարաբնոյթ պատկանելիութիւնները (ինքնութեան երկու տարբեր բաղադրիչները) կրնան ներդաշնակօրէն գոյակցիլ միեւնոյն անհատին հոգիին ու միտքին մէջ, քանի որ գաղափարականը՝ ընդհանրական է, տիեզերական, բոլոր բոլորին կը պատկանի, իսկ ազգութիւնը՝ յատուկ է (միայն մէկ ազգի կը պատկանի), ընդհանրական չէ, մասնաւոր պատկանելիութիւն է։
Լայնախոհ ազգայնականը չի մերժեր միւս ազգերը, իսկ վեհոգի միջազգայնականը՝ ոչ միայն կ՚ընդունի միւս բոլոր ազգերը, այլեւ՝ կը հաւատայ այդ բոլորի եղբայրակցութեան…։
Իրարմէ տարբեր են սակայն նեղմիտ ազգայնականն ու սահմանափակ (ու բնազանցապաշտ) միջազգայնականը։
Նեղմիտ ազգայնականը այլամերժ է, այլատեաց ու մեկուսապաշտ։ Վեհոգի միջազգայնականին հետ ազգակից ըլլալով հանդերձ, զայն իրեն եւ նոյնիսկ՝ իր պատկանած ազգին «հարազատ»ը չի նկատեր։ Ինչ որ կը յանգի այն անհեթեթութեան, երբ ան իրեն ազգակից կը համարէ միայն իր կուսակիցները, եւ իր ըմբռնած «ազգ»ը կամ «ժողովուրդ»ը կազմուած կ՚ըլլայ՝ բացառապէս իր կուսակիցներով… եւ կը կարծէ թէ՝ ան որ չի՛ պատկանիր իր կուսակցութեան «հայ չէ»…։
Նոյնպէս, բնազանցական մտածելակերպի տէր նեղմիտ ու սահմանափակ միտքով միջազգայնականը, ազգութիւնը նոյնացնելով գաղափարականին հետ, այս անգամ ալ ինք՝ ազգութիւնը կը ներլուծէ գաղափարականին մէջ, եւ իր գաղափարականին չպատկանող հայերը իր հայրենակիցները չի նկատեր…։ Մինչդեռ ազգութիւնը ունի մէկ հայրենիք, որ աշխարհի երկիրներէն մէկն է միայն։ Գաղափարականը չունի յատուկ հայրենիք մը. ամբողջ աշխարհն է անոր հայրենիքը։
Ազգութեան հայրենիքը պատմական է, ոչ՝ պատահական, ոչ պարագայական, ոչ ժամանակաւոր ու ոչ փոփոխական. իր ուրոյն յատուկ մշակոյթով եւ մշակոյթի յատուկ բաղադրիչներով, նաեւ՝ ուրոյն քաղաքակրթութեամբ եւ իր ժողովուրդին յատուկ «պատմական յիշողութեամբ», առանց որուն չամբողջանար ժողովուրդի ինքնութեան համապատկերը։ Այլ խօսքով՝ պատմական նոյն յիշողութիւնը եւս ինքնութենական բաղադրիչ մըն է, որուն քիչ անդին պիտի անդրադառնանք առանձին։
Դրամատիրութիւնը իր ապազգային էութեամբ, ազգութեան բովանդակութիւնը կրճատեց ժողովուրդին պետութեան մէջ, եւ միայն պետութիւնը համարեց հիմքը ազգութեան, ստեղծելով Ազգ-Պետութիւն կոչուած ձուլարանը, որուն մէջ ներլուծուեցան ազգեր, կրօններ եւ մշակոյթներ, պահպանելու համար գաղութարարական եւ իմփերիալիստական ու կայսերապաշտական պատերազմներու գրաւում-զաւթումներով գծուած սահմանները՝ դրամատիրական փքուռոյց դարձած պետութիւններով, արժեզրկելու համար ազգային ինքնութեան բոլոր պատմամշակութային ինքնութենական բաղադրիչները, ներառեալ՝ պատմական յիշողութիւնը։ Որովհետեւ՝ այս ոչ-պատմական, այլ՝ տարատնկեալ (transplanted), ուրիշ բնիկ ժողովուրդներու արիւնին ու գանկերուն վրայ հիմնուած պետութիւններու եւ ժողովուրդներու հայրենիքը չէ այն հողը, որուն վրայ կանգնած են (ինչպէս՝ ԱՄՆ, Թուրքիա եւ Իսրայէլ…)։ Պարզ խօսքով, պետութեան մը հպատակութիւնը վերածեց ազգութեան, քանի որ այս երեքը զուրկ են ազգութենէ եւ միատարր ազգի մը ունեցած հին, արեւելեան ազգի բաղադրիչներէն (ներառեալ՝ հայրենիքի, պատմութեան եւ պատմական յիշողութեան բաղադրիչները)։ Բազմազգ, բազմակրօն ու բազմամշակոյթ «Ազգ-Պետութեան» (Etat-Nation, Nation-State) սահմաններուն մէջ ապրող տարբեր ազգերու պատկանող բոլոր բնակիչներու հպատակութիւնը կը կոչուի իբր ազգութիւն՝ երկրին անունով՝ պելճիքացի, զուիցերիացի, աւստրիացի, գանատացի…։
Ազգութեան հիմքն ու բովանդակութիւնը պետութեան մէջ կրճատելու այս դրամատիրական անբարոյականութիւնը եղաւ նաեւ՝ մեծագոյն անիրաւութիւն, պետութենէ զրկուած եւ անիրաւուած ժողովուրդներուն համար, որովհետեւ՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ, երկար տասնամեակներ տիրեց պետութենապաշտ ուղղութիւնը, ժողովրդապաշտ ուղղութեան փոխարէն, որ պետականազուրկ եւ գաղութացուած կամ հայրենազրկեալ ժողովուրդները անատակ կը համարէր՝ ունենալու միջազգային իրաւական անձնաւորութիւն, եւ հետեւաբար՝ վայելելու Միջազգային Հանրային Իրաւունքի ենթակայի (subject) կարգավիճակ, առանց որուն այդ ժողովուրդը կը զրկուէր միջազգային քաղաքական ու դատական ատեաններու դիմելու եւ լսելի դառնալու իրաւունքէն։ Իրաւական եզրերով՝ պետութենապաշտ ուղղութիւնը, փաստօրէն կը խափանէր ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման erga omnes իրաւունքին կիրարկումը, երբ ինքնորոշուելու կարիք ունեցած պետականազուրկ ժողովուրդը անատակ կը համարուէր դիմելու միջազգային դատական ու քաղաքական ատեաններու, եւ միակ բաց ճամբան զինեալ ազատագրական կռիւն էր (guerilla), որմէ զրկուած կը մնար նաեւ իր երկրէն արտաքսուած ժողովուրդը։
Բ. Աշխարհամարտին յաջորդեց երկբեւեռ հակակշռուած ու հաւասարակշռուած աշխարհակարգը՝ ամերիկեան Իմփերիալիզմի եւ Սոցիալիզմի ճակատներուն միջեւ։ 20-րդ դարու 60-70-ական թուականներուն, կարելի եղաւ կիրարկել ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, եւ տասնեակներով գաղութներ տիրացան իրենց անկախ պետութեան եւ անդամագրուեցան ՄԱԿ-ին, անոր նախկին անդամներուն թիւը բարձրացնելով 53-էն 100-է աւելիի։ Սակայն, Սովետ Միութեան ինքնալուծարումով, աշխարհակարգը դարձաւ միաբեւեռ՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի միահեծան ոստիկանապետութեամբ։ Եւ պետութենապաշտ ուղղութիւնը վերստին տիրական դարձաւ շուրջ քսանամեակ մը, մինչեւ՝ միաբեւեռ աշխարհակարգի մայրամուտը եւ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի արշալոյսը՝ միջ-ցամաքամասային BRICS (Պրազիլ, Ռուսաստան, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ) համախմբումի կազմութեամբ, որուն կառաշարին locomotive-ը Փութինեան Ռուսաստանն է, որ յաջողապէս վիժեցուց Սուրիոյ դէմ՝ Արեւմուտքի իմփերիալիստներու, Սիոնական պետութեան, փան-թուրքիզմի պետութեան եւ Սուէտական Ուահապիստական խաւարամտութեան շղթայազերծած համաշխարհային երրորդ պատերազմը, սկիզբը դնելով նոր դարաշրջանի մը՝ հակակշռեալ ու հաւասարակշռեալ, որուն մէջ միայն հնարաւոր կ՚ըլլայ կիրարկել ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշումի բոլորին պարտադիր (erga omnes) իրաւունքը։ Տարագիր Արեւմտահայութիւնն ու Արցախը կրնան օգտուիլ բազմաբեւեռ այս աշխարհակարգէն։
• • •
Հայ նեղմիտ, ոչ լայնախոհ կուսակցութիւններու տրամաբանութեամբ, երբ իւրաքանչիւրը ունի «իր հայութիւն»ը, ուրեմն կան մէկէ աւելի «հայ տարագիր ժողովուրդներ», ինչպէս որ կան մէկէ աւելի «Հայաստան»ներ եւ «Սփիւռք»ներ, եւ մէկէ աւելի հայու կերպարներ եւ տարագիր ու արտերկրի (տարաբնակ) հայերու հարիւրէ աւելի հպատակութիւններ։
Ասոնցմէ մին, նոյնիսկ չվարանեցաւ պնդելու, թէ՝ Զօրավար Անդրանիկ իր հերոսութիւնը եւ իր հայութիւնն ալ ստացած էր իր կուսակցութենէն, երբ Անդրանիկ կը պատկանէր իր կուսակցութեան։ Բայց երբ Անդրանիկ դուրս եկաւ իր կուսակցութենէն, դադրեցաւ հերոս եւ հայ ըլլալէ, պարպուեցաւ հայկականութենէ, կամ առնուազն՝ նուազ հայ մը դարձաւ… (Այսպիսի անհեթեթութիւն գրուած է 1927 թուին, Անդրանիկի մահուան առիթով, կուսակցութեան մը Աթէնք լոյս տեսնող օրկանին մէջ)։
Ազգութեան իրականութեան հետ այսպիսի անհեթեթութեամբ ու սակարկութեամբ վարուող կուսակցութիւն մը չի կրնար ըլլալ ճշմարիտ, գիտակից եւ անպայմանադիր ազգայնական կուսակցութիւն։ Եւ, այսպիսի կուսակցութիւն մը ունենայ նաեւ ինքնասիրահարութեան հոգեկան խախտումը՝ կուսակցութիւնը կը պատկերացնէ որպէս «ազգի փրկիչ», «ազգի պահապան հրեշտակ», եւայլն, եւայլն, եւայլն… եւ՝ ազգի գոյատեւումին երաշխիքը կը համարէ կուսակցութեան գոյատեւումը, որուն համար իր թափած ջանքերը համազօր կը համարէ ազգին համար թափուած ջանքերու… այսինքն՝ կը դառնայ ինքնանպատակ։
Սովետ Հայաստանի օրով, այսպիսի ինքնանպատակ կուսակցութիւն մը, չկրցաւ տեսնել կամ հաւկոյր դարձաւ չտեսնելու համար միսով-ոսկորով շօշափելի, իրական, պայծառ, ծաղկուն եւ հզօր այս հայրենիքը։ Ասոր փոխարէն, ան քարոզեց «հոգեկան հայրենիք»ի մը մասին, որ նոյնինքն՝ կուսակցութիւնն էր։ Ընթերցողը իրաւունք ունի չհաւատալու այս խօսքին, մանաւանդ եթէ նոր սերունդին պատկանող պատկանի մըն է։ Շուրջ 70 տարիներ առաջ, երբ տողերս գրողը պատանի մըն էր, ներկայ եղաւ ՀԵԸ-ի Զարեհ-Նուպար Ակումբին մէջ՝ Պէյրութի հին Խան-Անթուն-Պէյ թաղի, Վահէ Օշականի մէկ բանախօսութեան՝ «Հայրենիք» եւ «Հայրենասիրութիւն» նիւթին շուրջ։ Օշական բազմիցս կրկնած է «Հայրենիքը Ամէն Բանէ Վեր» լոզունգը (հետեւողութեամբ նացիական “Germania Über Alles” լոզունգին), եւ անգամ մըն ալ ըսած է. «Ես աչքս բացի եւ հայրենիքս Դաշնակցութեան մէջ գտայ»…։ Պատանին Օշականին հարց տուած է, թէ՝ հակասութիւն մը չկա՞յ կրկնուած լոզունգին եւ այս վերջին խոստովանութեան միջեւ. Դաշնակցութիւնը հայրենիքէն վե՞ր է, որ Դուք Ձեր հայրենիքը գտնէք կուսակցութեան մէջ։ Օշական կարճ ու կտրուկ պատասխանած է. «Ես խօսած ժամանակս՝ մտածելով բառերս չեմ գրաքններ»…։ Ուրեմն, Վահէ Օշական յայտարարած է պարզապէս այն, ինչ որ դրոշմուած էր իր ենթագիտակցութեան մէջ, թէ՝ Դաշնակցութիւնն է իր «հոգեկան հայրենիք»ը։ Եւ՝ Վահէ Օշական ընդունուած էր ոչ որպէս ստրկամիտ, հաճոյախօս կամ խնկարկու մտաւորական, այլ՝ իբր ըմբոստ, համարձակախօս եւ ազատախոհ մտաւորական։ Հապա ուրեմն, շարքային պարզամիտ դաշնակցականներու ենթագիտակցութեան մէջ… ինչե՜ր, ինչե՜ր… ի՜նչ անհեթեթութիւններ եւ առասպելներ դրոշմուած են կուսակցութեան քարոզչութենէն… եւ «յեղափոխական երգեր» որակուած երգերու անհեթեթութիւններէն։
Այս բոլորը կը խանգարեն մեր պատմական յիշողութիւնը միասնական դարձնելու ջանքերը։ Իսկ պատմական յիշողութիւնը ժողովուրդի մը ինքնութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է՝ ինքնութենական է։ Լիբանանցիները, օրինակ, չունին ինքնութեան հասարակաց կերպար, քանի որ չունին պատմական միեւնոյն յիշողութիւն, չունին՝ Լիբանանի ազգային պատմութեան միացեալ ու միասնական դասագիրք։ Այս բազմազանութիւնը կրնայ դրական դառնալ եւ հարստութիւն հանդիսանալ, եթէ բոլոր համայնքները համարկուին իրարու հետ, վերացնեն քաղաքական-թայֆէական ռեժիմը՝ համաձայն Լիբանանի սահմանադրութեան 95-րդ յօդուածի տրամադրութիւններուն։ Եթէ բոլոր համայնքները հրաժարին նեղմիտ թայֆէականութենէ (որ համազօր է նեղմիտ ազգայնականութեան) եւ որդեգրեն լայնախոհութիւնը եւ վեհոգի միջազգայնականութիւնը (այսինքն՝ էքիւմենիզմը կամ միջ-համայնքայնականութիւնը), պահպանելով հանդերձ իրենց ուրոյն կրօնական կամ ազգային դիմագիծը եւ մշակոյթը, ընդելուզումի ճամբով համարկուելով ու սերտաճելով իրարու հետ։
Այս տարի 35-ամեակն է Պերթրանտ Ռասելի Խաղաղութեան եւ Ժողովուրդներու Իրաւանց Միջազգային Հիմնարկին հիմնած Ժողովուրդներու Մնայուն Դատարանի 16 Ապրիլ 1984 թուին արձակած վճիռին՝ Հայ Հողային Դատին շուրջ։ Այս վճիռը դրական պատասխան տուաւ այն իրաւական հարցումին, թէ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան աշխարհացրիւ ու բազմահպատակ բեկորները կարելի՞ է իրաւականօրէն նկատել միաւորուած ժողովուրդ մը, որպէսզի օգտուի 1976 թ. Յուլիսի 4-ին, Ալճերիոյ մայրաքաղաքին մէջ գումարուած Վեհաժողովէն բխած Ժողովուրդներու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագրէն, որուն Յօդ. 3-րդը կ՚ըսէ. «Ամէն ժողովուրդ, որ արտաքսուած է իր հողէն, իրաւունքը ունի վերադառնալու անոր»։
Ուրեմն, Ժողովուրդներու Մնայուն Դատարանը վճռեց, թէ՝ այո՛, այդ բեկորները կը կազմեն հայ ժողովուրդ։
Իսկ Լելիօ Պասսոյի Ժողովուրդներու Ազատագրութեան Միջազգային Հիմնարկը, նոյն տարուայ Հոկտեմբերին, Վենետիկի մէջ, հրաւիրեց իրաւագիտական Միջազգային Սիմփոզիում մը, իրաւականօրէն՝ առաել եւս հիմնաւորելու համար դատարանին վճիռը։ Ուրեմն, այս տարին 35-ամեակն է նաեւ Վենետիկի Սիմփոզիումի վճիռին, որ կ՚ըսէ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորները կը լրացնեն Միջազգային Հանրային Իրաւունքին պահանջած չորս պատմամշակութային նախապայմանները, բայց կը մնայ որ լրացնեն նաեւ 5-րդը՝ «ժողովուրդ»ի կարգավիճակ ունենալու համար կազմակերպչական նախապայմանը։ Այսինքն, որ այդ բեկորները կազմակերպուին եւ կազմեն իրենց կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցը. այսինքն՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսը (ՏԱՀՔ)։
Ուշագրաւ է այն, որ լրացուած չորս պատմամշակութային նախապայմաններէն մէկն ալ՝ բոլորին ունեցած միեւնոյն պատմական յիշողութիւնն է։ Այս նախապայմանին կարեւորութիւնը կը յստականայ երբ յիշենք միւս երեք նախապայմանները։ Այդ երեքն են.
1) Անոնք կը խօսին ու կը գրեն իրենց ուրոյն նոյն մայրենի լեզուն, ունին նոյն գրականութիւնը եւ մշակոյթը։
2) Նոյն համոզումը ունին, թէ կը պատկանին միեւնոյն ուրոյն ժողովուրդին, որ տարբեր է միւս ժողովուրդներէն։
3) Ունեցած են դարեր տեւած հայրենիք եւ ուրոյն քաղաքակրթութիւն։
Ուրեմն, այս երեքի կարեւորութեան համազօր կարեւորութիւն ունի ինքնութեան բաղադրիչներէն՝ պատմական յիշողութիւնը։ Այսինքն՝ պատմական յիշողութիւնը խեղաթիւրել պատմաշինարարութեամբ, կը նշանակէ խեղաթիւրել ժողովուրդի մը ինքնութիւնը, դիմագիծը։ Արժանապատւութեան տէր նեղմիտ ազգայնականն անգամ պիտի չուզեր խեղաթիւրել Ազգին դիմադիծը՝ ինքնութիւնը։
• • •
Ժողովուրդներու ազգային ինքնութեան թիւ մէկ թշնամին տարատնկեալ պետութիւններն են՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի գլխաւորութեամբ։ Սովետ Միութեան ինքնալուծարումի վաղորդայնին, երբ ԱՄՆ դարձաւ միաբեւեռ աշխարհակարգի ոստիկանապետը, Ճորճ Պուշ աշխարհի ժողովուրդներէն պահանջեց. «Մոռնալ պատմութիւնը», «Մոռնալ պատմական իրաւունքները», «Համակերպիլ անցեալի պատմութեան կատարուած փաստերուն հետ»։ Այլ խօսքով, իր պատմական իրաւունքներուն վերականգնումին սպասող բոլոր ժողովուրդներուն ըսաւ՝ ոչ մէկ յոյս ունեցէք, որ միաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ ձեր ազգային հինցած եւ ժամանակավրէպ դարձած տենչերն ու երազանքները կրնան իրականանալ։
Այսինքն. Տարագիր Հայութեան եւ Տարագիր Պաղեստինցիներուն հասկցուց թէ իր երկու զինակիցները՝ Թուրքիան եւ Սիոնական Պետութիւնը կը վայելեն ԱՄՆ-ի պաշտպանութիւնը եւ թոյլ չի տար որ Թուրքիա տարանջատուի կամ Իսրայէլ կիսուի…։ Ասիկա՝ հասկնալի է։ Անհասկնալին այն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. նախագահը, նոյն օրերուն կը կրկնէր. «Պատմութիւնը ճշմարիտ կատեգորիա չէ… Պատմական իրաւունքների վրայ հիմնուած պահանջատիրութիւնը իռացիոնալ ռոմանտիկա է…»։ Ան կոչ կ՚ընէր՝ մոռնալ Արեւմտահայաստանը, Կիլիկիան, Արցախը եւ միւս բոլոր զաւթեալ հայկական հողերը։
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Պէյրութ
28 Յունուար 2019
Azad Khosk E-Magazin