Ռուսական լրատուական միջոցներուն տուած հարցազրոյցին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ քաղաքական կարգաւորում կարելի է գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ յիշեցնելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն առաջարկը:
« Լեռնային Ղարաբաղի հարցին քաղաքական կարգաւորումը կարելի է: Առաջարկները, որոնք մշակած են եւ կը շարունակեն մշակել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, կը մնան բանակցութիւններու սեղանին վրայ». ըսաւ Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուց, որ առաջարկներուն բովանդակութիւնը յայտնէ է:
« Անիկա Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայ շրջաններուն աստիճաբար ազատումն է՝ ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխիքները եւ նախքան որոշուի Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը, կ’ապահովուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ յուսալի կապը».նշեց Լաւրով:
Անոր կարծիքով՝ ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութինները կ’օգնեն աշխուժացնելու քաղաքական գործընթացը:
« Վերջին ժամանակները քննարկուող բոլոր պայմանաւորուածութիւնները կ’ենթադրէին առաջին փուլին հինգ շրջաններու ազատում՝ միւս երկու շրջանները պահպանելով երկրորդ փուլին». յայտնեց Լաւրով:
Լաւրովի համաձայն՝ երկրորդ փուլին պիտի մնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը:
Ըստ առաջարկներուն, առաջին փուլին նաեւ պիտի ապահովուի հաղորդակցութիւնը՝ տնտեսական կապերը, փոխադրութեան շփումները, ինչպէս նաեւ խաղաղապահներու տեղակայումը, որոնք պիտի երաշխաւորեն շրջանին անվտանգութիւնը: