ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- «Ամերիկայի Ձայն» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ նշեց, որ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ոլորտին մէջ ճիշդ ռազմավարութիւնը փոքր քայլերով յառաջ շարժիլն է՝ ընդգծելով, որ պետական ծառայութենէն դուրս եկած է արդէն եւ այս մէկը բացառապէս իր սեփական տեսակէտն է:
Ան յայտնեց, թէ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները այս առումով ճիշդ մարտավարութիւն կը կիրառեն։
«Նիկոլ Փաշինեան նոր սերունդը կը ներկայացնէ եւ ան ընտրուած է նոր սերունդին կողմէ: Կը կարծեմ, որ Հայաստանի քաղաքացիները զինք ընտրած են, որովհետեւ կը փափաքին նոր մօտեցումներ տեսնել երկրի կեանքի բազմաթիւ ոլորտներուն մէջ», ըսաւ դեսպանը:
Նոյն ժամանակ, նախկին համանախագահը յայտնեց, թէ Փաշինեանի համար Արցախի հակամարտութեան հարցը աւելի բարդ խնդիր է: «Երկար տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հայաստանի առաջնորդը Ղարաբաղէն չէ, ուրեմն ան պէտք է շատ զգոյշ ըլլայ, արմատական փոփոխութիւններու չդիմէ, այլ հարցին քայլ առ քայլ մօտենայ», ըսաւ ան:
Վերջին զարգացումները, ներառեալ՝ ընթացող երկխօսութիւնը եւ շփման գիծին վրայ բախումներու կրճատումը Հոկլընտը զգոյշ լաւատեսութեան առաջնորդած են, որ սակայն կը շեշտէ, թէ լուրջ բեկում պէտք չէ սպասել։ «Այսօր բանակցային սեղանին վրայ գտնուող «Լաւրովի նախագիծ»ը կողմերէն ոչ մէկուն հաւանութեան արժանացած է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ առաջարկուած ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման փաստաթուղթը հիմնուած է Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ՝ որոշ տարբերութիւններով: Հիմնական տարբերութիւնը հանրաքուէի առաջարկն է, որ պէտք է կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն համար, ներառեալ տեղահանուած ատրպէյճանցիներուն: Պատճառը, որ երկու կողմերը դեռ չեն ընդունած այս նախագիծը, այն է, որ հանրաքուէի ժամկէտները ամրագրուած չեն եւ թէ՛ Երեւանը, թէ՛ Պաքուն կը փափաքին, որ այդ հանրաքուէին համար ստոյգ ամրագրուած ժամկէտներ սահմանուին», բացատրեց Հոկլընտ:
Ըստ դեսպանին՝ բացի կողմերուն միջեւ եղած լուրջ անհամաձայնութիւններէն, տարածաշրջանին մէջ կան ուժեր, որոնք հետաքրքրուած չեն Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումով:
«Իրական հարցն այն է, թէ արդեօք տարածաշրջանի տէրութիւնները հետաքրքրուած են այս հարցի կարգաւորումով: Կը կարծեմ, որ Իրան հետաքրքրուած կրնայ ըլլալ, սակայն արդեօք Ռուսիա կը փափաքի՞, որ անիկա կարգաւորուի։ Այս հարցումին պատասխանը յստակ չէ», նկատել տուաւ ան:
Ըստ Հոկլընտի՝ Մոսկուայի մէջ կան ուժեր, որոնք կը կարծեն, որ Արցախի հարցի կարգաւորման պարագային պիտի կորսնցնեն կողմերուն վրայ ազդեցութեան կարեւոր լծակը:
«Լաւրովի նախագիծ»ին վերա-բերեալ Հոկլընտի յայտարարութեան մասին «Թերթ»ի հարցումին պատասխանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան 22 Փետրուարին ըսաւ. «Որեւէ փաստաթղթի շուրջ բանակցութիւններ չեն տարւում, ինչի մասին բազմիցս շեշտել ենք»: