ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, պատասխանելով Արցախի ռուս խաղաղապահ զօրակազմի թիւի հաւանական ընդլայնման մասին եւ Արցախի կարգավիճակին վերաբերող հարցումներու՝ ըսաւ. «ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն աշխատանքը կը շարունակուի»:
Ան չմեկնաբանեց Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին կողմերը գնահատած էին Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, պատրաստակամութիւն յայտնած էին շարունակելու ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ թափուող ջանքերը եւ խոստացած էին Արցախի վիճակը կայուանցելու շուրջ ծրագիր մը մշակել:
Զախարովա նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 5-6 Մայիսին աշխատանքային այցելութիւն պիտի տայ Երեւան, իսկ 10-11 Մայիսին՝ Պաքու:
«Բանակցութիւններ նախատեսուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ: Հաղորդակցութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի հանգամանօրէն քննարկել երկկողմանի եւ շրջանային համագործակցութեան հարցերու ընդարձակ շրջանակ մը, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը», նշեց Զախարովա:
Ըստ անոր՝ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ յատկապէս Արցախի վերաբերեալ կողմերուն յայտարարութիւններուն վրայ: