Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած է Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Նախարարները շահագրգռուածութիւն յայտնած են կացութեան կայունացման հարցին մէջ եւ հիմնական ուժերուն կոչ ուղղած են ապահովելու Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութիւնն ու կարգ ու կանոնը: