ԵՐԵՒԱՆ.- Ըստ «Ազատութիւն» կայանին, 8 Մայիսին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հանդիպումը, որուն ընթացքին վերջինը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը կարեւոր նշանակութիւն ունի տարածաշրջանային կայունութեան համար։
«Մենք քննարկեցինք «3+3» ձեւաչափով համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները: Շնորհակալ ենք այս հարցին մէջ Ռուսիոյ աջակցութեան համար», յայտնեց ան:
Լաւրով դիտել տուաւ, որ տարածաշրջանի երեք երկիրները եւ անոնց երեք դրացիները ներառող «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային, սակայն վայրը տակաւին չէ ճշդուած։
«Առաջին հանդիպումը արդէն տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ, մեր վրացի գործընկերները չկրցան մասնակցիլ, բայց մենք կ՛ընդգծենք, որ միշտ ուրախ կ՛ըլլանք իրենցմով», ըսաւ Լաւրով։