Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեամբ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել այսօր՝ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2020-ին, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցան: Անոնք այլ հարցերու կողքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը:
Պորել, Լաւրովին փոխանցեց 12 հոկտեմբերին(երէկ) Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին արդիւնքները:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ: