ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կասկած չունի, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ փոխվստահութեան, ռազմավարական գործընկերութեան եւ սերտ գործակցութեան ոգիին համապատասխան: Լաւրով այս հաստատումը կատարեց պատասխանելով ռուս լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Ռուսիա յաջողա՞ծ է պահպանել ջերմ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ նկատի ունենալով Արցախի հակամարտութեան մէջ Հայաստանի համար անբարենպաստ ելքը:
«Մեր երկիրը միշտ պատրաստ է ձեռք մեկնել եղբայրական հայ ժողովրդին: Այս իրողութեան վկայութիւնն է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի 2020ի աշնան ռազմական գործողութիւններու դադարեցման եւ գործարկել տարածաշրջանին մէջ իրադրութիւնը կարգաւորելու գործընթացը», պնդեց Լաւրով:
Նախարարը նաեւ ընդգծեց, որ Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուիր Արցախի հարցով, որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ կայ աննախադէպ աշխուժ եւ վստահելի քաղաքական երկխօսութիւն:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատասխանեց հայ լրագրողի մը՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցումին:
Լրագրողը նշեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները այսպէս կոչուած «վերանորոգման աշխատանքներ»ու անուան տակ կազմաքանդած են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գմբէթը՝ նպատակ ունենալով փճացնել եկեղեցւոյ հայկական ճարտարապետական տեսքը եւ խախտած են ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը՝ յառաջ բերելով հակագիտական թէզեր Արցախի հայկական եկեղեցիներուն վերաբերեալ:
«Պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ պարբերաբար կը քննարկուի մեր հաղորդակցութիւններուն մէջ՝ թէ՛ Պաքուի, թէ ալ Երեւանի հետ: Անիկա մասնաւորաբար քննարկուած է Մայիսի առաջին կիսուն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարած այցելութիւններուն ընթացքին: Մենք հանդէս կու գանք շրջանին մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութեան շուտափոյթ կազմակերպման օգտին, կ՛աշխատինք ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ, համանախագահներուն կողմէ Ապրիլին որդեգրուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըուի. «Կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը ցանկին վրայ է այն հարցերուն, որոնք Ատրպէյճանէն եւ Հայաստանէն կը պահանջեն լրացուցիչ ջանքերու գործադրութիւն»», ըսաւ Զախարովա: