ՀԵԼՍԻՆՔԻ, «Պի.Պի.Սի.».- Երկուշաբթի, 16 Յուլիսին, Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի միջեւ վեհաժողովը:
Մինչ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երկու ժամուան հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ խորհրդակցութիւնները «հոյակապ» կերպով ընթացածն, սակայն անկէ ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Թրամփի քանի մը յայտարարութիւնները խիստ քննադատութեան արժանացան։
Արդարեւ, Թրամփ անգամ մը եւս պնդեց, թէ անիհմն կը գտնէ իր երկրին գաղտնի սպասարկութիւններուն այն պնդումները, թէ Ռուսիա միջամտած է Միացեալ Նահագներու նախագահական ընտրութիւններուն, որովհետեւ… Փութին հերքած է այդ պնդումները։
Հանրապետական եւ դեմոկրատ ծերակուտականներ՝ Քրիս Մըրֆի, Մարք Ուորնըր, Ճեֆ Ֆլէյք, Լինզի Կրեհեմ, Էլիզապեթ Ուորըն, Թիմ Քէյն, Պիլ Նելըս եւ ուրիշներ խստօրէն դատապարտեցին եւ «ամօթալի» եւ ազգային շահերուն վնասակար համարեցին Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութեանց գործունէութիւնը օգտագործելու եւ Մոսկուայի կողքին կանգնելու նախագահին կեցուածքը։
Իր կարգին, նախագահի նախկին թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն հարց տուաւ, թէ նախագահը արդեօք գիտէ՞, թէ «որ խումբէն կը խաղայ», հաւանաբար ակնարկելով մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փութինի կողմէ Թրամփին նուիրուած ֆութպոլի գնդակին։
Քայլ մը անդին երթալով, «Սի.Այ.Էյ.»ի նախկին տնօրէն Ճան Պրենըն «դաւաճանութիւն» որակեց Թրամփի նորագոյն խայտառակութիւնը։
Յիշեցնենք, որ 13 Յուլիսին, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը, անսալով յատուկ դատախազ Ռապըրթ Միւլըրի դիմումին, 2016-ին նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութեան վերաբերեալ ընթացող հետաքննութեան ծիրին մէջ նոր մեղադրանք ներկայացուցած էր Ռուսիոյ 12 գաղտի գործակալներու դէմ: Անոնք կը մեղադրուին Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութեան համակարգչային ցանցին դէմ կայքահէնային յարձակում կատարելու, այդ տարբերակով գաղտնի տեղեկութիւններ ստանալու եւ զանոնք հրապարակելու յանցանքով:
Այս հրապարակումէն ետք բազմաթիւ քոնկրեսականներ, ներառեալ Թրամփի կուսակիցներ, կոչ կատարած էին, որ Թրամփ ջնջէ Փութինի հետ հանդիպումը:
Յատկանշական է, որ Փութին-Թրամփ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին գրեթէ անտեսուեցաւ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն առաջնորդած՝ Խրիմը Ուքրանիայէն անջատելու քայլը, մինչ Թրամփ շարունակաբար կ՛արտայայտուէր Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու մասին, առանց քննադատական խօսք մը ուղղելու Մոսկուայի հասցէին։ Ան Մոսկուայի հետ յարաբերութեանց վատթարացման պատասխանատու համարեց ամերիկեան նախկին կառավարութեանց «ապուշ» կեցուածքները։
Միւս կողմէ, Լաւրով ողջունեց այն իրողութիւնը, որ երկու երկիրները սկսած են «հանգրուանային դիւանագիտական ու զինուորական հաղորդակցութիւններ ունենալ»ու, միաժամանակ ՆԱԹՕի անցեալ շաբթուան վեհաժողովը եւս «հոյակապ» որակելով: Այդ ժողովին ընթացքին Թրամփ խստօրէն քննադատած էր Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Փութինին թշնամի կը նկատէ՞, Թրամփ ըսաւ, որ կը նախընտրէ «լաւ մրցակից» մը նկատել զինք, հակառակ անոր, որ ան քանի մը օր առաջ իր հակառակորդներուն շարքին դասած էր Եւրոմիութիւնը։