ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս».- Միջազգային ընտանիքը պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկէ՝ Միջին Արեւելքի մէջ եւ Ափրիկէի հիւսիսը քրիստոնեաներու հետապնդումները կանխարգիլելու համար, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ան նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցին այս նպատակով ունին բազմաթիւ միացեալ նախագիծեր եւ ԵԱՀԿի ու ՄԱԿի հարթակներուն վրայ կը կատարուի յատուկ համախմբում՝ ուղղուած քրիստոնեաներու աջակցութեան:
«Անոր կը մասնակցին Վատիկանի, Հայաստանի, Հունգարիոյ, Պիլոռուսի, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու գործընկեր արտաքին գործոց նախարարները, որոնք վտանգ կը տեսնեն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու հետագայ բնական, հանգիստ եւ անվտանգ կեանքին համար: Անոնցմէ հարիւր հազարաւորներ փախուստ տուած են, երբ այնտեղ «ժողովրդավարութիւն» հաստատած են: Նախ Իրաքի մէջ, ապա Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ: Յատկապէս քրիստոնեայ բնակչութիւնը կը տառապի սուրիական տագնապէն: Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը քրիստոնէութեան բնօրրաններէն է: Անհրաժեշտ է ձայն բարձրացնել, որպէսզի միջազգային ընտանիքը ո՛չ միայն ուշադրութիւն դարձնէ այս հարցին, այլ նաեւ յստակ քայլերու ձեռնարկէ քրիստոնեաներու հետապնդումները կանխարգիլելու համար», ըսաւ Լաւրով: