ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Պատասխանելով հակահրթիռային համակարգեր Սուրիոյ ծախելու մասին հարցումի մը՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ այդ գծով որոշում չէ տրուած տակաւին։
Ան նշեց. «Հակառակ անոր որ մենք ամերիկացիները եւ եւրոպացիները այդ արկածախնդրութենէն զգուշացուցինք, պէտք է պատրաստուիլ Սուրիոյ մէջ սադրանքներու կրկնութեան»:
Իր կարգին, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Սուրիոյ դէմ արեւմտեան հարուածները վատթարացուցին կացութիւնը»: