ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, նախագահութեամբ դատաւոր Ճոան Տոնահիուի, հրապարակեց «Հայաստանը ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով հրատապ միջոցներ սահմանելու Հայաստանի դիմումի վերաբերող որոշումը: Առաջին ալիքի «Լուրեր»էն հաղորդուեցաւ, որ Լա Հէյի դատարանը պահանջեց Ատրպէյճանէն կանխել հայերու նկատմամբ ցեղային ատելութեան տարածումը:
Ըստ որոշման առաջին կէտին` Ատրպէյճան պէտք է բռնութենէ պաշտպանէ 2020ի Արցախեան պատերազմին կամ անկէ ետք գերի ինկած անձերու անվտանգութիւնը եւ երաշխաւորէ անոնց հաւասարութիւնը օրէնքի առջեւ, միջոցներու ձեռնարկէ ծագումով հայերուն նկատմամբ ցեղային ատելութեան տարածումը կանխելու համար, ներառեալ պաշտօնեաներու եւ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու կողմէ, ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու` կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմի եւ պղծման բոլոր գործողութիւնները, որոնք կատարուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ, որոնց կարգին եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի այլ վայրերու, յուշարձաններու, բնութեան վայրերու, գերեզմաններու եւ այլ կոթողներու:
Դատարանը կողմերուն կոչ կʹուղղէ՝ ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կը դժուարացնեն դատարանի աշխատանքը:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 16 Սեպտեմբեր 2021ին դիմում կատարեց ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին` Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ` Պաքուն մեղադրելով ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային ուխտերու դրոյթները խախտելու մէջ: