ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հայերէն թերթ մը, որպէս խորագիր, ընտրած էր հետեւեալ նախադասութիւնը.«ՓՈՒԹԻՆԸ, ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ ԵՒ ԱԼԻԵՒԸ, ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՍՆՕՐԵԱԿԻՆ»:
Առաջին հայեացքով՝ թերեւս ոչ ոք պիտի նշմարէ նախադասութեան թերութիւնները:
— Թերութի՞ւն… Ի՞նչ թերութիւն. «նորմալ» նախադասութիւն է, մաքո՜ւր հայերէն է…,– պիտի հակաճառեն ինծի շատ-շատեր:
Բա՜յց…
Ահա՛ կը մատնանշեմ այնտեղ 2 կարեւոր սխալներ.
ա) Նախադասութեան մը ենթակային ու ստորոգիչին միջեւ բացարձակապէս ՍՏՈՐԱԿԷՏ ՉԻ ԴՐՈՒԻՐ: Վերի նախադասութիւնը ունի երեք ենթակայ՝ Փութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ, իսկ ստորոգիչն ալ «հանդիպին» բայն է: Ուրեմն՝ հարկ էր ստորակէտը ջնջել վերջին ենթակային քովէն:
բ) Նշանաւոր կամ հանրածանօթ դէմքերու անունները ուղղական հոլովով գրուելու պարագային յօդ չեն առներ: Վերի նախադասութեան մէջ, ընդհակառակն, որոշիչ «ը» յօդ փակցուեր է երեք անուններուն ալ…:
Եզրակացնենք: Թերթին ընտրած խորագիրը պէտք է ըլլար սա՛պէս.«ՓՈՒԹԻՆ, ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՍՆՕՐԵԱԿԻՆ»: