ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Յաջորդ շաբաթ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպման ընդառաջ, պաշտօնական Երեւանը 1 Ապրիլին դարձեալ յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը սկզբունքային է:
Տարածաշրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիւ Ռաուի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցծ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ Երեւան կ՛ակնկալէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ծաւալած ռազմական գործողութիւնները ԵԱՀԿի օրակարգէն դուրս չեն ձգեր Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
«Ինչպէս գիտէք, Ադրբեջանը որոշակի առաջարկներ է փոխանցել հայկական կողմին, եւ մենք այս առաջարկները համարել ենք ընդունելի` միաժամանակ ասելով, որ դրանք այնուամենայնիւ ամբողջապէս չեն հասցէագրում խնդիրների ողջ օրակարգը: Եւ մենք մեր առաջարկներով ամբողջացրել ենք այս օրակարգը` աւելացնելով, որ մեզ համար սկզբունքային է Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքների եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը: Ակնկալում ենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահութիւնը առաջիկայում այունամենայնիւ կը կարողանայ կազմակերպել խաղաղ բանակցութիւններ այս օրակարգով եւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու նպատակով», նշեց Միրզոյեան:
Նոյն ժամանակ, Միրզոյեան հարցուց, որ արդեօք Պաքու համաձայնա՞ծ է քննարկել Արցախի կարգավիճակի հարցը կամ խաղաղութեան բանակցութիւններու սկսիլ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ծիրին մէջ, ինչպէս Երեւան առաջարկած է:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք ղարաբաղեան հիմնահարցը կը նկատեն լուծուած: Ընդ որում, յառաջիկայ հանդիպումէն առաջ՝ 31 Մարտին, Ատրպէյճանի նախագահը կրկնեց այդ դիրքորոշումը:
«Ուզում եմ վերահաստատել հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը սահմանագօտում ձեռնարկել կայունութեան բարձրացման քայլեր եւ այնուհետեւ ձեռնամուխ լինել նաեւ Հայաստան-Ադրբեջան սահմանազատման գործընթացի մեկնարկին: Ուզում եմ նշել նաեւ, որ Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ, ինչպէս գիտէք, ընթանում են բանակցութիւններ, խորհրդակցութիւններ տրանսպորտային եւ տնտեսական ուղիների ապաշրջափակման վերաբերեալ, եւ այստեղ եւս մենք հանդէս ենք եկել առաջարկներով եւ սպասում ենք Ադրբեջանի արձագանգին», դիտել տուաւ Միրզոյեան:
Անդրադառնալով այսօր Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին` Միրզոյեան յիշեցուց, որ նախորդ ամիս ցուրտ եղանակային պայմաններու մէջ, Ատրպէյճան երկու անգամ անջատեց Արցախի կազամատակարարումը, իսկ 24 Մարտէն ատրպէյճանական զինուժը ներխուժեց Ասկերանի շրջանը:
Միրզոյեան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ, հակառակ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու յորդորներուն եւ ռուսական կողմի հաւաստիացումներուն` ատրպէյճանական զինուժը առայսօր կը շարունակէ մնալ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:
Պաքուէն Երեւան Ռաու վստահեցուց, որ ԵԱՀԿը յանձնառու է նպաստել Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան։ «Զիս լրջօրէն կ՛անհանգստացնէ այն, որ տարածաշրջանին մէջ ապահովական իրավիճակը կը մնայ շատ փխրուն, եւ ասիկա իմ կարեւորագոյն ուղերձներէն մէկն էր հիւրընկալող կողմին: Մեր զրոյցը կեդրոնացաւ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի եւ այն ուղիներու բացայայտման վրայ, թէ ինչպէս ընդլայնել ԵԱՀԿի ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի հետ եւ Հայաստանի մէջ», ըսաւ Ռաու:
Ան նաեւ նշեց, որ իրենք կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան` հասնելու բոլոր հարցերու համապարփակ լուծման։ «Յոյս ունինք, որ յառաջընթացը հնարաւոր է, մասնաւորապէս` մարդասիրական հարցերու մէջ, օրինակ` պահուող անձերու ազատ արձակում, անհետ կորսուածներու մասին տեղեկութեան տրամադրում, ականազերծում, պատմական եւ մշակութային տարածքներու պահպանում», ըսաւ Ռաու:
Ան, սակայն, չանդրադարձաւ Մինսքի խումբի գործունէութեան: Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար ստեղծուած միջնորդական առաքելութիւնը վերջին պատերազմէն ետք` արդէն մէկուկէս տարիէ ի վեր, Հայաստան եւ Ղարաբաղ չէ այցելած:
Ռաու նաեւ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Ըստ Հայաստանի կառավարութեան՝ կողմերը անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղին, Հայաստան-Ատրպէյճանի սահմանին ստեղծուած իրավիճակին, կարեւոր նկատեցին հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ նշուեցաւ Արցախի բնակչութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը: