ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 156
Նոր տարուան առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ, նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերստին շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մէջ լուծելու իր տեսակէտը: Ալիեւ նաեւ ընդգծեց, թէ միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ վաղուց զօրակցութիւն յայտնած են լուծումի այս տարազին:
Ֆրանսայի առաջին սահմանադրութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած ազգային ինքնորոշման բանաձեւը, ժողովուրդներուն կը վերապահէ իրենց պատմական, աշխարհագրական, մշակութային, կրօնական աւանդութիւնները պահպանելու իրաւունք:Ազգային ինքնորոշումը միաժամանակ եղած է ու կը շարունակէ մնալ ձեւաւորուող որեւէ պետականութեան հիմքը :
Ազգերու ինքնորոշման եւ ազատութեան գաղափարով առաջնորդուեցան 19-րդ դարու եւրոպական ցամաքամասի յեղափոխութիւնները:
Ազգային ինքնորոշման իրաւունքը նաեւ արծարծուեցաւ Պերլինի խորհրդաժողովի ընթացքին՝ 1878: Միջազգային փոխյարաբերութիւններու մէջ հետզհետէ աւելի յաճախակի սկսաւ օգտագործուիլ ազգերու ինքնորոշում եզրը:
1896-ին, Լոնտոնի մէջ կայացող Երկրորդ Միջազգայնականը՝ ազգերու ինքնորոշումը ընդունեց իբրեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն արդար իրաւունքը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, ազգերու ինքնորոշման սահմանումը ստացաւ նոր իմաստ եւ խորք: Ան վերահաստատուեցաւ իբրեւ միջազգային իրաւունքի սկզբունք եւ ներառնուեցաւ ՄԱԿ-ի սահմանադրութեան մէջ, իբրեւ համընդհանուր խաղաղութիւնը ամրապնդելու կարեւոր ընտրանքներէն մէկը:
Ատրպէյճան, հասկնալի պատճառներով կը մերժէ Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքորոշման իրաւունքը ճանչնալու փաստը: Ընդհակառակը՝ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ոտնահարում կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի պետականութեան իրողութիւնը: Քայլ մըն ալ յառաջ երթալով, ատրպէյճանցիները դիտել կու տան, թէ հայ ժողովուրդը անկախացած Հայաստանով արդէն իսկ արտայայտած է իր ինքնորոշումը: Պաքուի կարծիքով, Ղարաբաղի հայերը առաւելագոյնը՝ Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ կրնան ստանալ ինքնորոշման իրաւունք:
Իրաւական տուեալներու քննութեան չեն դիմանար ազերիական հողեր ներխուժելու մասին, Հայաստանի դէմ Պաքուի ամբաստանութիւնները: Տասնամեակներ շարունակ քաղաքական, ցեղային, կրօնական եւ ազգային խտրականութեան ենթարկուած Ղարաբաղի ժողովուրդը բիւրաւոր նահատակներուն արեամբ վերականգնեց իր պատմական իրաւունքները…:
Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը միշտ ալ եղած են Հայաստանի անբաժան մասը: Սակայն, նախորդ դարու քսանականներուն, Կովկասի մէջ, ռուս-քեմալական ռազմա-քաղաքական շահերուն զոհ դառնալով,այդ տարածութիւնները բռնակցուեցան Ատրպէյճանին: Հայ ժողովուրդին դէմ դաւադրութեան այս իրողութիւնը, ինքնաբերաբար կը չքացնէ հողային ամբողջականութեան թէզին կառչելու Ատրպէյճանի պատճառաբանութիւնները: Հայ-ազերիական բանակցութիւններու ընթացքին, ոչ միայն անհրաժեշտ է յենիլ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին, այլեւ՝ շեշտել Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը բռնախլուած հող ըլլալու իրողութիւնը:
Միջազգային օրէնսդրութիւնը, ՄԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած հռչակագիրները սպառիչ բացատրութիւններ եւ գնահատականներ կու տան ժողովուրդներու ինքորոշման իրաւունքին մասին: Անոնք միահամուռ կը զգուշացնեն, թէ ձեւաւորուող պետութիւններու աշխարհագրական տարածութիւնները պէտք չէ դառնան ուժի, սպառնալիքի կամ բռնակցումի հետեւանք..: Միջազգային ընտանիքին համար դատապարտելի կը մնան այն պետութիւնները, որոնք տարբեր ճանապարհներ օգտագործելով, թշնամական քայլերու կը դիմեն, ուղղուած՝ մէկ այլ պետութեան կամ երկրի ազգային միասնականութեան, տարածքային ամբողջականութեան դէմ:
Հողային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը կամ տարածքային անձեռնմխելիութեան սկզբունքը նոյնքան եւ աւելի հայ ժողովուրդին վերապահուած իրաւունք է, քան՝ Ատրպէյճանին: Պատմականօրէն, Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը երբեք մաս չեն կազմած Ատրպէյճան կոչուող պետութեան, որ միայն քսաներորդ դարու երկրորդ տասնամեակին, թուրք-գերմանական, թուրք -բրիտանական դաւադրութիւններու գնով երեւցած է Կովկասի աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ:
Յատկանշական է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւններուն ընթացքին, պաշտօնական Ռուսիա՝ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջոցով, քանիցս կ’անդրադառնայ Սթալինի ժամանակաշրջանին գործուած սխալներուն: Լաւրով կը յիշատակէ Խրիմի հանրաքուէն, ուր վերջինիս բնակչութիւնը յստակօրէն արտայայտեց Ռուսիոյ միանալու իր ընտրանքը:
Խրիմի անկախացումը շատ անուղղակի,սակայն դիպուկ առիթ մը կ’ընծայէ վերագնահատելու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին ուժը: Արդեօ՞ք Մոսկուան, Հարաւային Օսեթիոյ, Աբխազիոյ եւ Խրիմի օրինակով, միեւնոյն դրսեւորումը կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով:
Փակագիծ մը բանալով, մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, թէ Խրիմի շուրջ Արեւմուտք- Ռուսիա դիւանագիտական զարգացումներու օրերուն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան (այդ օրերուն վարչապետ) քանիցս յիշատակեց Խրիմի թաթարներուն իրաւունքներուն մասին քանի մը հարիւր տարուան վաղեմութիւն ունեցող համաձայնագիրներու առկայութիւնը: Այնքան ալ պատահական եւ միամիտ չէին թրքական «վերյիշեցումները»: Մոսկուայի հակահարուածները չուշացան: Խրիմը Ուքրանիոյ կազմին մէջ մնալու պարագային, ՆԱԹՕ անմիջապէս՝ անդամակցութեան լայն բազկաթոռ մը պիտի նուիրէր Քիեւին, որովհետեւ Սեւ Ծովը անմիջականօրէն պիտի իյնար Արեւմուտքին եւ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական ազդեցութեան տակ: Այս շրջադարձին քաղաքական, տնտեսական հետեւանքները աղիտալի պիտի ըլլային նաեւ Հայաստանի համար…:
Այս զարգացումներէն անկախ, Հայաստանի Մայիսեան (2018) յեղաշրջումէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման շուրջ հակասական, յաճախ իրերամերժ յայտարարութիւններ կը լսուին հայրենի իշխանութիւններէն: Պետական պատկերացումի բացակայութիւնը ակնյայտ է, դժբախտաբար: Կասկածներ ունինք հաւատալու՝ ոմանք կը փորձեն վերադառնալ հողային զիջումներու փոխարէն՝ Ազրպէյճանի կազմին մէջ անորոշ կարգավիճակով լուծումի մը հին յանկերգին…: Այս ընտրանքը հետապնդող մեր հայրենակիցներուն ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղը կը մնայ Հայաստանի հանրապետութեան անվտանգութեան անկիւնաքարը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը չունի այլընտրանք, եթէ ոչ՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Իրապաշտ մօտեցում չի կրնար հանդիսանալ երկու կողմերուն (Հայաստան- Ատրպէյճան) գոհացում տուող տարբերակը…:
Ինքնորոշման իրաւունքը, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար ազատութեան, ապահովութեան եւ հաւասարութեան պայմաններու մէջ ապրելու արդար սկզբունք եւ երաշխիք է: Ատրպէյճանին կը մնայ հաշտուիլ ստեղծուած իրավիճակին հետ եւ հրաժարիլ իր անիրատես պահանջներէն: