ԵՐԵՒԱՆ.- Ղարաբաղեան տագնապի լուծումը կը բխի բանակցային հոլովոյթի մասնակցող բոլոր երկիրներուն շահերէն։ Այս մասին 22 Յուլիսին ԹԱՍՍի առաջին փոխտնօրէն Միխայիլ Կուսմանի հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին մասին խօսելով՝ մենք կը կարծենք, թէ ոչ միայն Ռուսիա, այլ նաեւ միւս պետութիւնները, որոնք մտահոգ են այս տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատումով եւ ամրապնդումով, պէտք է հանդէս գան յայտարարութիւններով, որոնք կողմերը պիտի խրախուսեն խաղաղութեան եւ զինադադարի հաստատման», ըսաւ Կրուշքօ։
Փոխնախարարը ընդգծեց, որ Ռուսիա ունի այն տեսակէտը, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ծիրին մէջ մշակուած պայմանաւորուածութիւնները պէտք է մնան բանակցային սեղանին։
«Ներկայիս ճգնաժամը պէտք չէ պատճառ դառնայ առաջին հերթին Ռուսիոյ տիտանեան ջանքերով ձեռք բերուած յառաջընթացի նահանջին, որովհետեւ անիկա մօտեցուցած է հակամարտութեան լուծման հեռանկարները», նշեց Կրուշքօ։
«Այս տագնապին լուծումը էապէս պիտի բարելաւէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը, ներառեալ բոլոր գործընկերներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւումը։ Մենք բոլորը կը յորդորենք՝ ընդունիլ նոյն դիրքորոշումը, մանաւանդ՝ Մինսկի խմբակի երկիրներուն», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը։