ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 17 Յունիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահին այն յայտարարութեան, թէ՝ «Հայաստան անկեղծ չէ խաղաղութեան հասնելու գործընթացին մէջ»՝ ըսաւ. «Ինչ յայտարարութիւններ էլ հնչեն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը շարունակում է գոյութիւն ունենալ, քանի դեռ չեն հասցէագրուել Արցախի հայերի անվտանգութեան եւ բոլոր իրաւունքների պաշտպանութեան բաւարար երաշխիքների եւ դրանից բխող Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի խնդիրները»:
Միրզոյեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը բազմիցս ապացուցած է իր պատրաստակամութիւնը` ջանքեր գործադրելու Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, նոյն ժամանակ աւելցուց, որ այս ջանքերը չեն կրնար ըլլալ միակողմանի, եւ Ատրպէյճան եւս պէտք է գործուն եւ անկեղծ քայլերու ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ:
«Այս համատեքստում պաշտօնական Բաքուից հնչող յայտարարութիւնները` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծուած լինելու մասին, առնուազն չեն հասկացւում կամ աւելին` տեղիք են տալիս կասկածի տակ դնելու Ադրբեջանի իշխանութիւնների` խաղաղութեան հասնելու մտադրութեան անկեղծութիւնը», Միրզոյեան։
Ըստ անոր՝ պնդումը, թէ ուժի կիրարկման իբրեւ արդիւնք այլեւս չկայ նոյնիսկ Արցախ, եւս ցուցանիշ չէ Ատրպէյճանի կառուցողականութեան։
ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի գոյութիւն չունենալուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յայտարարութիւններուն գծով Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ ոեւէ մէկը չէ կասեցուցած եւ առանց այդ մէկը սահմանող միջազգային հիմնարկի համապատասխան որոշման կարելի չէ կասեցնել համանախագահութեան միջազգային յանձնառութիւնը, «այն է` նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորմանը»:
«Այդ պարագայում անհասկանալի է, որ եթէ կողմերն իսկապէս ցանկութիւն ունեն անկեղծօրէն բանակցել եւ փոխադարձ ընդունելի լուծումներ գտնել, կայուն եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնել, ապա ինչո՞ւ այդ բանակցութիւնները չպէտք է տեղի ունենան հէնց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան ձեւաչափում», յայտնեց Միրզոյեան:
Իլհամ Ալիեւ նաեւ պնդած էր, որ հայկական կողմը կը ձգձգէ տարածաշրջանի ապաշրջափակման գործընթացը: Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան քննարկումներուն ներգրաւուած է բարեխղճօրէն: «Գործընթացը շատ աւելի սահուն եւ արագ կ՛ընթանար, եթէ չլինէին Ադրբեջանի յայտարարութիւններն արտատարածքային միջանցքի վերաբերեալ, որոնք որեւէ աղերս չունեն ինչպէս 2020թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ, այնպէս էլ յիշատակածս յայտարարութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւնների հետ: Ինչ վերաբերում է Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի եւ տարածաշրջանի տրանսպորտային ապաշրջափակման ուղիների նոյնացման ջանքերին, ապա դրանք ակնյայտօրէն չեն կարող ունենալ նոյն կարգավիճակը` առնուազն ելնելով 2020թ. Նոյեմբերի 9ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներից, որոնք յստակ սահմանում են Լաչինի միջանցքի կարգավիճակը»:
Հայաստան պատրաստ է տարածաշրջանային ապաշրջափակման` երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ ճանապարհներու նկատմամբ իրաւազօրութեան պահպանման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ծիրին մէջ, ըսաւ Միրզոյեան` աւելցնելով, որ երկու երկիրներու փոխվարչապետերուն` վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները ընթացած են այս տրամաբանութեամբ: