Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան ըսաւ. «Անցեալ տարուան սեպտեմբեր-նոյեմբերին տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք կողմերը կը գտնուին լիարժէք երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վերականգնման ճամբուն սկիզբը: Ռուսիան աշխուժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կարգաւորման համար: Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛ապահովեն խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ռուսական կողմը մասնակից է նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպի լուծման` նպաստելով լարուածութեան նուազեցման: Կանոնաւոր կապ կը պահենք Պաքուի եւ Երեւանի հետ»:
«Ինչ կը վերաբերի սահմանային կացութեան, ատիկա անմիջական առնչութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին: Հիմնական պատճառը հայ-ազրպէյճանական սահմանի միջազգային իրաւական ձեւակերպման բացակայութիւնն է, որ մնացած է տակաւին խորհրդային ժամանակներէն: Մեկնելով այն հանգամանքէն, որ նման հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ բանակցային եղանակով: Իբրեւ երկարաժամկէտ լուծում` կը տեսնենք հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատումը` ատոր յաջորդող սահմանագծումով: Ռուսիան պատրաստ է ամէն ձեւով աջակցելու ատոր», աւելցուց Զախարովա:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները կը զբաղին բացառապէս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին լուծումով: Ատիկա ամրագրուած է ԵԱՀԿ-ի իրենց լիազօրութեամբ: Ընթացիկ տարուան 13 ապրիլին համանախագահներու եռեակը ընդգծած է «վերջնական, համապարփակ եւ կայուն լուծման հասնելուն ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առումով Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղուած է առաջին իսկ կարելիութեան պարագային վերականգնելու քաղաքական երկխօսութիւնը բարձր մակարդակով` համանախագահներու հովանիին տակ», յիշեցուց Զախարովա:
Ան նշեց այն հարցերը, որոնց «լուծումը յաւելեալ ջանքեր կը պահանջէ»: «Անոնց շարքին են պատերազմական գերիներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձը` միջազգային մարդասիրական օրէնքի ծիրին մէջ, տագնապի գօտիին մէջ ականազերծման աշխատանքներ կատարելու համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններու փոխանակումը, Լեռնային Ղարաբաղ հասանելիութեան հարցին մէջ սահմանափակումներու ջնջումը, ներառեալ` միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու համար, կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը, տագնապէն վնասուած համայնքներու միջեւ ուղիղ հաղորդակցութիւններու եւ համագործակցութեան եւ մարդոց միջեւ վստահութեան ամրապնդման խրախուսումը», աւելցուց ան:
Զախարովա շեշտեց, որ ճիշդ «համանախագահներու ձեւաչափի ծիրին մէջ պէտք է տեղի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի քաղաքական լուծումը»: