Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձող քաղաքացիներուն թիւը 27 հազարի բարձրացած է:
Այսօր՝ չորեքշաբթի, ռուս խաղաղապահներուն ուղեկցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է 1400 քաղաքացի:
Ստեփանակերտի մէջ գործող կրթական հաստատութիւնները աստիճանաբար կը վերաբանան իրենց դռները: Ստեփանակերտի 8-րդ դպրոցը, աւելի քան 400 աշակերտներով, այսօր վերսկսաւ դասընթացքներուն: