ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Աշխարհի մէջ արուեստի կարեւորագոյն վաճառականներէն մէկը հանդիսացող Լերի Կակոսեան պարտադրաբար դատական պայքարի մը մէջ մտած է Քաթարի արքայական ընտանիքին դէմ, Փիքասոյի «Կնոջ մը կիսանդրին» ստեղծագործութեան պատկանելիութեան շուրջ։
«Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, թէ մինչեւ Փետրուար 7, Նիւ Եորքի «Մոմա» թանգարանին մէջ ցուցադրուելիք սոյն արձանը Փիքասոյի դստեր կողմէ, 2014ին, 42 միլիոն տոլարով ծախուած է Քաթարի շէյխին մէկ գործակատարին, պայմանաւ որ արձանը յանձնուի այս տարուան Փետրուարին։ Սակայն կէս տարի ետք, դուստրը որոշած է չեղեալ համարել այդ համաձայնութիւնը՝ վերադարձնելով գանձուած նախնական գումարը (6.5 միլիոն տոլար)։ Ապա, ան աւելի շահաւէտ պայմանագիր մը կնքած է Կակոսեանի հետ, որ քանդակին համար խոստացած է վճարել 105.8 միլիոն տոլար եւ ապա զայն վաճառած է ամերիկացիի մը:
Կակոսեան ցարդ յանձնած է ընդհանուր գումարէն 79.7 միլիոն տոլարը եւ կը պնդէ, որ առաջին պայմանագիրը որեւէ ուժ չունի։