Երեւանի մէջ այսօր մահացաւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ, Հայաստանի հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Լեւոն Անանեանը: Ան 66 տարեկան էր: Անանեան շրջանէ մը ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ:
Լեւոն Զաքարի Անանեան ծնած է 13 Հոկտեմբեր 1944-ին, Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղը: 1964-ին աւարտած է Կողբի միջնակարգ դպրոցը: 1968-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը:
Աշխատած է շարք մը պարբերականներու եւ միաժամանակ խմբագրած է «Մանկավարժ» թերթը: 1975-ին աշխատակցիլ սկսած է «Գարուն» գրական ամսագրի խմբագրութեան մէջ: 1990-ին ընտրուած է «Գարուն»ի գլխաւոր խմբագիր:
Լեւոն Անանեան 1992-ին հիմնադրած է «Ապոլոն» հրատարակչութիւնը, որ առաջին անգամ բնագիրէն թարգմանութեամբ հայ ընթերցողներուն ներկայացուց համաշխարհային գրականութեան շարք մը ստեղծագործութիւններ: 2001 թուականին ընտրուեցաւ գրողներու միութեան նախագահ եւ այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ օրս: Դասախօսած է Երեւանի պետական համալսարանի ժուռնալիստներու բաժնին մէջ: