Ճատրակի առաջատար վարպետ Լեւոն Արոնեան յաղթանակով սկսաւ Chess.com կայքի կազմակերպած Speed Chess Championship մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ համացանցի միջոցով:
Ըստ sport.news.am-ի՝ առաջին խաղին Արոնեան 20.5-6.5 հաշիւով յաղթեց Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ֆապիանօ Գարվանային եւ հասաւ քառորդ եզրափակիչ: Արոնեանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Շաքրիար Մամետեարով (Ատրպէյճանէն)-Անիշ Կիրի (Հոլանտայէն) զոյգի յաղթողը:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչ Զաւէն Անդրիասեան՝ 1/8 եզրափակիչին ուժերը պիտի չափէ հնդիկ Վիտիթ Կուճրաթիի հետ: Այդ մրցախաղը տեղի պիտի ունենայ 30 Օգոստոսին, Երեւանի ժամով երեկոյեան ժամը 8ին: Զաւէն Անդրիասեան մրցաշարքին մասնակցութեան իրաւունքը նուաճեց որակաւորման փուլին իբրեւ արդիւնք: