Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի հաւանութիւնը առնելէն եւ Ս. աթոռը տեղեակ պահելէն ետք, ընդունեց արհիապատիւ տէր Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Չօլաքեանի հրաժարականը Պոլսոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդի հովուական պաշտօնէն, ըստ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու կանոնագիրի կանոն 210ին:
Հետեւաբար, Ս. աթոռը Շաբաթ, 21 Մարտ 2015ին յայտարարեց, թէ սրբազան քահանայապետը վերջ դրաւ գերապայծառ հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանի՝ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ թեմին համար անուանուած առաքելական կառավարիչի պաշտօնին, եւ այսպիսով գործադրելի դարձաւ Պոլսոյ առաջնորդութեան իր պաշտօնը, որուն համար ընտրուած էր Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին կողմէ:
Այսու արհիապատիւ հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեան լիիրաւ առաջնորդն է Պոլսոյ հայ կաթողիկէ թեմին: