Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Այսպէս եթէ մօտենանք Լեւոն Շանթի գրական-ստեղծագործական հոլովոյթին, Պոլիսէն Կովկաս, Եւրոպա, ապա` կրկին նոր դիմագիծ ստացող եւ եռացող Կովկաս, հուսկ` Միջին Արեւելք, եւ հարց տանք, թէ ի՞նչ եղած են նոյն մարդուն զգացական, իմացական, գաղափարական եւ ընկերաքաղաքական ըմբռնումները` որպէս հետեւանք ժամանակի եւ մշակութային-քաղաքակրթական շփումներու, մշակութային ազդեցութիւններու, ընտրանքներու:
Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ Պոլիսը, ուր ծնած էր եւ հոն իր առաջին կազմաւորումը ստացած էր Լեւոն Շանթ, Հայաստան չէր, ինչպէս Հայաստան չէր Թիֆլիսը, բայց` այդ քաղաքներուն մէջ սկիզբ առաւ հայ կրթական եւ մշակութային զարթօնքը` իր զոյգ թեւերով եւ տարբերութիւններով, նոյն հասարակաց ենթահողի վրայ, բայց` տարբեր միջավայրերու մէջ: Այդ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին էր: Այն օրերուն, կարծէք, արեւելահայութիւն եւ արեւմտահայութիւն նուազ անջատուած էին, իրարմէ հեռանալու եւ հեռացնելու ազդակները նուազ գործօն էին: Պոլիսէն եւ Արեւմտահայաստանէն Գէորգեան Ճեմարան կու գային ուսանելու, արեւելահայ ուսուցիչներ կ’երթային Արեւմտահայաստան եւ Պոլիս, Պոլիսէն դերասաններ կու գային Կովկաս: Լեզուական տարբերութիւնը այսօրուան պէս շեշտուած չէր` որպէս բառամթերք եւ շարահիւսութիւն, մասնաւորաբար` որպէս ուղղագրութիւն: Մեծ դերասանուհին Պոլիսէն Կովկաս կու գար:
Պոլիսը իր ընկերաքաղական կացութեան բերումով, գտնուելով Եւրոպայի դռներուն, ըլլալով նաեւ բազմազգ-կոզմոպոլիտ քաղաք, ուր կային քաղաքին իրաւ տէրերը` յոյները, կային նաեւ մեծ թիւով եւրոպացիներ, կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցականներ: Գրականութիւնը, որոշ յապաղումով, մանաւանդ կը գտնուէր ֆրանսական վիպապաշտութեան եւ Մխիթարեաններու ազգային-պատմական վիպապաշտութեան ազդեցութեան ներքեւ: Բոլորին ծանօթ են շրջանի մեծ անունները, ինչպէս` Ալիշանի, Պետրոս Դուրեանի: Պոլիսը իր բնութեամբ, գեղեցկութիւններով, յիշատակներով, կը տրամադրէր վիպապաշտութեան: Արդէն, ինչպէս միշտ եւ ամէնուրեք, հայերէն սորվողը կը փորձուի բանաստեղծութիւն գրելու: Այդ ձեւով ալ հայ գրականութեան մէջ մուտք գործած է Լեւոն Շանթ: Օրինակ.
Ահա՜ ելաւ լուսինն արծաթ
մութ ամպերու ստուերէն,
ահա՜ նաւակն ալ գեղազարդ
մեր դրացի ժայռերէն:
Անո՜ւշ հովիկ,
փչէ՜ յուշիկ
ու բե՛ր ինծի
բիւր ժիր ալիք:
Քիչ մը երեւակայութեամբ մենք մեզ կը գտնենք Վոսփորի գեղատեսիլ ներշնչող մէկ անկիւնը: Հիմա ոչ ոք նման տողեր պիտի հրատարակէր` ո՛չ Պոլիս եւ ո՛չ այլուր:
Թէեւ բարձրանալու ցանկութիւնը, որ հետագային պիտի յատկանշէ Լեւոն Շանթի գործը, նոյն վիպապաշտ պարզութեամբ, կայ այդ շրջանի իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, բայց քիչ մը չափազանցութիւն կ’ըլլայ, եթէ ըսենք, որ անոնք ձեւով մը սկզբնաւորումն են իր թատերական երկերուն առանցքը կազմելու կոչուած գերանցման վարարող գաղափարին: Կը գրէ, «Վեր» խորագիրին տակ.
Էհէ՜յ, ես վեր թռչիլ կ’ուզեմ.
մաքուր է հոն, արձակ, ազատ.
հոն հովին դէմ ես կը վազեմ,
իբրեւ եղբայրն իր հարազատ.
ալեւորիկ լերան ցայտին
կ’ուզեմ թառիմ բազէէն վեր,
վերէն նայիմ ամպի կոյտին,
ուր կայծակներն են պահուըտէր:
Գիտեմ, վարէն այն վարանոտ
Խելօք մարդոց երամն ստուար`
«Ի՞նչ գործ ունի այդ խեւը հոդ»
պիտի ըսեն, նային իրար.
եւ թո՛ղ նային, հեգնեն ալ թո՛ղ
խելօք ծաղրովն իրենց անհամ.
Էհէ՜յ, միշտ վեր ես սրտադող
միշտ վե՜ր կ’ուզեմ, որ խոյանամ:
Այս եւ այլ բանաստեղծութիւններու մէջ Լեւոն Շանթ, իր ժամանակակիցներուն նման, անձնատուր կ’ըլլայ վիպապաշտ ապրումներու, առանձին եւ միակ ըլլալու հետեւանք` անհասկնալիութիւն կ’աղաղակէ, ինչպէս կ’ընէին ֆրանսացի վիպապաշտները, որոնց հետ բաղդատութիւնը պարզ է: Օրինակ, քառեակ մը` ԺԹ. դարու բանաստեղծ Ժերար տը Ներվալէն.
Ես խրթին եմ, այրին, անմխիթարը
Աքիթէնի իշխանը քանդուած աշտարակով,
Իմ միակ աստղս մեռած է, եւ վինս ճաճանչաւոր,
Կը կրէ սեւ արեւը մելամաղձութեան:
Je suis le ténébreux, le veuf, l’inconsolé,
Le prince d’Aquitaine à la tour abolie
Ma seule étoile est morte, et mon luth constellé
Porte le soleil noir de la Mélancolie.
Պէտք է նաեւ ըսել, որ Լեւոն Շանթի բանաստեղծութիւնները, արձագանգելով հանդերձ իր ժամանակի հոսանքին, մեծ նուաճումներ չեն: Անոնց մէջ կարելի է տեսնել ինքզինք եւ իր ուղին փնտռող գրագէտը: Նոյն ձեւով կրնանք գնահատել իր առաջին վէպերը, որոնք աւելի խտութիւն եւ հոգեկան նուաճում ունին` բաղդատած բանաստեղծութիւններուն: Ուշադրութեան արժանի է այն օրէն սկսեալ «իր հայերէնը» ստեղծելու փորձը, «կ’ուզեմ թառիմ», փոխան` «կ’ուզեմ թառիլ»-ի, որուն պիտի անդրադառնամ գրական լեզուի անխաթար պահպանման եւ ստեղծագործութեան յարաբերութեան պարագային, բաղդատուելով, օրինակ, ֆրանսական գրականութեան եւ թատրոնին:
Լեւոն Շանթի ստեղծագործական գրականութեան ուշագրաւ մասը կը կազմեն իր թատերական երկերը` իրենց նիւթով, բեմական կառուցումով, արուեստով, մարդկային հոգեվիճակներու եւ ցանկութիւններու տիպարային սրումով, բայց նաեւ` արդիականութեամբ, քանի որ մարդուն եւ ընկերութեան վերաբերող խնդիրները այժմէական են, ունին ընդհանրական բնոյթ, անոնց կը հանդիպինք անցեալի եւ ժամանակակից միջազգային գրականութեան մէջ` որպէս ընկերահոգեբանական կացութիւններ եւ մթնոլորտ, որոնք կ’առնչուին իշխանութեան, իշխանաւորին, զանոնք առաջնորդող գաղափարներուն եւ յարաբերութիւններուն: Առանց բացորոշ ըլլալու` անոնք կը յուշեն այն, որ ժամանակները յղի են նորի մը համար, որ դեռ յայտնի չէ: Բայց նաեւ կը վերադառնան ժամանակի շրջանակաձեւ թաւալման ընթացքին:
Յիշեցման համար թուենք Լեւոն Շանթի թատերական երկերը. «Եսի մարդը» ((1904), «Ուրիշի համար» (1906), «Ճամբուն վրայ» (1909), «Հին աստուածներ» (1909), «Կայսրը» (1916), «Շղթայուածը» (1918), «Ինկած բերդի իշխանուհին» (1921), «Օշին Պայլ» (1932):
Առաջին երեք երկերը դեռ չունին այն մեծ թատերական կառուցումները, որոնք պիտի յատկանշեն յաջորդող գործերը: Անոնք պատմական ժամանակաշրջանի հայ կեանքը յուզող խնդիրներ կ’արծարծեն, երբ ծաւալած էր հայոց ազգային ազատագրական պայքարը, ընկերային արդարութեան վարդապետութիւններ տարածուած էին բոլոր երկիրներու մէջ: Այս երեք երկերը կը թատերականացնեն անոնց մուտքը հայկական ընկերութեան մէջ, անհատի եւ հաւաքականի շահագրգռութիւններու բախման մասին կը վկայեն: Յաջորդ հինգ երկերը, ճիշդ է, իրենց բովանդակութեամբ պատմական են, ունին անցեալը եւ հայ ընկերութիւնը որպէս խորքի պատկեր, թոյլ տալով, որ հեղինակը ազատօրէն խօսի ժամանակակից ընկերութիւնը եւ մարդը յուզող հարցերուն մասին, սակայն անոնք պատմութեան վերծանումը չեն, իրապէս ապրած եւ գործած անձերու կեանքին եւ գործին չեն վերաբերիր: Վիպագիրը կամ թատերագիրը պատմաբան չէ, ան ազատօրէն կը վերաբերի դէպքերուն, որոնք կը կրեն իր միտքերը: Անոնք խորհրդանիշներ են, որոնցմով եւ որոնց շուրջ կը հիւսուին հեղինակի գաղափարները, աշխարհընկալումները, իր ժամանակին մասին դատումները եւ կը բերեն իր անձնական կենսափորձի արձագանգը: Այսինքն թատրոնի հում նիւթի պատմական տուեալները պատմութիւն չեն, պաստառ են, որուն վրայ հեղինակը, ինչպէս գեղանկարիչը, բառով եւ խօսքով կը փռէ իր գիծերը եւ գոյները, կ’ընէ իր ընկերային եւ ընկերահոգեբանական վերլուծումները: Պէտք է նշել, որ այդ ժամանակաշրջանին մեծապէս կը զարգանային ընկերաբանական եւ հոգեբանական գիտութիւնները` ընկերաբանականին մէջ ներառնելով անոնց յարաբերութիւնը տնտեսութեան հետ:
Առանց գրքունակ ըլլալու եւ մեծ հմտութիւն ցուցաբերելու, եթէ բեմի վրայ տեսած ըլլանք Հենրիկ Իպսենի «Սոլնես կառուցողը» թատրերգութիւնը, հրատարակուած` 1892-ին, եւ նոյն տարիներուն բեմականացուած եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ, Պերլին, Փարիզ, գաղափար մը կազմենք Լեւոն Շանթի ապրած ժամանակի գաղափարներու եռեւեփումին մասին: Անուններ, ինչպէս յիշեցի` Հենրիկ Իպսեն, բայց նաեւ` Ֆրետերիք Նիցչէ, Կնուտ Համսէն եւ ուրիշներ: Իպսենի հերոսը` Հալվարտ Սոլնես, կը մերժէ պարզապէս ճարտարապետ կոչուիլ, կը նկատէ, որ այդ բառը ընթացիկ է, եւ ինքզինք կը կոչէ կառուցող: Սերած ըլլալով հաւատացեալ ընտանիքէ մը` կառուցած է եկեղեցիներ, որոնց վրայ կը բարձրանար:
Բարձրացումը գերանցում է: Յիշել` Լեւոն Շանթի հերոսներու հոգիի «անհաս» բարձունքները: Ագուցուած պատումը եւ տռամը խռովիչ են: Սոլնեսի երազանքը խիստ յատկանշական է, կ’ուզէ նուաճել ամբողջական ազատութիւնը, ըլլալ ազատ Աստուծոյ պէս, բայց ինք Աստուած չէ եւ աշտարակէ մը կ’իյնայ ու կը մեռնի: Բաղդատել` «Հին աստուածներ»-ու Վանահօր եւ Աբեղային: Բացարձակի ձգտումը կարմիր թելն է Լեւոն Շանթի հերոսներուն, անոնք կոչուին` Գող Վասիլ, Օհան Գուրգէն, Հաննա, եւ նոյնիսկ` Թէոֆանօ, գինեպանի աղջիկ կայսրուհին:
Փակագիծ մը. գերանցումի այս ձգտումը իր արտայայտութիւնը գտած է նաեւ ֆրանսացի դասականներու եւ նորերու թատերական երկերուն մէջ: Քոռնէյի հերոսները այդպէս են, ընթացիկէն վեր, օրինակ` «Հորաս» երկին մէջ, երբ հայր Հորասի իմաց կու տան, որ մարտի մէջ իր երկու որդիներու մահէն ետք երրորդին երեքի դէմ մարտէն փախուստը արդարացնողներուն կը պատասխանէ` «թող մեռնէր»: Անձնականի գերանցումի օրինակ մը: Կամ` յունական թատրոնէն ժառանգուած Ժան Անույի «Անթիկոն»-ը, երբ հերոսը մարդոց ընթացիկ օրէնքին կը հակադրէ աստուածային օրէնքը:
Սեպտեմբեր 2017, Երեւան
(Շար. 2)