«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան: Տնօրէնութեան հետ անոր ունեցած զրոյցը յագեցած էր Հալէպի իրավիճակին, Սուրիոյ կրթական համակարգին, սփիւռքահայ մամուլին եւ արեւմտահայերէնի զարգացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ նիւթերով:
Շառոյեան անդրադարձաւ նաեւ միջինարեւելեան գաղութներու պատմութեան գրառման եւ այդ առաջադրանքի համար առնուելիք նախաձեռնութիւններու կարեւորութեան:
Յայտնենք, որ Լեւոն Շառոյեան Լիբանան կը գտնուի հրաւէրովը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` դասախօսելու համար Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող հայագիտական նիւթերու դասընթացքին հետեւողներուն: