Հայաստանի հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակէն առանց նոր կորուստներու դուրս գալու հրամայականը, բացառապէս սահմանադրական ճանապարհով քաղաքացիական պատերազմի վտանգէն խուսափումը եւ ներքաղաքական հակասութիւններու յաղթահարումը կը նկատէ:
« Քաղաքացիական պատերազմը թուրք-ազերիական դաշինքին մեծագոյն նուէրը ըլլալէ բացի, կործանարար պիտի ըլլայ թէ’ Արցախի, թէ’ Հայաստանի եւ թէ’ ողջ հայութեան համար:
Կ’ուզեմ յուսալ, որ ազգի ճակատագիրով մտահոգ կուսակցութիւնները, հասարակական-քաղաքական խումբերը, ուժային կառոյցները, մտաւորականութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչները եւ ընդհանրապէս պատասխանատուութեան զգացում ունեցող բոլոր ուժերը կը գործադրեն իրենց ողջ ազդեցութիւնը՝ նման աղէտալի հեռանկարէն խուսափելու համար». ըսուած է Տէր Պետրոսեանի յայտարարութեան մէջ: