Յարութիւն Իսկահատեան -Պէյրութ
Քաղաքական նպատակներու համար թուրքը իր կրօնքը՝ իսլամութիւնը քրիստոնեաներուն եւ մանաւանդ հայերուն պարտադրած է: Հայերը կրօնափոխ ընելու փորձը յաջողցնելու համար, թուրքերը լայնածաւալ հալածանքներ, ձերբակալութիւններ, բանտարկութիւններ եւ նոյնիսկ կոտորածներ կիրարկած են: Օսմանցի ղեկավարները կը ձգտէին իրենց ոչ-թուրք հպատակները թրքացնել եւ միեւնոյն ատեն հայոց ազատ ու անկախ պետութիւն մը հիմնելու երազը ընդմիշտ մարել:
Գրեթէ բոլոր վայրերու հայոց համար, 1915-ի բռնագաղթէն զերծ մնալու միակ միջոցը հաւատափոխ ըլլալն էր: Իրենց այրերուն նահատակուելէն յետոյ ողջ մնացած կիներէն ու աղջիկներէն ոմանք թրքական հարեմներու մէջ ծառայելու դատապարտուած էին: Յաճախ օսմանեան իշխանութիւնները անոնց իսլամանալ կ’առաջարկէին, իսկ անոնք յաճախ այդ առաջարկը կ’ընդունէին՝ չարչարանքներէ, անօթութենէ, ծարաւէ եւ անպատուութենէ զերծ մնալու համար: Եոհաննէս Լեփսիուս կը բացատրէ հայ աղջիկներուն եւ կիներուն մղձաւանջը բռնագաղթի ճանապարհին վրայ ու հաւատափոխութեան անոնց ստիպողական ընտրանքը. «Աքսորի ճամբուն վրայ, [հայ կիները, աղջիկներն ու մանուկները] … կը դիմէին դէպի ստոյգ մահ: … Երիտասարդ կիներն ու տասը տարեկանէ վեր մանկամարդ աղջիկները պէտք է սպասէին որ թրքական հարեմներու կամ քրտական գիւղերու մէջ արգելափակուին: Ուրեմն, փորձութիւնը շատ մեծ էր իսլամութեան անցնելով՝ խուսափելու համար մահէն ու անպատուութենէ»:
Թուրքերը հայոց կը պարտադրէին ստորագրութեամբ հաստատել իրենց յօժարակամ իսլամացումը՝ այսպիսով քօղարկելու համար անոնց իսլամացման մէջ բռնութեան առկայութիւնը: Այդուհանդերձ, 1909-ի Կիլիկիոյ Աղէտէն ետք, եւրոպական պետութիւններու ճնշումով, օսմանեան կառավարութիւնը ստիպուեցաւ հայոց՝ իրենց մայր հաւատքին վերադարձը արտօնել: Կառավարութիւնը սպառնաց իրենց քով իսլամացուած հայեր պահողները պատժել:
Իսլամ խուժանը երբ զգաց որ բռնի կրօնափոխութեան հետ առընչուած արգելքներ կան, մեծ ջանք թափեց հաւատափոխ հայերը ամուսնացնելու իսլամներու հետ: Մեծ Եղեռնի առաջին տարիներուն, այսինքն 1915-ին եւ 1916-ին, անոնք բանակ գացած հայ այրերուն կիներն ու աղջիկները բռնի կերպով ամուսնացուցին թուրքերու հետ: Միւս կողմէ, որբ կամ անտէր մնացած հայ տղաքը թլփատելէ յետոյ իսլամացուցին:
Բռնի իսլամացման օրինակներէն մէկն է Սամսոն քաղաքի հայոց պարագան: Բռնագաղթէն առաջ Սամսոնի կառավարիչը քաղաքին բոլոր հայերը ճաշի կը հրաւիրէ եւ անոնցմէ կը պահանջէ իսլամանալ: Ան նոյն օրը տարագրութեան հրամանը կ’արձակէ: Հաւատափոխուածները իրենց տեղերը կը մնան, իսկ միւսները կը բռնագաղթեցուին: Մարզուանի մէջ իսլամութիւնը ընդունող հայոց նոյնպէս կ’արտօնուի իրենց տուները մնալ: Ի սէր իրենց ընտանիքներուն եւ զաւակներուն՝ շատ հայեր հաւատափոխ կ’ըլլան եւ աքսորէ զերծ կը մնան, այն յոյսով որ խաղաղութիւնը հաստատուելէն յետոյ իրենց մայր հաւատքին պիտի վերադառնան:
Զիլէի մէջ թուրքերը նախ հայ այրերը կը տանին ու կը սպաննեն, ապա կը հաւաքեն կիները, աղջիկներն ու մանուկները, որոշ ատեն զանոնք բաց դաշտի մէջ անօթի ու ծարաւ կը թողուն, այնուհետեւ անոնց կ’առաջարկեն իսլամանալ: Բոլոր հայուհիները կը մերժեն առաջարկը: Թուրք ոստիկանները զանոնք իրենց զաւակներու աչքերուն առջեւ կը սուինահարեն մինչեւ մահ:
Մէկ ուրիշ պարագայ. երբ թուրքերը Յարութիւն Տորիկեան անունով հայու մը կը ստիպեն իսլամանալ, ան կը մերժէ՝ պատասխանելով. «Ես իմ տղայութենէս այդ հաւատքը ունեցած եմ, հիմա՞ է որ պիտի ուրանամ, երբ այլեւս ծեր եմ: Ճիշդ այս ժամուն ես կեանքը կը դրժեմ»: Այս հաստատակամութենէն կատղած օսմանցիները զայն իսկոյն կը տանին ու կը սպաննեն: Բիւրաւոր հայեր այս ձեւով մահը կամ բռնագաղթը կը նախընտրեն հաւատափոխութենէն՝ վերջինս համազօր նկատելով ազգուրացութեան կամ դաւաճանութեան:
Թուրքերը Կեմերէկի հայերէն երեսուն գեղեցիկ մանկամարդ աղջիկ կը զատեն ու զանոնք կը դնեն մահուան եւ իսլամանալու երկընտրանքին առջեւ: Բոլորն ալ հաստատ կը մնան իրենց հաւատքին վրայ: Թուրքերը այս փաստը կը հեռագրեն Սեբաստիոյ կառավարիչին՝ գիտնալու համար իրենց յետագայ ընելիքը: Կառավարիչը կը թելադրէ զանոնք թուրքերու տուներուն մէջ ծառայութեան բաժնել: Այդպէս ալ կ’ըլլայ: Այդ աղջիկներէն շատեր իրենց կրթութիւնը ամերիկեան դպրոցներու մէջ ստացած էին:
Թուրքերը անհատապէս իսլամանալու առաջարկները յաճախ չէին ընդուներ: Անոնք կը պարտադրէին հայոց, որ նուազագոյնը 100 հոգինոց խումբ մը կազմեն իսլամանալու համար: Այդուհանդերձ, կարգ մը քաղաքներու ու գիւղերու մէջ, իշխանութիւնները հայոց հաւատափոխութիւնը ընդունելէ յետոյ ալ տարագրած են զանոնք:
Տրապիզոնէն, Սամսոնէն, Իւնիէէն, Ամասիայէն եւ ուրիշ վայրերէ իսլամացած հայեր Կ. Պոլիս գտնուող իրենց ազգականներուն հեռագիրներ ղրկած են անոնց իմացնելով իրենց հաւատափոխ ըլլալն ու նոր անունները. «Հագ տինի քապուլ էթթիք (Ճշմարիտ կրօնքը ընդունեցինք)»,– կը գրէին անոնք:
Լեփսիուս յոյս կը տածէ, թէ միայն պատերազմը վերջանալէ յետոյ կարելի պիտի ըլլայ իսլամացած հայերու ճիշդ թուաքանակը գիտնալ: Սակայն ան ունի մինչեւ 1915-ի վերջերը գիտցուած մասնակի ցուցակ մը: Տրապիզոնի նահանգին մէջ 200, Կիրասոնի մէջ՝ 160, Օրտուի մէջ՝ 200, Սամսոնի մէջ՝ 150 հայ ընտանիք հաւատափոխ եղած էր: Խարբերդի մէջ բազմաթիւ ընտանիքներ իսլամացած էին: Լեփսիուս իր տեղեկագիրին մէջ Արաբկիրի մասին հետեւեալը կը գրէ. «Կ’ըսուի թէ Արաբկիրի մէջ ամբողջ ազգաբնակչութիւնը խուսափած է տարագրութենէ՝ իսլամութիւնը ընդունելով» (ընդգծումը իմն է, ճիշդ չէ բացարձակացնելը – Յ. Ի.):
Հայաստանի արեւմտեան հատուածէն դէպի Հիւսիսային Սուրիա տարագրուող մանկամարդ հայուհիներուն մեծ մասը թուրքեր եւ քիւրտեր առեւանգած էին ու զանոնք գիւղերու մէջ ցրուած: Այս արարքը յստակօրէն բռնի իսլամացում էր: Թուրք ոստիկանները հայ տղաքն ու աղջիկները յաճախ թուրքերու եւ քիւրտերու կը վաճառէին: Այս ալ բռնի իսլամացման ուրիշ տարբերակ է:
Լեփսիուս յատկանշական տեղեկութիւն մը կու տայ երբ կը գրէ. «Այն ճնշումը որ կիրարկուեցաւ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան վրայ զայն մղելու համար որ իսլամութիւնը ընդունի, բնաւ մահմետական ազգաբնակչութենէն չէր գար, ոչ ալ իսլամ հոգեւորականներէն, այլ՝ միմիայն կառավարութենէն: Նոյնպէս տեղական իշխանութիւններն են որ փորձեցին այս իսլամացումներուն ազատութեան երեւոյթը տալ: Օսմանեան կառավարութեան կողմէ ներքին գաւառներու տեղական իշխանութեանց գաղտնի հրամաններ տրուեցան, որպէսզի պարտադրեն հայ ժողովուրդէն մնացածներուն աղերսագիր մը ստորագրելու, որով պիտի խնդրէին, իբր մասնաւոր շնորհ մը, ընդունիլ «սուրբ կրօնքը»: Ամէն անոնք, որոնք կը մերժէին ընդունիլ այս բանը, կը տարագրուէին»:
Թուրքիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիները մզկիթներու վերածուեցան կամ ուրիշ նպատակներու սկսան ծառայել:
(Նիւթը շարադրուած է ըստ հետեւեալ աղբիւրին. Տօքթ. Եոհան[ն]էս Լեփսիուս[ի] «Տեղեկագիրը. Հայկական Ջարդերը», «Ազդակ» թերթի մատենաշար, Պէյրութ, 1965, միջակ չափի 396 էջ)
Մեր կողմէ աւելցնենք, որ մարդկային զանգուած մը ազգային, կրօնական կամ մէկ ուրիշ մէկ հաւաքականութենէ ուրիշին բռնի անցման պարտադրումը միջազգային օրէնքով ընդգրկուած է «ցեղասպանութիւն» հասկացութեան մէջ, այսինքն՝ ցեղասպանութիւն է: Հետեւաբար, Մեծ Եղեռնի տարիներուն հայոց իսլամացումը թրքական կառավարութեան կողմէ հայոց նկատմամբ կիրարկուած ցեղասպանութեան ակնյայտ ու անհերքելի ապացոյց է՝ վկայուած նոյն ինքն Օսմանեան Պետութեան դաշնակից Գերմանիոյ քաղաքացի տոքթոր Եոհաննէս Լեփսիուսի գրիչով: