Երէկ` չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2022-ի երեկոյեան լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս ժամադրուած էր Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներուն հետ` հաստատելու, որ անոնցմէ մեզի հասած պատգամը միշտ հնչող պիտի մնայ, իսկ անոնց վեհ նուիրումն ու հայութեան բագինին զոհաբերութիւնը անմար ջահի նման պիտի շարունակէ լուսաւորել յառաջիկայ սերունդներուն ուղին:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Լիզպոնի տղոց նուիրուած յիշատակի երեկոն սկսաւ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, երբ հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, հայորդիներ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին առջեւէն ջահերթով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր անոնց միացան նոյն նպատակին համար հոն գտնուող մեծաթիւ հայորդիները եւ միասնաբար ծաղիկներ զետեղեցին ու մոմեր վառեցին անոնց շիրիմին վրայ:
Լիզպոնի հերոսներու դամբարանին դիմաց, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Բագրատ Գրիգորեան, որ յայտնեց, թէ Լիզպոնի 5 տղոց հերոսութիւնը դրոշմուած է ժողովուրդին միտքին ու կամքին մէջ, եւ մինչեւ օրս համայն հայութիւնը կը յիշէ այդ կտրիճներուն կատարած գերագոյն զոհաբերութիւնը, որ լոկ պարտականութիւն մը չէր, այլ բառին ամէնէն ամբողջական ու գործնական առումով` իմացեալ նահատակութիւն:
Ան շեշտեց, որ տղաքը իրենց գործողութեամբ փշրեցին երկար տարիներու լռութեան շղթաները, որոնք կը խանգարէին արդարութեան տնօրինումը, իրենց անձնազոհ արարքով ապացուցեցին, որ իրենց նպատակը երբեք ահաբեկչութիւն չէ, այլ նուիրաբերում` հայոց արդարացի դատին, հայութեան իրաւունքի ձայնը համայն աշխարհին լսելի դարձնելու գործնական ու ազդու քայլ:
Բ. Գրիգորեան նկատել տուաւ, որ 27 յուլիսը այդ տարիէն ի վեր սովորական օր չէ հայութեան համար, անիկա յատկապէս դրոշմուած է յիշողութեան ու գիտակցութեան մէջ երիտասարդութեան, որ բազմաթիւ դասեր ունի քաղելիք մեր հինգ հերոսներէն, անվախ ու քաջասիրտ երիտասարդներէն, խօսքէն անդին գործով իրենց ըսելիքը փաստող այդ տղոցմէ, որոնց արարքով Հայ դատի հետապնդումը փոխադրուեցաւ ամբողջովին նոր փուլ եւ նոր հարթակ: Ան յայտնեց, որ արցախեան վերջին պատերազմը եկաւ մեր բոլորին փաստելու, որ թուրքը որեւէ ժամանակէ աւելի տակաւին կը շարունակէ իր ուրացման քաղաքականութիւնը եւ մինչ օրս կը դիմէ վաղուց ի վեր իր որդեգրած վայրագ մարդասպանական միջոցներուն: Ասոր զուգահեռ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած պարտուողական քաղաքականութիւնը, հայ-թուրք խաղաղութեան կեղծ օրակարգը, իշխանական գործիչներու հակահայ կեցուածքները, եւ վերջին շրջանին ընդդիմադիր եւ դաշնակցական տղոց եւ գործիչներու դէմ կատարուած հալածանքները, կու գան եւս փաստելու, որ այսօր մեր գոյութիւնը իբրեւ ազգ վտանգուած է, իսկ մեր հայրենիքի ապագան անորոշ է:
«Արդարեւ, Հայ դատը այսուհետեւ չի սահմանափակուիր միայն մէկ դար առաջ կատարուած Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ հատուցումով, չի սահմանափակուիր նոյնիսկ Արցախով, որովհետեւ այսօր վտանգուած է նաեւ հայոց պետականութիւնը: Թուրքը այսօր իր հին երազին` փանթրքութեան վերադարձած է. մեր պայքարը այսօր նոյնպէս ընդլայնուած է, եւ յաւելեալ կամք, ճիգ եւ ուժ կը պահանջէ», շեշտեց Գրիգորեան` աւելցնելով, որ այսօր երիտասարդութիւնը պէտք է քալէ հերոս տղոց ուղիէն, պէտք է լաւապէս գիտակցի, որ մեր թշնամին մնացած է անփոփոխ, իսկ մեր պայքարը տակաւին կը շարունակուի, այնքան ատեն որ արդարութիւն չէ տնօրինուած:
«Նոյնիսկ մերօրեայ այս տագնապալի եւ անորոշ օրերուն, անոնց դէմքերը պիտի մնան մեր էութեան մէջ դրոշմուած` անմոռանալի պատգամ ու ներկայութիւն, ներշնչող ուժ դառնալով մեզի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան հսկող հայ զինուորին: Պէտք է պայքարը շարունակենք եւ հինգ տղոց պատգամը ո՛չ միայն վառ պահենք, այլ զայն հասցնենք Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի իւրաքանչիւր երիտասարդին, որպէսզի ազգային վեհ արժէքներով առաջնորդուիլն ու Հայ դատը ամէն ինչէ վեր նկատելը դառնայ բոլորին սկզբունքն ու անմար ջահը», եզրափակեց ան:
Ապա ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը` Լիզպոնի հինգ տղոց մասին:
Օրուան պատգամը ուղղեց Անի Բագրատունի, որ իր խօսքը ուղղեց Սիմոնին, Վաչէին, Սագոյին, Արային եւ Սեդոյին, որոնց անձամբ ճանչցած է եւ քաջատեղեակ եղած անոնց նկարագիրի գիծերուն ու իւրայատկութեան: Ան շեշտեց, որ տարիներու թաւալումին հետ շատ բան փոխուած է, սակայն 5 հերոսները կը մնան երիտասարդ ու մնայուն ներկայութիւն. «Պիտի մնաք եւ գոյատեւէք մեր մահէն ալ ետք, պիտի մնաք եւ հրահրէք տակաւին շա՜տ մը հայ երիտասարդներու հոգիներ, պիտի մնա՛ք ու օրինակ ծառայէք շա՜տ ու շա՜տ երիտասարդներու… Պիտի ապրի՛ք յաւիտեան»:
Պատգամախօսը նշեց, որ միշտ ալ հարց տուած է, շատ ուրիշներու նման, թէ ո՞վ ընտրեց այդ տղաքը եւ ինչո՞ւ անոնք ընտրուեցան: Ապա ամենայն անմիջականութեամբ եւ հարազատութեամբ անդրադարձաւ իւրաքանչիւրին նկարագիրին. Սիմոնը հանդարտաբարոյ, բարի նայուածքով այդ համեստ ու լուռ տղան, որ վարչութեան ընթացիկ գործերուն ըսելիք չունէր, իսկ վէճերուն չէր մասնակցեր, սակայն միշտ կու տար կշռուած ու արդար վճիռը, սիրուած ու յարգուած էր բոլորէն: Վաչէն` կատակասէր, միշտ քմծիծաղ մը շրթունքին ծայրը, որ մեր ազգին ամէնէն բարձր դասակարգին` հերոսներու դասակարգին մաս կազմեց, որ նոյնիսկ «պայթած» ատեն շրթունքին ծայրը քմծիծաղ մը ունենալու կոչուած անձ էր` այս անգամ ուղղուած թուրքին եւ ո՜վ գիտէ, թերեւս Աստուծոյ, որ արտօնած էր Ցեղասպանութիւնը: Սագոն` ուղղամիտ, կարգապահ, քաջ եւ տիպար ԼԵՄ-ականը, որ ոչ մէկ թերացում կ՛ընդունէր, կը հաստատէր, որ տկարներու, խարդախներու, ծոյլերու տեղը չէր իր պաշտած կուսակցութիւնը: Արան` պճլիկ մարմնով, սեւ գանգուր մազերով եւ պսպղուն աչքերով, չարուկ կրտսեր պատանի մը, յետոյ պատանի եւ վերջը ԼԵՄ-ական, եռանդուն ու խանդավառ, որուն համար քաղաքական բանտարկեալները գերագոյն յարգանքի արժանի էին. ան այնքան ուշադիր ու գուրգուրոտ էր, որ նոյնիսկ իր մահէն 3 ամիս ետք նշանուելիք ընկերոջ եւ ընկերուհիին համար նուէր մը պատրաստած էր եւ յանձնած ընկերոջ մը, որ իր կողմէ նուիրէ իրենց: Սեդոյին մասին դրուագ մը պատմելով` Անի Բագրատունի նշեց, որ, թէեւ օրին ան այպանուած էր կռիւի մը մասնակից չըլլալուն համար, բայց խորքին մէջ ան խուսափած էր, որպէսզի կարենար իր ուսերուն դրուած գերագոյն գործողութեան մասնակցիլ:
«Ո՛ւժ, հաւա՛տք եւ կա՛մք. երեք բառեր, որոնք շատեր մղած են սրբազան արարքներու: Դուք այսօր հայ երիտասարդներուն համար նոր էջ մը բացած էք, օրինակ էք անոնց: Ձեր գործողութենէն միայն 5 տարիներ ետք պատահականութի՞ւն էր արդեօք, երբ մէկ միլիոնէ աւելի հայեր Երեւանը ողողեցին «Ղարաբաղը մերն է» կոչերով, եւ այսօր, այո՛, Ղարաբաղը, թէեւ մասնատուած, տակաւին մե՛րն է… Ձեր գործողութենէն 8 տարիներ ետք Հայաստանը անկախացաւ, եւ այսօր մեր սահմանները, մեր իրաւունքները, մեր կեանքը պաշտպանող քաջ եւ հզօր բանակ ունինք, ձեր նման երիտասարդներէ կազմուած: Ափսոս, որ այդ երիտասարդներուն նուիրումին, զոհողութեան դիմաց այսօր կայ դաւաճան-հրէշ պատասխանատու մը, որ խաբելով «յաղթելու ենք» կը յայտարարէր եւ առանց վարանելու 5000 երիտասարդի մահ կ՛որոշէր: Ղարաբաղն ու Հայաստանը մասնատելու որոշում կու տար…
«Ֆութպոլային քաղաքականութեան իբրեւ շարունակութիւն` տօն շնորհաւորելու քաղաքականութիւն կ՛որդեգրէր եւ ի՜նչ տօն, կ՛ընտրէր Ատհայի տօնը (երբ Աբրահամ իր որդին պատրաստ էր զոհելու Աստուծոյ սիրոյն համար եւ Աստուած գնահատեց զայն` փրկելով զաւակը եւ նոխազ մը ղրկելով անոր): Իսկ դո՞ւն, պրն. վարչապետ, ինչպէ՞ս շնորհաւորեցիր այս տօնը, մարդու մը, որուն նախահայրերը տակաւին 107 տարի առաջ 1,5 միլիոն զոհեր խլեցին մեզմէ եւ այսօր ալ կը շարունակեն Ազրպէյճանի օգնութեամբ նորանոր զոհեր խլել: Նոյն այդ մարդը եւ իր նախնիները խլեցին հազարաւոր քիլոմեթր տարածութեամբ հայաստանեան հողեր, այո՛, Հայաստանէն եւ ոչ թէ Արեւմտեան Հայաստանէն, ինչպէս դուք կը սիրէք կոչել, բաժնելով Հայաստանը, ժողովուրդը: Ո՞վ տուաւ այդ իրաւունքը ձեզի, ո՞վ էք դուք, որ մոռցած հայոց պատմութիւն, ձեռք կ՛երկարէք թուրքին, առանց բառ մը խօսելու իրենց կատարած նախ մարդկութեան, ապա հայութեան դէմ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան մասին», ըսաւ Անի Բագրատունի:
Ան դիտել տուաւ, որ սփիւռքահայերս պէտք է մտածէինք Հայաստանի իշխանութեան մէջ սփիւռքահայուն իրաւունքներ ունենալուն մասին, որովհետեւ այսօր Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչները ո՛չ միայն չեն խօսիր Ցեղասպանութեան մասին, հողային պահանջի մասին, այլ օրն ի բուն կը փորձեն համոզել մեզ, որ նոյնիսկ Արցախը հայկական չէ եւ չէ եղած:
«Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչնե՛ր, ժամանակն է, որ հրաժարիք խորհրդային օրերու պատմութեան գիրքերուն մէջ ձեր սորվածներէն, խեղաթիւրուած պատմութիւն մը, որ կը ծառայէր խորհրդային շահերուն:
«ՍԻՐԵԼԻ՛ Սիմոն, Վաչէ, Սագօ, Արա եւ Սեդօ, այսօր ստեղծուած են համակարգիչի եւ բջիջային հերոսներ, որոնք փոխանակ այդ հարթակները օգտագործեն Հայ դատի տարածման կամ մեր իրաւունքներու պահանջին համար, զայն կ՛օգտագործեն սուտեր եւ յերիւրանքներ տարածելու, հաւատալով այդ պաստառներուն ետին իրենց գտած մէկ վայրկեանի հերոսութեան:
«Տակաւին Նախիջեւանն ու Ջաւախքը բռնագրաւուած են: Տակաւին բռնագրաւուած հայկական հողերը մեր զաւակներուն կը սպասեն… Բարեբախտաբար, վերջին քաղաքական բանտարկեալը ազատութեան մէջ կը գտնուի: Բայց այն ազգը, որ ձեր նման հերոսներ ծնած է, նորերն ալ կը ծնի, եւ մեր ազգին ու կուսակցութեան գլխուն եկած փորձանքները կ՛անցնին:
«Դուք ննջեցէք անդորր ու խաղաղ, դուք ձեր պարտքը լիուլի կատարեցիք եւ արժանացաք հերոս կոչուելու իրաւունքին: Այժմ կարգը նոր սերունդին է», եզրափակեց օրուան պատգամաբերը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Արամ Սոմունճեան, որ դիտել տուաւ, թէ 39 տարի առաջ Լիզպոնի 5-ը` Սագոն, Սիմոնը, Սեդրակը, Վաչէն եւ Արան հայոց պատմութեան էջերուն մէջ ոսկեայ տառերով եւ հայրենիքին, ազգին ու դատին համար թափած արեամբ գունաւորեցին պանծալի էջ մը, որ կը պոռթկայ դարերու ստրկութեան դէմ եւ կը ճեղքէ բռնակալութեան շղթաները, էջ մը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ, էջ մը, որ յանձնառութիւն եւ յարգանք կը պարտադրէ: Ան շեշտեց, որ այս գործողութիւնը կը փաստէ, թէ դատ մը շահելու համար պէտք է անձնականէն զիջիլ եւ գերադաս նկատել հաւաքականը, առանց հայրենիք տեսնելու իսկ պէտք է նուիրաբերուիլ անոր եւ հայոց դատին:
Ան դիտել տուաւ, որ այսօր համայն հայութիւնը պարտաւոր է յարգել Լիզպոնի տղոց յիշատակը, որովհետեւ անոնք պայքարեցան այն ոխերիմ թշնամիին` թուրքին դէմ, որ այսօր կը մնայ նոյնը` իր կողքին ունենալով կրտսեր եղբայրը` Ազրպէյճանը, որոնք միասին ճիգ չեն խնայեր հարուածելու Հայաստանը, Արցախը եւ հայութիւնը:
Արամ Սոմունճեան շեշտեց, որ Լիզպոնի գործողութենէն 39 տարիներ ետք, այսօր, ազգովին կ՛ապրինք անկիւնադարձային եւ ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայաստան ո՛չ միայն շրջապատուած է թշնամիներով, այլ նաեւ իշխանութեան վրայ գտնուող ղեկավարութիւնը օրէ օր հարուածներ կը հասցնէ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին` նորանոր զիջումներով եւ յանձնուողական քաղաքականութեամբ:
«Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները թրքական եւ ազրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը կասեցնելու փոխարէն, օրէ օր կը խորացնեն իրենց բռնապետական ու հակաժողովրդավար վարքագիծը` անտեսելով հայութեան եւ հայրենիքին դէմ ծաւալող վտանգները: Այսպէս, 13 յուլիսի երեկոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքի արգելքը ապացոյց մըն է այս իշխանութիւններու այլամերժ քաղաքականութեան: Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբին որդեգրած ապազգային ու հայավնաս ընթացքը այլեւս կը սպառնայ հայրենիքի լինելիութեան եւ անոր պետական, սահմանադրական ու ժողովրդավար հիմերու քայքայման:
«Պատահական չէ նաեւ արարքին պահը, երբ այսպէս կոչուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը թեւակոխեն վտանգաւոր փուլ, եւ Նիկոլ Փաշինեան թշնամիին դիմաց կքած ամբողջական պատրաստակամութիւն կը դրսեւորէ բարի դրացիական յարաբերութիւններու մշակման` ոտնակոխելով հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքները եւ այդ իմաստով տասնամեակներ շարունակ ծաւալած Հայ դատի պայքարին ձեռք բերած նուաճումներն ու այդ ճամբուն վրայ կատարուած հսկայական զոհողութիւնները, որոնցմէ ամէնէն յատկանշական գործողութիւններէն մէկը կը յիշատակենք այսօր», շեշտեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամը:
Ա. Սոմունճեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս իշխանութեան վրայ գտնուողները կը փորձեն հարուածել ՀՅԴ-ն Հայաստանի մէջ, իսկ աշխատանք եւ փորձ կը կատարեն սփիւռքեան աւանդական կառոյցները գռոհելու ու իրենց նպատակներուն իրականացման համար նոր յենակէտեր կառուցելու:
Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցին համար Հայ դատի պահանջատիրութիւնը կը շարունակէ մնալ գաղափարական գերագոյն արժէք: «Մենք` իբրեւ Լիբանանահայութիւն, բազում փորձութիւններէ անցած ու այդ փորձութիւններուն ճամբով կենսափորձ նուաճած ըլլալով պիտի շարունակենք մնալ ազատ, անկախ, ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի անկեղծ զինուորը եւ այսօրուան արցախեան եւ հայաստանեան տարածքներու ճակատներուն վրայ արձանագրուած պարտութիւնները կը նկատենք ժամանակաւոր ու կը հաւատանք հայութեան յարատեւ կռիւի յաջողութեան:
«Վերջապէս, թշնամիներու կողմէ գծուող նոր քարտէսները չեն կրնար իբրեւ ընդունուած իրականութիւն ընկալելի դառնալ հայաշխարհին կողմէ, եւ Հայաստանն ու Արցախը պարտութեան առաջնորդած ներկայ իշխանութեան վարչախումբը օր առաջ պարտաւոր է անսալ համայն հայութեան պահանջին, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդներու թափած թանկ արիւնն ու քրտինքը ի զուր հոսած չըլլայ, եւ հայութիւնը յաջողի վերակերտել իր ազգային արժանապատուութիւնը», եզրափակեց ան:
Ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ ԼԵՄ-ի նուագախումբին:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» երգով: