Դադրեցուցէք Արցախի ժողովուրդին Դէմ Ահաբեկչութիւնը
Այսօր՝ ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2020-ին, Լիբանանի հայկական ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու կազմակերպութեամբ, Արցախի հանրապետութեան վրայ թուրք-ազերիական յարձակումը դատապարտող բողոքի խաղաղ հաւաք մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Էսքուայի կեդրոնին առջեւ:
Հարիւրաւոր լիբանանահայեր Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով, իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին, դատապարտելով՝ Արցախի անմեղ բնակչութեան վրայ ազերիական վայրագ յարձակումները, միջազգային ընտանիքէն պահանջելով յարգել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, միաժամանակ համարժէք պատասխան տալ թուրք-ազերիական ներխուժումին:
Իրենց բողոքի ձայնը միջազգային հանրութեան լսելի դարձնելով, հաւաքին մասնակցող երիտասարդութեան անունով դատապարտումի խօսքեր արտասանուեցան ֆրանսերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Ապա, լիբանանահայ ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններուն անունով բողոքագիր մը յանձնուեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Իան Քուպիշին: