Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պետական պաշտօնաթերթին կողմէ հրատարակուած թիւ 43 յաւելուածին մէջ լոյս տեսած է ընտրական օրինագիծը բարեփոխումին վերաբերող յօդուածը, որ կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ընտրական օրինագիծը բարեփոխումի ենթարկող յօդուածը հանրապետութեան նախագահին ստորագրութիւնը չի կրեր: Ան նախագահին կողմէ երկու շաբաթ առաջ ուղարկուած է խորհրդարան եւ պահանջուած վերատեսութեան ենթարկել` նկատի ունենալով անոր սահմանադրական օրինազանցութիւնները:
«Սակայն սահմանադրութեան թիւ 57 յօդուածին համաձայն, այս օրէնքը հրատարակուեցաւ` ինքնաբերաբար գործադրութեան դրուելով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: