Հրատապութեան կարգով
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
Աշխարհը եւ մարդկութիւնը առաջնորդող, կազմակերպող, խմորող ու ձեւաւորող աղբիւրները, եթէ քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը ու ռազմավարութիւնն են, սակայն, այդ բոլորը դրսեւորող, արտայայտող ու կողմնորոշող երանգները, անպայմանօրէն, են՝ տեղեկատուութեանց, լրատուութեանց, լսատեսողութեանց ու հաղորդակցութեանց միջոցները։
Այս գործօններն են, որոնք լոյսին կը բերեն ճշմարտութիւններ, կը դիմեն հնարամտութիւններու, կը յօրինեն սատրանքներ, կ’ամբաստանեն կողմեր, կը թունաւորեն տրամադրութիւններ, կը սրսկեն թշնամութիւններ, մէկ խօսքով՝ ունկնդիրը կամ ակնդիրը կ’առաջնորդեն դէպի անկումային ու հիւանդագին կարգավիճակներու։
Անշուշտ, այս ժխտական ազդեցութիւններու կողքին, կան նաեւ դրական երեւոյթներ, որոնք մարդկութան կը ծառայեն լաւատեսական, յուսադրական ու խրախուսական նպատակներով, որովհետեւ, այդ պէտք է ըլլայ անոնց դերակատարութիւնն ու առաքելութիւնը, եւ ոչ թէ՝ «սեւացրէք»ենան քաղաքականութիւնը, իր քանդիչ ու մոլորեցուցիչ հետեւանքներով։
Դժբախտաբար, սակայն, ամէն ինչ գլխիվայր շրջուած է, այնքան ատեն որ՝ քարոզչական ու լրատուական կայաններն ու բեմերը՝ վերածուած են… կրկէսային թատրոններու, ուր՝ ամէն ոք, շրջանակ, հաստատութիւն եւ եթեր, դարձած են ինքնիշխանութիւն, կայսրութիւն, աշխարհակալութիւն, ամբողջատիրութիւն, ոչ ի ծառայութիւն համընդհանրական ծրագիրներու ու նպատակներու բարօրութեանց, այլ, ընդհակառակը, խաբելու, ճզմելու, ապակողմնորոշելու եւ ոչնչացնելու ամբոխներ ու հաւաքականութիւններ, յօգուտ՝ այս կամ այն ինքնահաշուենկատութիւններու իրականացման։
Կար ժամանակ, երբ տեղեկատուութիւնները, իրենց զանազան ու բազմագոյն միջոցառումներով ու փոխանցումներով, տիրող կացութիւններն ու զարգացող ելեւոյթները կը բացատրէին, կը մեկնաբանէին ու կը ներկայացնէին, իւրաքանչիւրը՝ իր դիտանկիւնով ու տեսադաշտութեամբ, բայց, եղան նաեւ ժամանակներ (ինչպէս ներկայիս), երբ քարոզչական վարչամեքենան գործեց ոչ թէ յանուն «հանրօգուտ ու բազմօգուտ» ուղղութիւններու, այլ՝ խաթարիչ եւ աւերիչ բեւեռներու։
Ասիկա կրնայ բացատրուիլ կամ թարգմանուիլ բոլոր ժողովուրդներու պարագային (կամ մասին), սակայն, մենք պիտի չերթանք այլ ոլորտներ, ոչ ալ անդրադառնալ անոնց, որովհետեւ անոնք, առաւել կամ նուազ չափանիշներով. կը գործեն յանուն զիրար բզքկտելու ճղճիմացնելու, այլանդակելու կամ մոխրացնելու, հաւատալով (՞) որ այդ ձեւով կը ծառայեն մարդկութեան բարեկեցութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան, պետութիւններու հզօրութեան եւ երկիրներու բարգաւաճութեան։
Ի՜նչ հեգնանք ու զաւեշտ, միանգամա՛յն, երբ պարզ դիտողն ու հետեւորդը կը տեսնէ, թէ տեղեկատուութեան լրաբերութիւններն ու քարոզչութիւնները միայն աղէտ են, թոյն, ժահր ու մաղձ, ընդդէմ մարդապաշտութիւնը, մարդասիրութիւնը ու մարդակերտութիւնը։
Զարմանալին, այլեւ ցաւալին այն է, որ միայն մեծապետական եւ ուժային երկիրները չեն դիմեր նման ստորնացուցիչ քայլերու ու միջամտութիւններու, այլ՝ «փոքր» նկատուողները նաեւ, որոնք շատ յաճախ իրենց «փէշ»ներէն դուրս թռնելով, կը նմանին կապիկներու կամ կը կապկացնեն ինքզինքնին, մեծապէս ու խորապէս վնասելով իրենց երկիրներուն ու ժողովուրդներուն։
***
Ինչու այս գրառումները կամ յիշեցումները։
Մեր մտապատկերին մէջ կայ մեր երկիրը՝ Լիբանանը, իր տեղեկատուական կառոյցներով-մամուլ, հեռատեսիլ, համացանց, եւայլն, որոնք ամբողջ երկիրը ողողած են իրենց խառնաճաղանչային ու խայտաբղէտային սլաքներով, ստեղծելով ահաւոր քաոսային ժխոր մը։
Ճիշդ է, այս ուղղութեամբ արհեստագիտութիւնն ու նորարարութիւնը հասած են բարձունքներու, արձանագրած նուաճումներ, պեղած նոր հնարքներ, բայց, արդեօ՞ք ատոնք կը նշանակեն՝ ծայրայեղութիւններով, չափազանցութիւններով, անհեթեթութիւններով եւ աղիտաբերութիւններով գործել, հող շահելու, նիւթ ապահովելու, ոխ սերմանելու ու մանաւանդ ԳԻՏԱԿՑՈՒԱԾ գրգռութիւններու ճամբով, հասնելու սադրիչ ու քանդիչ ծրագիրներու իրականացման։
Կը թուի թէ, այլեւ կը հաստատուի, որ նորօրեայ այդ միջոցները, փոխանակ հանդէս գալու շինիչ եւ օգտաբեր ներդրումներով, ընդհակառակը, լծուած են՝ այլամերժումներու կարգով, խեղաթերումներու եղանակով, քինախնդրութիւններու սերմանումով, զբաղիլ աժան, տափակ ու վնասաբեր շուկայական մարզանքներով։
Լիբանանը, որ ճանչցուած ԷՐ, իր ազատախօսութեան, ազատագործութեան եւ ազատամէտութեան արեւելումներով, այսօր, իր լրատուական արդի միջոցներով, կրնա՞յ ըլլալ որ կը ծառայէ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն։
Կասկած չկայ, Լիբանանը հանրայայտ ԷՐ իր հաւասարակշռեալ լուսապայծառ տեղեկատուական (նոյնիսկ մեկնաբանական) նախանձելի բարենիշներով, սակայն ներկայ պայմաններուն մէջ, ատոնցմէ ի՞նչ մնացին, ատոնք ո՞րքանով պիտանի դարձան եւ ատոնք կը պահե՞ն իրենց նոյն հմայքը երբ ամէն առիթով կը լսենք ու կ’ապրինք ապատեղեկատուութեանց չարայուշ ու չարախօս լուրեր։
Մեր խօսքը գլխաւորաբար կ’երթայ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԱՅԻՆ գոյնզգոյն, արտակարգ ու դրոշմուած կայաններուն (անշուշտ, իրենց քաղաքական, համանքային, կուսակցական, անձնական եւ այլազան թեքումներով), որոնցմէ իւրաքանչիւրը «աշխարհ» մըն է, իր ուզած ու չափաձեւուած «արշին»ներով իր բերանը բանալու, իր թեզը ներկայացնելու եւ իր շաղակրատութեամբ զբաղելու։
Իւրաքանչիւր կայան, մանաւանդ անոնցմէ, որոնք «կը փայլին» իրենց ճամարտակութեամբ ու ճոռոմաբանութեամբ, այլեւ՝ կարծրութեամբ ու բրտութեամբ, նաեւ՝ անճշտութիւններով ու նենգամտութիւններով, արդէն կը ստեղծեն (ու ստեղծած են) ամբողջ շարան մը, բովանդակութիւն մը, ստախօսութիւններու եւ ապիկարութիւններու, զրպարտութիւններու եւ յերիւրածոյութիւններու պախարակելու, այլեւ՝ ժողովուրդը ապատեղեկացնելու, ապակողմնորոշելու։
Ցաւերուն ցաւը, ողբերգութիւնը եւ անկումայնութիւնը հո՛ս են, որովհետեւ, առանց այդ ալ «խելակորոյս» ժողովուրդը, չի գիտեր որո՞ւն հաւատալ, որո՞ւն հետեւիլ, որմէ՞ առաջնորդուիլ եւ որմէ՞ ղեկավարուիլ, իսկ այս վայրէջքը, տեղի կ’ունենայ ամենօրեայ դրութեամբ, զարգացողութեամբ եւ յաճախականութեամբ։
Քաղաքացիական 17ամեայ պատերազմին, երբ հնարաւորութիւն կար հազիւ 2 կամ 3 հեռատեսիլներու սփռումներու հետեւելու, առնուազն, պարկեշտութիւն մը, կամ ուղղամտութիւն մը կար անոնց հաւատալու (կամ չհաւատալո՞ւ), թէկուզեւ անոնք ըլլային հակադիր կամ ոչ զիրար ամբողջացնող։
Այսօր, կարելի՞ է նման գոհունակութիւն մը ունենալ, ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ, ի տես հեռատեսիլային «կրկէս»ներու, որոնք միայն նողկանք կը պատճառեն, զզուանք կ’առաջացնեն ու մթնոլորտ կը թունաւորեն։
Պատկերացնել, որ իւրաքանչիւր հեռատեսիլակայան, անկախաբար իր չոր եւ անտպաւորիչ լրահոսութիւններով, ունի տասնեակ մը քաղաքական բեմեր, ուրկէ հնչած մեկնաբանութիւնները միայն… մերկութիւններ են՝ առանց բան մը փոխանցելու կամ լուսաբանելու ժողովուրդին, այն ալ եթէ լսող, դիտող հաւատացող մնայ։
Լիբանանի տեղեկատուութեան մարզը ունի իր գերագոյն մարմինը, որ ոչ գլուխ ունի, ոչ ձեռք, ոչ ոտք, ոչ ալ կեցուածք, որովհետեւ ԱՆԶՕՐ է, ի դէմս թայֆանական ու կուսակցական հրմշտկոցներուն, ճնշումներուն։
Համատարած փաստ եւ իրականութիւն է. Լիբանան կþանցնի ահաւոր եւ աննախընթաց գերտագնապներէ, մինչ՝ յատկապէս հեռատեսիլը,՝ փոխանակ սփոփիչ ո հանդարտեցուցիչ, ճշգրիտ ու տեղին տուեալներով հանդէս գայ, կամայ թէ ակամայ, բայց, ապահովաբար ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ, այդ ջաղացքներուն վրայ ջուր կը հոսեցնէ, մանաւանդ այն ժամանակ, երբ երբեմն տագնպաները «մեղմացած» կրնան ըլլալ, յանկա՜րծ, գրգռիչ ձեւով աղաղակելով որ, «վաղը (կամ շուտով) պենզինի ու մազութի բաշխումը պիտի դադրի, փուռերը փակ պիտի մնան, դեղօրայքի շուկան պիտի սահմանափակուի, պիւթակազ պիտի չգտնուի եւ հազար ու մէկ տեսակ կենցաղային ահազանգեր։
Պէտք է երեւակայել քաղաքացիին հոգեվիճակը, որ առանց այդ ալ… մահացու է, ինչպէ՞ս իր կեանքը պիտի դասաւորէ եւ ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէ այդ բոլորը։ Աւելին՝ օրինակ մը. ամէն օր եղանակային արժեչափերը կը տրուին։ Եթէ ոեւէ միամիտ մը հետեւի անոնց, իրենց անչափելի տարբերութիւններով, կամ… մերկ կը պտըտի կամ ալ՝ բրդազգեստով։
Խտացուած, այլապէս խօսուն, ա՛յս է տխուր պատկերը հեռատեսիլի կայաններուն եւ անոնց խօսնակներուն մեծամասնութեան աններդաշնակութիւններուն եւ անյարիրութիւններուն։
Սխալ չհասկցուելու գնով, լիբանանեան հեռատեսիլներու կայանները եւ անոնց անձնակազմերուն մեծ մասը, արժանի են գնահատանքի եւ ոմանց շնորհալիութեան, սակայն, մեր ակնարկութիւնը կ’երթայ, գլխաւորաբա՛ր, այն երեւոյթներուն, որոնք կը վնասեն զանոնք հետեւողներու ու դիտողներու բարի նպատակներու շահագործման։
Մէկ խօսքով. կա՛յ ապատեղեկատուական «ոճրային» ընթացք մը, որ ներելի չէ, անընդունելի է, երբ լիբանանցին ամէն կողմերէն գամուած է, իսկ անոր օժանդակելը կամ օգնութեան ձեռք երկարելը, չի կրնար ըլլալ որեւէ ձեւի ապատեղեկատուական արահետներով, ինչ որ տեղի կ’ունենայ ներկայիս։
(Պէյրութ)