Վերջին քանի մը օրերը յատկանշական էին Լիբանանի համար, ուր դիւանագիտական ուշագրաւ եռուզեռ արձանագրուեցաւ` թիրախ ունենալով կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:
Փաստօրէն, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երկար դադարէ ետք այցելեց Պաապտա, ուր նախագահ զօր. Միշել Աունին յանձնեց 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան ցանկ մը: Ըստ նախնական տեղեկութեանց, Հարիրի ցանկին մէջ ներառած է իր «նշանակած» երկու քրիստոնեայ նախարարներուն անունները, «արտաքին գործոց նախարարութիւնը «յանձնած է մարոնի թեկնածուի մը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը` ուղղափառի, իսկ ներքին գործոց նախարարութիւնը` սիւննիի մը»: Հարիրի 24 ժամուան պայմանաժամ տուաւ նախագահ Աունին` մաղթելով, որ այսօր` հինգշաբթի, 15 յուլիսի կէսօրէ առաջ կը ստանայ նախագահ Աունէն համապատասխան կեցուածք:
Առ այդ, հայեացքները ուղղուած են Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աուն, «սերտելէ» ետք ներկայացուած ցանկը պիտի վճռէ կառավարութեան կազմութեան ճակատագիրը: Իրազեկ աղբիւրներ անհաւանական կը նկատեն, որ նախագահ Աունի պատասխանը գոհացուցիչ ըլլայ Հարիրիի համար, հետեւաբար ան կրնայ իր հրաժարականը յայտարարել այսօր երեկոյեան իրեն հետ կայանալիք պատկերասփիւռային հարցազրոյցի ընթացքին: Այլ աղբիւրներ աւելի անդին կ՛երթան` անհաւանական նկատելով, որ նախագահ Աուն այսօր պատասխան տայ Հարիրիի ցանկին` զայն սերտելու համար յաւելեալ ժամանակի կարիքով: Հարիրիի հրաժարման պարագային ամէնէն հաւանական թեկնածուն կը նկատուի Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Էտիպը, որ հակառակ վարչապետութեան իր կարճատեւ «ձախող» փորձառութեան ու հրաժարումին` դարձեալ պատրաստակամութիւն յայտնած է ստանձնելու վարչապետի պարտականութիւնը, երկու նախապայմանով: Նախ պէտք է նախարարներու անուանացանկը կազմէ նախքան իր վարչապետ նշանակումը: Երկրորդ` սիւննի համայնքի ղեկավարութիւնը, յատկապէս` Տար Ֆաթուան պէտք է «ճանչնայ» զինք եւ զօրակցի իրեն:
Պաշտօնական «Միջազգայնացում» Եւ Դիւանագիտական Եռուզեռ
Հակառակ կարգ մը կողմերու պնդումին, թէ Լիբանանի կացութիւնը արտաքին ազդակներու հետ կախեալ չէ եւ թէ հարցերու լուծման բանալին ներքին է, այսուհանդերձ վերջին օրերու դիւանագիտական բազմաճիւղ խորհրդակցութիւններուն պատկերը այլ բան կը թելադրէ:
Փաստօրէն, ֆրանսացի եւ ամերիկացի դեսպաններու Սէուտական Արաբիա «գործուղումը» ինքնանպատակ չէր, այլ կը կրէր Լիբանանի եւ անոր գծով շրջանային դիրքորոշումներու «ճատրակի տուփը»: Արդարեւ, մէկէ աւելի միջազգային հեղինակաւոր հրատարակութիւններ ռազմավարական հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ կատարած են Միջին Արեւելքի յառաջիկայ կառուցուածքին եւ իրավիճակին գծով, ուր ուշագրաւ կարեւորութեան կ՛արժանանայ «մատիտի ծայրին չափ» տեղ գրաւող Լիբանանը:
Արդարեւ, պատահական չէր, որ 21-րդ դարու սկզբնաւորութեան «Արաբական գարուն» կոչուած վարչակարգերու «մաքրագործումը» զուգադիպեցաւ շրջանային ծովեզրի երկիրներու կազի թէ ֆիուլի ընդյատակեայ պահեստի պեղումներու արշաւին: Այլ խօսքով, մէկէ աւելի իրազեկ աղբիւրներու հաւաստումով հաստատուեցաւ այդ «հեղուկ գանձին» գոյութիւնը Լիբանանի ծովային սահմաններուն մէջ: Աւելի՛ն, Լիբանանը քաղաքական խաղաքարտի վերածելու բազմակողմանի ախորժակները հետզհետէ կը բացայայտուին շրջանային կեցուածքներու ընդմէջէն, ուր կարելի չէ անտեսել թրքական երբեմնի սուլթանական շրջանին վերադառնալու էրտողանեան ծաւալապաշտ մղումները: Իսկ Լիբանանը աւելի հեզասահ կերպով համոզելու եւ անոր «ձեռքէն» իր «գանձերը» իւրացնելու հիմնական ռազմավարութիւններէն է` երկիրը «կենդանի մեռեալ» կարգավիճակին մէջ պահել: Այլ խօսքով, Լիբանան այսօր իբրեւ պետական կառոյց առկայ է, բայց շնչահեղձ է եւ ուժասպառ: Տնտեսական խոստացուող օժանդակութիւնները կրնան զինքը ոտքի պահել առանց գործնական ազդեցիկ կեցուածք կարենալ ցուցաբերելու իր ճակատագիրիրն գծով արտաքին կողմերու առած եւ առնելիք քայլերուն դէմ: Նաեւ արտաքին այդ քայլերը կը միտին վերադասաւորել Լիբանանի վարչակարգը` դաշնակցային դրութեամբ, ուր Լեռնալիբանանի մութասարրիֆութեան ժամանակաշրջանը յիշեցնող իւրաքանչիւր համայնք արտաքին խնամատար պետութեան մը հովանաւորութիւնը պիտի վայելէ:
Դիւանագիտական եռուզեռին մէջ յատկանշական էր ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան լիազօր բանագնաց, նախարար Ֆրանք Ռիյսթըրի տուած անջատ այցելութիւնները երկրի ղեկավարներուն` սկսելով նախագահ Աունէն մինչեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ հրաժարած թէ նշանակեալ վարչապետներ Հասսան Տիապ եւ Սաատ Հարիրի, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրի տնտեսական ու քաղաքական իրավիճակը եւ կառավարութեան կազմութեան ուշացման պատճառներն ու անոնց ծալքերը:
Ռիյսթըրի կողքին Լիբանան հասաւ նաեւ Ֆրանսայի լիազօր ներկայացուցիչ Փաթրիք Տիւրել, որ նոյնպէս կառավարութեան թղթածրարը հիմնական թիրախ նկատեց իր խորհրդակցութեանց ընթացքին, տնտեսական օժանդակութեան կողքին: Նշենք, որ ֆրանսացի դիւանագէտին խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամէտ Ռաատը:
Տակաւին, նախորդ ընտրութիւններուն դէտի հանգամանքով Լիբանան ժամանած` Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախագահ Էլենա Վալանսեանովա իր կարգին խորհրդակցեցաւ երկրի ղեկավար դէմքերուն, որոնց կարգին` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Ան նախապէս տեսակցած էր նաեւ նախագահ Աունի եւ այլ ղեկավարներու հետ:
Դիւանագիտական այս եռուզեռի ծիրին մէջ երէկ ուշագրաւ էր Սէուտական Արաբիայէն ետք Եգիպտոսի նախաձեռնութիւնը, ուր կը նախատեսուի, որ բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը մօտերս գայ Լիբանան եւ «հաշտեցման» սեղանի շուրջ հրաւիրէ առնչակից կողմերը: Այս ուղղութեամբ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի երէկ Եգիպտոսի մէջ ունեցած խորհրդակցութիւնները նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Շուքրիի եւ այլ պատասխանատուներու հետ պատրաստեց քաղաքական համապատասխան ենթահող:
Լիբանանի Յատուկ Համագումար
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին ընդառաջ, Ֆրանսա նախաձեռնած է Լիբանանի յատուկ համագումար մը կազմակերպել օգոստոսի սկիզբը:
Ֆրանսական այս «շարժումը» նաեւ ունի «գաղութարարական» բնոյթ: Արդարեւ, իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով` Ֆրանսա արդէն իսկ սկսած է նախապատրաստական քայլերու` Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան գծով: Ֆրանսա զօրավիգ է բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունի նախագահական թեկնածութեան: Ֆրանսացիք այս քայլով կը միտին գէթ փրկել լիբանանեան բանակին միասնականութիւնը, յատկապէս` երկրի առաւել գահավիժումի պարագային:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ռուսիոյ նախագահի խորհրդականներէն Միխայիլ Պոկտանովէն, որուն հետ քննեց Լիբանանի այժմու իրավիճակը: Ռուս դիւանագէտը այս առիթով վերահաստատեց Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու Լիբանանի վերականգնումի ճիգերուն, միաժամանակ ընդգծելով, որ Ռուսիա նախանձախնդիր է միջամուխ չդառնալու լիբանանեան ներքին հարցերու տնօրինումին:
Չորս Օգոստոսը` Ազգային Սուգի Օր
Նախագահ Միշէլ Աուն երէկ արտակարգ որոշումով 4 օգոստոսը նշանակեց Ազգային սուգի օր, ի յարգանք Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումին զոհ գացած քաղաքացիներու յիշատակին: Այս գծով համապատասխան հրամանագիրը պիտի հրապարակուի մօտ ատենէն: