Երէկ Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ ազգային ուժերու համախմբումը Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը:
Հայ ժողովուրդի կրած ցեղասպանութեան տարեկան ոգեկոչումի մթնոլորտին մէջ Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ ազգային ուժերու համախմբումը ընդգծեց, թէ որքա՛ն ալ ժամանակ անցնի, այդ ջարդերը պիտի մնան իբրեւ ամօթի խարան` զայն գործադրողներու ճակտին:
Համախմբումը դիտել տուաւ, թէ թրքական վարչակարգին կողմէ այդ ջարդերու գործադրութեան հերքումը նպաստեց նոր ջարդերու կատարման եւ ահաբեկչութեան զօրակցական քաղաքականութեան, ինչպէս որ պարզեց Սուրիոյ դէմ ծայր առած համաշխարհային պատերազմի դէպքերուն հոլովոյթը, ուր Թուրքիա հիմնական դեր ունէր` ահաբեկչական եւ հաւատադրժող խմբաւորումներուն զօրակցութեամբ, ինչ որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:
Կուսակցութիւններու համախմբումը ողջունեց հայ ժողովուրդի դիմադրողական ոգին` հաստատելով, որ անիրաւութեան եւ բռնատիրութեան ընդդիմութիւնը մարդկային պարտականութիւն է, որուն շուրջ պէտք է համախմբուին աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, յատկապէս այս օրերուն, երբ ականատես կ՛ըլլանք պաղեստինցի ժողովուրդին մօտ իր պայքարի շարունակման վճռակամութեան, մինչեւ իր հողին ու սրբավայրերուն ազատագրումը: