Երէկ` երեքշաբթի, 8 մայիսին, սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ճակատումները, երբ տեղի ունեցաւ առաջին մրցումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի միջեւ:
Այս առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, որ իր ցուցադրած բացառիկ եւ տպաւորիչ մրցումով, 94-83 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը (19-28, 32-17, 73-65, 94-83) եւ բնականաբար 1-0 արդիւնքով գերազանցեց զայն:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:
Պէտք է ըսել, որ երէկուան այս մրցումին, մինչ դաշտին վրայ տիրապետող եղաւ ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմը, անդին, թրիպիւնները ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրները շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անդադար քաջալերեցին իրենց կազմը եւ աւարտին յաղթանակը տօնեցին միասնաբար` սպասելով այլ յաղթանակներու` այսօր եւ յառաջիկայ օրերուն:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, ինչպէս վերեւ նկատելի եղաւ, միայն առաջին քորթըրին է, որ Ռիատի տիրապետեց, մինչ մնացեալներուն` ՀՄԸՄ:
ՀՄԸՄ նոյնիսկ կէտերու տարբերութիւնը յաջողեցաւ հասցնել 15-ի (91-76):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեմ Եանկ (22), ապա` Ուոլթըր Հոճ (21) եւ Իսմայիլ Ահմետ (19, ներառեալ 4 թրի փոյնթ):
Մրցումին ներկայ գտնուեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, նորընտիր երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ուալիտ Նասսար: