Լիբանանի մէջ տագնապալի վիճակը հետզհետէ աւելի կը պարտադրէ ինքզինք, կառավարական կողմեր կը փորձեն որոշ քայլերով մեղմել կացութիւնը, որ բաւական ծանրացած է, իսկ լիբանանցիներ տարբեր ձեւերով կը շարունակեն լսելի դարձնել իրենց բողոքի ձայնը:
Լումայափոխներուն Մօտ Սկսաւ Գործել
Ելեկտրոնային Հարթակը
Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Հասան Տիապի, Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէի, եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Հանդիպումէն ետք Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը մեկնարկը տուած է լումայափոխներուն մօտ «Սայրաֆա» կոչուող ելեկտրոնային հարթակին, որ պիտի կարգաւորէ լումայափոխներուն միջեւ լիբանանեան դրամանիշի փոխանակման սակերը, եւ որուն պիտի միանան արտօնագրուած լումայափոխները:
Սալամէ յայտնեց, որ երէկ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան թղթոսկիին սակն էր 3850-3900, որուն հիման վրայ հարթակին վրայ կատարուեցան աւելի քան 8 միլիոն տոլար արժող գործարքներ: Ան բացատրեց, որ այս հարթակը պիտի աշխուժանայ եւ պիտի դառնայ շուկայի համար հիմնական աղբիւրը, որ կապուած է տարբեր դրամանիշներու փոխանակման, յատկապէս` ամերիկեան տոլարին եւ լիբանանեան թղթոսկիին միջեւ:
Ըստ Սալամէի` սեւ շուկայի ճամբով իրականացուող գումարներու ծաւալը քիչ է: Ան յայտնեց, որ դրամատուները կրնան միանալ այս հարթակին, սակայն անոնց մօտ պաշտօնական փոխանակման սակը պիտի մնայ 1515 լիբանանեան ոսկի, որովհետեւ ատիկա կ՛օգնէ հսկողութեան տակ առնելու վառելանիւթերու, դեղորայքի, ուտեստեղէնի եւ ալիւրի գիները: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը, ինչպէս աշխարհի որեւէ այլ կեդրոնական դրամատուն, հնարաւորութիւն չունի մօտենալու սեւ շուկային, որ, ըստ Սալամէի, պէտք եղածէն աւելի «քարոզչութիւն» կը ստանայ, քանի որ շարժումը այնտեղ քիչ է եւ ոչ կազմակերպուած: Կառավարիչը շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատունը ոչ մէկ կապ ունի սեւ շուկային հետ եւ ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կը կրէ հոն տեղի ունեցածին համար: Սալամէ ընդգծեց, որ Կեդրոնական դրամատան նպատակն է ըլլալ շուկաներու ամէնէն մեծ մասը, ուր կը փոխանակուին դրամանիշներ` կազմակերպուած շուկաներու եւ դրամատուներու ծիրին մէջ:
Տնտեսութեան Նախարարութեան Աջակցութիւնը
Վայելող Ապրանքատեսակներու Ցանկը Պիտի Ընդլայնուի
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ վարչապետարանին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ կը պատրաստուի ծրագիր մը, որ պիտի սկսի գործադրուիլ յաջորդ շաբաթ, եւ որուն նպատակն է թեթեւցնել տոլարի փոխանակման սակին պատճառած վնասը քաղաքացիներուն` ընդարձակելով հիմնական նիւթերու եւ սննդեղէնի ցանկը, որ կը վայելէ նախարարութեան աջակցութիւնը: Ան նշեց, որ նախարարութիւնը պիտի աջակցի աւելի քան 200 ապրանքատեսակներու` 3200 լիբանանեան թղթոսկիի փոխանակման սակով, եւ պիտի ստուգէ անոնց գիները, երբ անոնք ներածուին, եւ քաղաքացիները տեղեակ պիտի պահուին այդ գիներէն:
«Ինչպէս որ մեր կայքէջին վրայ տեղադրեցինք այն ապրանքատեսակները եւ գիները, որոնք նախարարութեան աջակցութիւնը կը վայելեն, պիտի տեղադրենք նաեւ նոր ապրանքատեսակները, եւ եթէ քաղաքացին այդ ապրանքները խանութներուն մէջ տեսնէ տարբեր գիներով, ան կրնայ կապուիլ մեզի, որպէսզի ձեռնարկենք անհրաժեշտ միջոցներու` դադրեցնելու համար ագահութիւնը: Այս ցանկը մեզի թոյլ պիտի տայ հոգալու քաղաքացիի կարիքներուն 70-80 առ հարիւրը` պենզինը, վառելանիւթը, մազութը, հացը, դեղորայքը, ինչ որ պիտի բարձրացնէ գնելու կարողութիւնը», ընգդծեց նախարարը:
Լիբանանեան Դրամանիշի Յաւելեալ Արժեզրկումը
Պատճառ Դարձաւ Բողոքի Ցոյցերու
Նկատի ունենալով, որ լիբանանեան դրամանիշը յաւելեալ արժեզրկում կրեց, եւ սեւ շուկային մէջ սակը հասաւ մինչեւ 9000 լիբանանեան ոսկիի` մէկ տոլարին դիմաց, լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բողոքի ցոյցերը բռնկեցան: Որոշ շրջաններու մէջ հանրախանութներ, ուտեստեղէնի խանութներ, ճաշարաններ եւ սրճարաններ ստիպուեցան փակել իրենց դռները` չկարենալով իրենց գործին անհրաժեշտ ապրանքները ապահովել:
Քանի մը անգամ Ժիէյի մայրուղին փակուեցաւ երկու ուղղութիւններով, սակայն բանակը յաջողեցաւ զայն վերաբանալ` ցուցարարները մղելով դէպի ներքին ճամբաները:
Սայտայի մէջ խումբ մը թաքսիի վարորդներ փակեցին ճամբան Էլիայի խաչմերուկին մօտ` բողոքելով տնտեսական եւ կենցաղային պայմաններուն, ամերիկեան տոլարի բարձրացումին եւ սղաճին դէմ` տրուած ըլլալով, որ թաքսիի սակը տակաւին կը մնայ 2000 լիբանանեան ոսկի:
Ցուցարարները նաեւ փակեցին Թաալպայի, Պաալպեք-Քայի մայր ճամբաները, Տէյր Ամարի, Մահմարայի, Պատաուիի, Ժըտիթայի մայրուղիները, Զահլէի Ֆայտայի ճամբան, Հալպայի հրապարակը եւ Զահլէի հրապարակը` Ֆըրզելի ուղղութեամբ:
Ցուցարարներ նաեւ անիւներով եւ աղբերով փակեցին Թրիփոլի- Աքքար մայրուղին, եւ ուրիշներ` քարերով եւ արգելքներով փակեցին Մինա-Պէյրութ մայրուղին:
Ներխուժում` Ընկերային Հարցերու
Նախարարութեան Շէնք
Խումբ մը ցուցարարներ ներխուժեցին Պատարոյի մէջ Ընկերային հարցերու նախարարութեան շէնք եւ ուղղուեցան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի գրասենեակը, սակայն նախարարը հոն չէր: Անոնք պահանջեցին հանդիպիլ նախարարին հետ, որպէսզի լսէ իրենց պահանջները:
Ցուցարարները շեշտեցին, որ նախարարութիւնը հանրային նստավայր է, եւ ոեւէ անձ կրնայ մուտք գործել: Անոնք ընդգծեցին, որ այս նախարարութիւնը ամէնէն կարեւոր դերը ունի կենցաղային այս վատ պայմանները լուծելու հարցին մէջ, եւ նախարարը մեղադրեցին իր պարտականութիւնները չկատարելուն համար:
Ապահովութեան ուժերը մտան եւ զանոնք համոզեցին դուրս գալ գրասենեակներէն: Ցուցարարները անկէ ետք հաւաքուեցան նախարարութեան շէնքի մուտքին: