Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն` Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով:
Հեռագիրին մէջ Մաքրոն կը նշէ, թէ Ֆրանսա մնայուն նեցուկ է Լիբանանին` ընդգծելով, որ Ֆրանսայի համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելը խիստ կարեւոր է:
Մաքրոն մտահոգութիւն կը յայտնէ այն տագնապէն, որուն մէջ ներկայիս Լիբանան կը խրի:
Ան կը հաստատէ, որ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը առաջին փուլն էր` տագնապէն դուրս գալու նպատակով, «հետեւաբար կառավարութիւնը, ձեր զօրակցութեամբ, պէտք է գործադրէ այն բարեկարգումները, որոնց մասին յանձնառութիւն յայտնեցին լիբանանեան իշխանութիւնները: Այս իմաստով պէտք է նաեւ կայծակնային արագութեամբ կառավարութիւնը սկսի իր աշխատանքներուն», կ՛ըսէ ան:
Մաքրոն կը յայտնէ, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած բռնարարքներու վերջին տեսարաններն ու անոնց վտանգները ուղղակիօրէն կապուած են իշխանութեան աշխատանքը անդամալուծելու քայլերուն:
«Միջազգային ընտանիքին մէջ Լիբանանի իսկական բոլոր բարեկամները պատրաստ են ձեզի օժանդակելու: Սակայն եթէ լիբանանցի պատասխանատուները գործնական քայլերու չդիմեն` վստահութիւնը վերականգնելու նպատակով, ապա Լիբանանի շրջանային մեկուսացումը պիտի կրկնապատկուի, հակառակ անոր որ Ֆրանսա կը փափաքի օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի զայն այդ վիճակէն դուրս բերէ», կը նշէ Մաքրոն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց փոխվարչապետ Սաատէ Շամին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Լիբանանի միջեւ կայացող բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Շամի յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի կատարած թեքնիք բանակցութիւնները աւարտած են եւ մուտք գործած են տնտեսական ու դրամական քաղաքականութիւններու շուրջ բանակցելու փուլ:
Շամի նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը ներկայացնող պատուիրակութիւնը մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան:
Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր նախարար անհատաբար կ՛աշխատի իր թղթածրարներուն վրայ, պայմանով որ իւրաքանչիւր նախարարութեան պատրաստած թղթածրարին աւարտէն ետք կառավարութիւնը յայտարարէ իր ծրագիրը:
Շամի նկատել տուաւ, որ այդ ծրագիրին յայտարարութեան եւ վաւերացումին համար կառավարութիւնը պէտք է նիստ մը գումարէ:
Ան յոյս յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը մօտիկ ապագային գումարէ իր նիստը:
Շամի շեշտեց, որ իշխանութեան երեք պետերը կ՛աշխատին կառավարութեան նիստ մը գումարելու ուղղութեամբ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին:
Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրավիճակն ու նախարարութեան կապուած վարչութիւններուն վերաբերող հարցեր: