Վերջերս մահացած լիբանանահայ ծանօթ երաժիշտ Արա Քեքեճեանի նուիրատուութեան շնորհիւ` «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը (Լիբանան) ենթարկուած է ամբողջական վերանորոգման ու բարելաւման:
«Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը արդէն կը գործէ նոր տեսք ու կերպարանք ստացած իր կեդրոնատեղիին մէջ` «Արա Քեքեճեան յարկ» անուան տակ:
Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բարերարին, որ իր եղբօր սրտաբուխ մասնակցութեամբ զօրավիգ կանգնեցաւ Համազգայինի մշակութային առաքելութեան` մեծապէս թեւեցնելով մեր ուսերուն ծանրացած նիւթաբարոյական բեռը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ