Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երեքշաբթի առաւօտեան Հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցաւ Աշուրայի բազմամարդ երթ մը:
Աշուրայի երթի աւարտին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հանդէս եկաւ պատկերասփռուած ճառով մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանանը տարիներէ ի վեր շրջափակուած է, սակայն այդ իրականութիւնը իր ազդեցութիւնը չէ ունեցած եւ պիտի չունենայ իրենց կամքին ու կորովին վրայ: «Լիբանանի եւ անոր քաղաքացիներուն համար խոստմնալից ապագայի մը կը ձգտինք», ըսաւ ան:
Նաւթի եւ ծովային սահմանագծումին հարցով կը սպասենք պատասխանի մը, որ յառաջիկայ օրերուն պէտք է յստականայ` լիբանանեան պետութեան ներկայացուցած պահանջներուն ի տես: «Բայց եւ այնպէս Աշուրայի առիթով ձեզի կ՛ըսեմ, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ ամէն տեսակի հաւանականութիւններու: Նախորդ օրերուն ականջալուր դարձանք Լիբանանի դէմ կարգ մը սպառնալիքներու եւ յայտարարութիւններու: Սակայն Լիբանանի հետ ձեր հաշիւը տարբեր է, իսկ յուլիսեան պատերազմը հեռաւոր անցեալին պատահած չէ, հետեւաբար Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին հետ մի՛ սխալիք», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանանի հարստութիւններուն վրայ երկարող ձեռքը պիտի կոտրուի, նման այն ձեռքին, որ երկարած էր լիբանանեան հողերուն, գիւղաքաղաքներուն եւ լիբանանցիներուն վրայ: «Ծովային սահմանագծումին, կազին եւ նաւթին մասին մենք մեր կեցուածքին կառչած կը մնանք եւ յառաջիկայ օրերուն լիբանանեան պետութեան ստանալիք պատասխաններուն հիման վրայ պիտի տանք մեր որոշումները: Սակայն այս առիթով բոլոր լիբանանցիներուն, յատկապէս Դիմադրութեան առանցքին կ՛ըսեմ, որ պէտք է բոլոր հաւանականութիւններուն պատրաստ ըլլալ: Այս պայքարին իմաստով մենք շատ լուրջ ենք», շեշտեց ան:
Իր խօսքը ուղղելով ամերիկացիներուն, որոնք իսկական միջնորդներ չեն, եւ իսրայէլացիներուն, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Լիբանանը եւ լիբանանցիները այսուհետեւ պիտի չարտօնեն, որ իրենց հարստութիւնները զաւթուին: Մենք հասած ենք ճամբուն աւարտին, հետեւաբար ոչ ոք թող փորձէ մեզ, կամ գրաւ դնէ մեզ վախցնելու կարելիութեան վրայ: Դիմադրութիւնը իր զէնքով այսօր ամէն ժամանակէ աւելի հզօր է, ուրեմն մի՛ սխալիք Լիբանանի, լիբանանցիներուն եւ անոր Դիմադրութեան հետ` ո՛չ կազի ու նաւթի հարցով, ո՛չ ծովային սահմանագծումին հարցով եւ ո՛չ ալ Լիբանանի վրայ յարձակելու հարցով»:
Թշնամի Իսրայէլին ուղղելով իր խօսքը` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ոեւէ անհատի վրայ յարձակումը անպատիժ կամ անպատասխան պիտի չմնայ: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական, ժողովրդային եւ պաշտօնական համագործակցութեան` շրջանցելու համար ներկայ դժուարութիւններն ու առկայ տագնապները:
Սէյիտ Նասրալլա լուրջ նկատեց իր ամբողջ իրաւասութիւններով օժտուած նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը, յատկապէս երբ մարդիկ սկսած են սպառնալ նախագահական թափուր աթոռի կացութեան մը հաւանականութեամբ:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք անդրադարձաւ սէյիտ Նասրալլայի զգուշացումներուն, որոնք կը վերաբերէին ծովային սահմանագծումի թղթածրարին` պահանջելով խուսափիլ նման յորդորներէ եւ բառամթերքէ, որովհետեւ անոնք աւելի եւս կրնան սրել արդէն խախուտ կացութիւնը: