ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան «Արմէնփրէս»ի լրագրող Աննա Գզիրեանին տուած զրոյցին ընթացքին ներկայացուց Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային վիճակը եւ անոր ազդեցութիւնը գաղութի կեանքին վրայ:
Ըստ անոր՝ Լիբանանի մէջ տակաւին կայ ընկերային, տնտեսական ծանր վիճակ, երկիրը կը շարունակէ մնալ ֆինանսական-տնտեսական պաշարման մէջ:
«Երկրին մէջ ընկերային եւ տնտեսական ծանր կացութիւն կայ: Սղութիւնը ամէն տեղ է, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ կան, սակայն գիները մատչելի չեն, ինչ որ կ՛առաջնորդէ ճգնաժամի: Անգործութիւնը, սղաճը, լիբանանեան թղթոսկիի կտրուկ արժեզրկումը լուրջ հարցեր կը ստեղծեն: Այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ՛ունենան հայ գաղութին վրայ, որուն օրակարգը ամբողջութեամբ փոխուած է: Առաջնահերթութիւն դարձած է կարիքաւորներուն օգնելը», ըսաւ Շահան Գանտահարեան:
Կաթողիկոսութիւնը, թեմի ազգային առաջնորդարանը, համայնքին մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւնները, անոնց առընթեր բարեսիրական միութիւնները կը փորձեն առաւել կարիքաւորներուն կենսական օժանդակութիւն տրամադրել: Իրենց աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն նաեւ նախկին լիբանանահայերը, որոնք քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հաստատուած են այլ երկիրներ: Լիբանանի հայ համայնքի ներկայ օրակարգին վրայ է ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելը, կարիքաւորներուն աջակցութիւն ցուցաբերելը եւ հակաճգնաժամային ծրագիրներ իրականացնելը:
«Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու նաեւ համաճարակը: Անշուշտ, այս պահուան դրութեամբ հիւանդանոցները ամբողջութեամբ լեցուն չեն, սակայն բժշկութիւնը սուղ է, եւ պետական աջակցութեան ծրագիրները ընդգրկուն չեն: Այս բոլորը առաւել եւս կը ծանրացնեն վիճակը», յայտնեց ան:
Ընկերային հարցերէն բացի, Լիբանանի հայ համայնքը կանգնած է տեղական կառոյցներու, մամուլի, ազգային հաստատութիւններու գործունէութիւնը կայուն պահելու դժուարութեան դէմ յանդիման: Կայ հայկական դպրոցները պահելու հարցը: Ընկերային-տնտեսական դժուար կացութենէն մեկնելով՝ ծնողները պարզապէս վճարունակ չեն այլեւս: Շահան Գանտահարեան նշեց, որ տարբեր երկիրներու գաղութներ եւս կը փորձեն օժանդակել լիբանանահայ կառոյցներուն:
«Մամուլը եւս դժուարութեան դիմաց կանգնած է: Անգործ ծնողներու զաւակները խնամող հաստատութիւնը, բուժարաններ պահպանելու դժուարութիւն կայ, իսկ ֆինանսական միջոցները կը բացակային», աւելցուց Շահան Գանտահարեան:
Հասարակութեան մօտ ճգնաժամը պատճառ կը դառնայ դժգոհութիւններու, որոնք կը դրսեւորուին բողոքի ցոյցերով, ինչպէս օրինակ, եղաւ տարուան սկիզբը: Հանրային փոխադրութեան ոլորտը ներկայացնողները կատարեցին եռօրեայ ցոյց՝ պահանջելով վերանայիլ վառելանիւթի գիները: Երբեմն կը կազմակերպուին բողոքի ցոյցեր դրամատուներու, պետական կառոյցներու դէմ, սակայն անոնք զանգուածային բնոյթ չունին:
«Կարծես թէ մարդիկ յուսահատած են: Մայիսին նախատեսուած են խորհրդարանական ընտրութիւններ: Կան Լիբանանի համայնքային համակարգը վերափոխելու քաղաքացիական պետութեան պահանջներ, ինչ որ, կը կարծեմ, կտրուկ պիտի չըլլայ: Ասիկա արմատաւորուած համակարգ է, եւ կտրուկ փոփոխութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ ցնցումներու: Պիտի ըլլայ համաձայնեցուած, փուլային տարբերակով: Շուտով Լիբանանը այս պայմաններուն մէջ պիտի մտնէ ընտրարշաւի փուլ», դիտել տուաւ Գանտահարեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք լիբանանահայերուն մօտ երկրէն դուրս գալու տրամադրութիւններ կա՞ն՝ Գանտահարեան ըսաւ, որ նման միտում կայ, պարզապէս մարդիկ իրենց դրամատնային միջոցներէն օգտուելու կարելիութենէն զրկուած են, որովհետեւ սառեցուած են գումարները: Ասիկա տեղափոխուելու հիմնական խոչընդոտ է: Ըստ անոր՝ երկրէն դուրս գալու պարագային, հեռանկարային առումով, շատեր նկատի ունին նաեւ Հայաստան տեղափոխուիլը: