Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու հիմնական միջոցը` «Տունը մնացէ՛ք»-ի կոչը, տակաւին կը շարունակէ մնալ տիրական:
Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Կառավարութեան որոշումով ընդհանուր զօրաշարժի որոշումը պիտի երկարի մինչեւ կիրակի, 12 ապրիլ 2020, կէս գիշեր, իսկ երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 երթեւեկը պիտի արգիլուի եւ վաճառատուները` ի բացառութիւն ոմանց, պիտի փակուին:
Կառավարութիւնը ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիէն պահանջեց որդեգրել այնպիսի ձեւեր, որոնց համաձայն, Կեդրոնական դրամատան եւ համապատասխան մարմիններուն հետ գործակցի` իմանալու համար, թէ ինչո՛ւ երկրին ելեւմտական եւ դրամական իրավիճակը այս աստիճանի հասած է: Կառավարութիւնը պահանջեց նաեւ իմանալ Կեդրոնական դրամատան հաշուեկշիռին իսկական պատկերը, շահերն ու վնասները, ինչպէս նաեւ օտար դրամանիշի անոր պահեստը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն յանձնառու մնալու «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժի գործադրութեան:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ գտնուող կառավարական հիւանդանոցները պէտք է կահաւորուին, որպէսզի անոնք պատրաստ ըլլան անմիջական շտապ պարագաները ընդունելու:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց «Քորոնա»-ի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով պետութեան պարտադրած միջոցառումներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի հողերուն վրայ բնակութիւն հաստատողներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին տունը մնալու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ այս ժահրին տարածումը հակակշիռի տակ առնել եւ երկիրը բնականոն պայմաններու վերադարձնել:
Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր քաղաքացիներուն հանդէպ իր պարտականութիւնները պիտի կատարէ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պետական ամավարկի պահեստի գումարէն 75 միլիառ լ. ոսկի պիտի տրամադրէ Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդին, որպէսզի ան կարենայ լիբանանցիներուն ընկերային օժանդակութիւններ եւ սննդամթերք ապահովել` ընդհանուր զօրաշարժի հետեւանքով տուժած լիբանանցիներուն հասնելու նպատակով:
Տիապ ընդգծեց, որ կառավարութեան դիմաց այս է ներկայ փուլի իսկական մարտահրաւէրը: Ան անհրաժեշտ նկատեց ընդհանուր զօրաշարժը երկարաձգելու կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ փուլը չ’արտօներ կառավարութեան արտակարգ դրութիւն յայտարարել:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը տակաւին չէ ստացած Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն ինքնակենսագրականները` աւելցնելով, որ զանոնք ստանալէ ետք նախարարաց խորհուրդը ատակութեան հիման վրայ պիտի կատարէ նշանակումները:
Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը տակաւին չէ ճշդած նաեւ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի որոշումը, որ նախարար Ուազնիի կողմէ յետս կոչուած է:
Նիստէն ետք վարչապետ Տիապ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ խորքին մէջ կառավարութեան յայտարարածը արտակարգ վիճակ է` ընդհանուր զօրաշարժի շրջագիծով: Ան նշեց, որ օրէնքի հիմամբ արտակարգ վիճակի յայտարարութիւնը կրակմարի դրութիւն եւ ընդհանուր փակում կ’ենթադրէ: «Մենք այդ կացութեան մէջ չենք, եւ այդ որոշումը տալու համար 8 օր առաջ պէտք է խորհրդարանը համաձայնութիւն յայտնած ըլլայ: Այն արտակարգ վիճակը, որուն յայտարարութեան մասին պահանջ կայ, խիստ կէտեր կը պարունակէ եւ Լիբանանի մէջ կարելի չէ գործադրել», ըսաւ ան:
Տիապ յայտնեց, որ նշանակումներուն իմաստով տարակարծութիւններ չկան` աւելցնելով, որ ինք պահանջած է 2-3 թեկնածուներ, որոնց կենսագրական գիծերուն ընդմէջէն ատակութիւնը պիտի սերտուի, եւ շատ հաւանաբար յառաջիկայ հինգշաբթի օր նշանակումները կատարուին, եւ բոլոր նշանակումները նոր են:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն ճշդուեցաւ, որ ապահովութեան ուժերն ու բանակը աւելի խիստ կերպով պիտի հսկեն երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 երթեւեկի արգիլման ու վաճառատուներուն` բացի դեղարաններէն, փուռերէն եւ բժշկական սարքեր արտադրող գործարաններէն, փակումին:
Վարչապետին որոշումը պիտի գործադրուի այսօրուընէ սկսեալ:
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ
Կառավարութեան նիստէն առաջ նախագահ Աուն նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որմէ ետք խորհուրդի նախագահ հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ նախագահ Աուն հակիրճ կերպով ներկայացուցած է «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող միջոցառումները` անդրադառնալով ընդհանուր զօրաշարժի եւ արտակարգ դրութեան տարբերութեան:
Ասմար նշեց, որ վարչապետ Տիապ իր կարգին ներկայացուցած է այդ որոշումներուն հանդէպ լիբանանցիներուն յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկաները տեղեակ պահած է ընդհանուր զօրաշարժը մինչեւ 12 ապրիլ 2020 երկարաձգելու անհրաժեշտութեան մասին:
«Ապա առողջապահութեան նախարարը ընդգծեց լիբանանցիներուն կողմէ իրենց շրջագայութիւնները սահմանափակելու եւ բնակարանային մեկուսացման մէջ մնալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է արտերկրի լիբանանցիներուն տառապանքը», ըսաւ Ասմար:
Ան հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ այլ նախարարներ, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պետեր եւս քննարկումներ կատարած են, եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը որոշած է ընդհանուր զօրաշարժը մինչեւ 12 ապրիլ 2020-ի կէս գիշեր երկարաձգել, եւ արտօնութիւն տալ, որ ապահովական կառոյցները խիստ կերպով արգիլեն օրինազանցութիւնները:
Ասմար նշեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կառավարութիւնը յորդորեց արտերկրի լիբանանցիներուն վիճակին հետեւիլ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ողջունեց կառավարութեան եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին տուած որոշումն ու որդեգրուած մօտեցումը` առողջապահական արտակարգ իրավիճակին վերաբերեալ: Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութեան տուած որոշումը դրական քայլ մըն է, որ դէպի ճիշդ ուղղութիւն կ’առաջնորդէ:
«Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 368-ի
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 368-ի:
Նախարարութիւնը հաստատեց, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 35 նոր պարագաներ, ինչպէս նաեւ արձանագրուած են երկու մահուան պարագաներ:
Նախարարութիւնը ընդգծեց «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման միջոցառումներուն նախանձախնդիր մնալու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ օրինազանցները պիտի հետապնդուին:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ Պուարի կառավարական հիւանդանոցը «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու յատուկ բաժանմունք մը, ինչպէս նաեւ եւ «Քորոնա»-ի յատուկ բժշկական քննութիւններ կատարելու կարելիութիւններ ստեղծած է:
Պուարի կառավարական հիւանդանոցին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հասան յայտնեց, որ հետազօտութիւնները հաստատած են, որ «Քորոնա» ժահրը օդին մէջ չի մնար եւ մահացու չէ, բացի` յատուկ պարագաներէ:
Իր կարգին, Պուարի կառավարական հիւանդանոցին տնօրէնը հաստատեց, որ հիւանդանոցը իբրեւ առաջին փուլ կարելիութիւն ունի 38 վարակուած պարագայ ընդունելու:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը իր օրական տեղեկագիրին ընդմէջէն հաստատեց, որ իր մօտ կան «Քորոնա» ժահրով վարակուած 72 պարագաներ, որոնցմէ 6-ը փոխադրուած են այլ հիւանդանոցներէ:
Տեղեկագիրին համաձայն նշուեցաւ, որ վարակուած պարագաներէն միայն 4-ին առողջական վիճակը ապակայուն է:
Հիւանդանոցին տեղեկագիրը ընդգծեց, որ երեք այլ վարակուածներ բժշկուած են` աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրի Լիբանանի մէջ յայտնուելէն ի վեր 23 պարագաներ բժշկուած են:
Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ շեշտեց, որ ընդհանուր զօրաշարժին յանձնառու մնալու համեմատութիւնը` մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, շատ բարձր է եւ հետզհետէ կ’ուղղուի աւելի եւս բարձրանալու:
Ան նշեց, որ մայրաքաղաքը հականեխելու արշաւը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը եւս իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն` հսկելու համար կրակմարի դրութեան:
Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արհեստական շնչառութեան առաջին գործիքը շինուած է արդէն: Ան նշեց, որ հիւանդանոցներուն մէջ 500 արհեստական շնչառութեան գործիքներ կան, «սակայն որեւէ անակնկալ պարագայի պէտք է պատրաստ ըլլալ», հաստատեց ան:
Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ արհեստական շնչառութեան այդ գործիքի արտադրութիւնը դժուար է` ընդգծելով, որ օրական դրութեամբ 10 գործիք պիտի կարենան արտադրել, երբ այդ սարքի կազմութեան հում նիւթը հասնի Լիբանան:
Աֆրամ հաստատեց, որ լիբանանցի երիտասարդութիւնը հսկայ ներուժ ունի` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կան ընկերութիւններ, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ հազարաւոր դիմակներ կ’արտադրեն: «Մենք չենք ուզեր, որ ժողովուրդը «Քորոնա» ժահրէն կամ անօթութենէն մահանայ», ըսաւ ան:
Ապու Շարաֆ. «Քորոնա» Ժահրով Վարակուիլը Ամօթ Չէ. Լուռ Մի՛ Մնաք»
Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ երէկ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն լուռ չմնալու, եթէ իրենք իրենց վրայ «Քորոնա» ժահրի ախտանիշներ կը նկատեն: Ան նշեց, որ նոյնիսկ եթէ անոնք բնակարանային մեկուսացման մէջ կը գտնուին, պէտք է դիմեն հիւանդանոց, որպէսզի համապատասխան բուժումներուն ենթարկուին:
Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ լուռ մնալով լիբանանցիները Կարմիր խաչի կամաւորներուն եւ հիւանդանոցներու բժշկական անձնակազմերուն կեանքը վտանգի կ’ենթարկեն:
Ապու Շարաֆ ընդգծեց, որ այս փուլին ընթացքին բոլորը պատասխանատու են` աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուիլը ամօթ չէ: «Իրարու հետ գործակցելով եւ իրարու զօրակցելով է, որ մենք զմեզ եւ մեր շրջապատը կը փրկենք», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Ապու Շարաֆ կոչ ուղղեց բժիշկներուն այս փուլին միայն անմիջական եւ շտապ պարագաներ ընդունելու` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է յետաձգեն այն պարագաները, որոնք անմիջական բժշկական խնամքի կարիք չունին, յատկապէս` այն վիրահատումները, որոնք անհրաժեշտ չեն:
Ան վերահաստատեց, որ անձնական գրասենեակներ ունեցող բժիշկները պէտք է ենթարկուին կառավարութեան որոշումներուն եւ իրենց գրասենեակները բաց պահեն առաւօտեան ժամը 7:00-էն, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:
Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Կը Կատարէ Կառավարական Եւ Անձնական Հիւանդանոցներու Նիւթական Իր Պարտաւորութիւնները
Ելեւմուտքի նախարարութիւնը հաստատեց, որ կառավարական եւ սեփական բոլոր հիւանդանոցներուն նիւթական պարտաւորութիւնները կատարած է:
Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի եւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի ստորագրեցին միացեալ որոշում մը, որուն համաձայն, բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն ապահոված շահերէն քաղաքապետարաններուն եւ քաղաքապետական համադաշնակցութիւններուն յատկացուած նիւթական պարտաւորութիւնները` 1 յունուար 2017 – 31 դեկտեմբեր 2017, պէտք է կատարուին:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն` «Ալֆա»-ի եւ «Թաչ»-ի ընկերութիւններուն կողմէ 1122 թիւին ընդմէջէն նախաձեռնած դրամահաւաքին ընդառաջելու համար: Յայտարարութեան մէջ յայտնուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու կառավարութեան յառաջացուցած ազգային շտապին համար կարելի եղած է ապահովել 97. 401.720 լ. ոսկիի գումար մը:
«Լիբանանցիները դարձեալ փաստեցին, որ երկրին դիմագրաւած ամէնէն դժուար մարտահրաւէրներուն ընթացքին անոնք միասնական են», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ ոչ մէկ երկիր կրնայ արգիլել իր քաղաքացիներուն տունդարձը` ըլլան անոնք տեղահանուածներ կամ գաղթականներ, «յատկապէս Լիբանանը, որովհետեւ ան չի կրնար հոն ապրողները պաշտպանել, իսկ միւս կողմէ` արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձի պահանջը անտեսել», գրեց ան:
Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան պարտականութիւնը Լիբանան վերադառնալ փափաքող քաղաքացիները փոխադրել է Լիբանան: Ան նշեց, որ դեսպանատուները պէտք է սկսին տունդարձ կատարել փափաքող լիբանանցիներուն անունները արձանագրել, իսկ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը յատուկ թռիչքներով պէտք է ապահովէ անոնց Լիբանան տեղափոխումը, ուր պէտք է ենթարկուին բնակարանային մեկուսացումի: «Այսպէս կ’ըլլայ Լիբանանը», ըսաւ ան:
Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արտերկրի լիբանանցիներուն, յատկապէս օտար երկիրներու մէջ լիբանանցի ուսանողներուն օժանդակութիւն հասցնելու, յատկապէս այն ուսանողներուն, որոնք նիւթական ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուին:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ իրենք դեսպանատուներուն միջոցով կ’աշխատին անոնց առողջապահական պայմանները երաշխաւորել, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ճիգեր ի գործ դնել` զանոնք Լիբանան վերադարձնելու նպատակով:
Ապահովական առումով Ռաշայայի բանտէն 5 արգելափակեալներ փախուստ տուին: Ներքին ապահովութեան ուժերը հետապնդումի ենթարկեցին փախստական բանտարկեալները եւ կրցան անոնցմէ մէկը ձերբակալել: