Առողջապահութեան նախարար Հասան Համատ երէկ յետմիջօրէին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին պարագան:
Համատ ընդգծեց, որ վարակ ունեցողը 45-ամեայ կին մըն է` Իրանի Քում քաղաքէն Լիբանան հասած` աւելցնելով, թէ անոր առողջական վիճակը կայուն է:
Հասան Համատ նկատել տուաւ, որ կան երկու այլ կասկածելիներ, որոնք տակաւին քննութիւններու կ՛ենթարկուին` հաստատելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած առողջապահական միջոցառումները լուրջ են:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան` Լիբանանի հետ գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին, որ յատուկ մեկուսարաններ տրամադրեց «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բուժման:
Նախարարը յայտնեց, որ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ` աւելցնելով, որ իրենք կապ պիտի պահեն նոյն օդանաւով Իրանէն Պէյրութ ժամանած մնացեալ ճամբորդներուն հետ, որպէսզի բժշկական քննութեան ենթարկեն զանոնք եւ ըստ այնմ որոշեն առնուելիք յաջորդ քայլերը:
Համատ նկատել տուաւ, որ իրարանցում պէտք չէ ստեղծել, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն մեծ համեմատութեան բուժումը կարելի է` աւելցնելով, որ ամբողջ աշխարհին մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն միայն 2,5 առ հարիւրը կը մահանայ:
Հասան Համատ դիտել տուաւ, որ իրենք լրջօրէն կը հետեւին իրադարձութիւններուն` աւելցնելով, որ թռիչքները կասեցնելու ոչ մէկ որոշում պիտի տան նախքան վարչապետ Հասսան Տիապի հետ խորհրդակցիլը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած այս պարագան միակն է` աւելցնելով, որ արտակարգ վիճակ յայտարարելու կարիք չկայ:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ «Քորոնա» ժահրի ախտանշաններ նկատելու պարագային հեռաձայնեն հետեւեալ թիւին. 76-592699:
Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ հերքեց Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցները փակ պահելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրը` հաստատելով, որ խուճապ ստեղծելու կարիք չկայ:
Միւս կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Համատ Հասանի հետ եւ անկէ իմացաւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած առաջին պարագային մանրամասնութիւնները: Նախագահ Աուն քննարկեց նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած միջոցառումները` ստուգելու համար Լիբանան ժամանողներուն «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալը:
Հասան նախագահ Աունի յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագան համապատասխան բուժման կ՛ենթարկուի, ըստ համաշխարհային մակարդակով որդեգրուած առողջապահական չափանիշերուն: