«Շատ պիտի ուզէի այս շքանշանը ստանալ հերոսածին Սարդարապատի հողին վրայ, սակայն կամքէ անկախ պատճառներով այսօր կը ստանամ, բայց որովհետեւ այս դեսպանատունն ալ հայկական հող է, իսկ Հայաստանի ամէն մէկ թիզ հող մեզի համար ե՛ւ Ծիծեռնակաբերդ է, ե՛ւ Սարդարապատ է, ե՛ւ Զանգեզուր է, ե՛ւ Արցախ, ես զայն ստացած կը սեպեմ 28 մայիսին առիթով, 28 մայիսին, նոյնիսկ եթէ օրացոյցը այսօր ուրիշ թուական կը նշէ»:
Վերոյիշեալ հաստատումով, մօտեցումով եւ տրամադրութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 9 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին բանաստեղծ, մտաւորական, գրող Սարգիս Կիրակոսեան Լիբանանի մէջՀայաստանի դեսպանատան մէջ եւ դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ձեռամբ ստանձնեց 28 մայիսին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով իրեն շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալը:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ Սարգիս Կիրակոսեանի կենսագրական գիծերը ներկայացուց դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ յայտնեց, թէ նաեւ յատկանշական է պարգեւատրումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, որ առիթ եղաւ հայութեան համախմբուածութիւնը, միասնականութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը վերահաստատելու:
Ապա ան հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր Շահան Գանտահարեանը` արտասանելու իր խօսքը:
«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան իր խօսքին սկիզբը դիտել տուաւ, թէ հակառակ անոր որ ենթակայական ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ կան, ինչպէս նաեւ Սարգիս Կիրակոսեանի բեղուն գործունէութեամբ եւ գրական վաստակով լի կեանքը կը յուշէ խոր վերլուծութեան ենթարկել անոր տարիներու վաստակը, սակայն պարգեւի տուչութեան արարողութիւնն ու առիթը կը թելադրեն հեռու մնալ այդ փորձութենէն:
Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով շնորհուած մետալին հիմնական պատճառը հայրենիք – սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման իմաստով Սարգիս Կիրակոսեանի ունեցած աւանդն է: «Իրօք, ողջունելի է, որ մեր պետութիւնը նկատած է սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի բերած ներդրումը հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային կապերու աշխուժացման, համագործակցութեան եւ նոյնիսկ կառուցակարգման աշխատանքին մէջ», ըսաւ ան:
Ապա Շ. Գանտահարեան յիշեց այն նախաձեռնութիւնները զորս կատարեց Ս. Կիրակոսեան եւ որոնք Հայաստանի ու լիբանանահայութեան միջեւ ամուր կամուրջներ ստեղծեցին, ինչպէս` Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին հիմնումը, անոր կապը Հայաստանի գրողներու միութեան հետ, լիբանանահայ գրողներու Երեւան այցելութիւններն ու տարբեր համագումարներու մասնակցութիւնը, Հայաստանի գրողներու միութեան ամէնէն կարկառուն ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համագումարներուն, սփիւռքահայ գրողներու անդամակցութիւնը Հայաստանի գրողներու միութեան:
Գանտահարեան շեշտեց, որ Սարգիս Կիրակոսեան այս բոլորին կողքին նաեւ հայկական մշակոյթը դէպի արտաքին աշխարհ ճանաչողականութեան խնդիր ունէր եւ կարեւոր կը նկատէր սատար կանգնիլ օտարալեզու գրողներու հայրենիքի մէջ համախմբման: Այս ծիրին մէջ կայացան լիբանանցի նշանաւոր գրողներու այցելութիւնը Երեւան եւ անոնց մասնակցութիւնը միջազգային համագումարներուն:
«Սարգիս Կիրակոսեանին շնորհուող պարգեւին առիթով նախագահի հրամանին մէջ օգտագործուած են Հանրապետութեան տօն, հայրենիք, սփիւռք, մշակոյթ, աւանդ, Մովսէս Խորենացի բառերն ու անունները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը հսկայական խորհուրդ ունի իր մէջ պարփակող: Սարգիս Կիրակոսեանը կ՛արժանանայ մեր պատմութեան նախահօր անունը կրող մետալին, հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային կապերու համար նկատառելի աւանդ ապահոված ըլլալուն համար, Հայաստանի հանրապետութեան կողմէ, հայոց պետականութեան վերականգնման եւ անկախութեան կերտման տօնին առիթով», եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:
Ապա դեսպան Աշոտ Քոչարեան Սարգիս Կիրակոսեանին յանձնեց «Մովսէս Խորենացի» մետալը:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ յուզիչ եւ յատկանշական նկատեց պարգեւատրումը Հայաստանի անկախութեան հռչակման` 28 մայիսին առիթով` դիտել տալով, որ այս իրողութիւնը շատ աւելի մեծ ու խոր տարողութիւն կու տայ շնորհուած շքանշանին:
«Ես մէկն եմ այն սերունդէն, որուն ներկայացուցիչներս տակաւին 3-4 տարեկան, ՀՄԸՄ-ական կակուղ թաթիկ, մեր աչքերը լոյսին բացինք, տակաւին անգիտակից, մայիս 28-ի խորհուրդով, Եռագոյնի շուքին տակ, մեծցանք Եռագոյնով, եւ Եռագոյնը մեծցաւ մեր սրտերուն մէջ: Եռագոյնը, 28 մայիսը, Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը սրբազան մասունքի պէս բարձր պահեցինք, պահ մը նոյնիսկ մէկդի ձգելով մեր կուսակցական, միութենական դրօշակները, եւ զայն վերադարձուցինք իր հարազատ իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք: Այսօր այս պահը ինծի համար, անկախ իր գրական բովանդակութենէն, նաեւ ազգային ամբողջական բովանդակութիւն ունի, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման այո՛ պատասխանած մեծ ժողովուրդի վճռական որոշումէն ասդին չկան, եւ կը կարծեմ, պէտք չէ ըլլան արեւմտահայ եւ արեւելահայ, սփիւռքահայ եւ արցախահայ, այլ կայ մէկ ժողովուրդ, հայ ժողովուրդ` իր ամբողջական մշակոյթով, իր ամբողջական տեսլականով` ազատ, անկախ, ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեամբ կերտման տեսլականով», հաստատեց Սարգիս Կիրակոսեան:
Ան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր գրող` իբրեւ անկեղծ ու համեստ զինուոր, կը հսկէ եւ պիտի շարունակէ հսկել 28 մայիսի ազգային գաղափարախօսութեան պահպանման, ուռճացման, հզօրացման եւ ամբողջացման նուիրական գործին: Այս առումով Ս. Կիրակոսեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց` դեսպանին ճամբով, Հայաստանի նախագահին, Հայաստանի իւրաքանչիւր այրին, ամէնէն բարձրաստիճանէն մինչեւ պարզ զինուորին, որոնք իբրեւ հայ ժողովուրդի արթուն պահակներ կը հսկեն մեր դիրքերուն: Անոր համաձայն, այս շքանշանները ստացողները ինքնաբերաբար կը դրուին շատ լուրջ ու ծանր պարտաւորութիւններու տակ, ուստի պէտք է նոյն վճռակամութեամբ, հաւատքով ու նուիրումով ծառայել հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին: