Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2020-ին, Աշուրայի առաջին գիշերուան սգոյ երեկոյին ընթացքին յայտնեց, որ թշնամիին խառնուածքն ու ինքնութիւնը հասկնալու համար պէտք է իմանալ անոր պատմութիւնը:
Ան ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի ապահովութեան եւ կայունութեան սպառնացող գլխաւոր վտանգը Իսրայէլն է, իսկ Միացեալ Նահանգներ միջազգային ապահովական կայունութեան սպառնացող գլխաւոր մարտահրաւէրը կը նկատուի:
«Երբ այս երկու պետութիւններուն անցեալը կը կարդանք, կրնանք լաւապէս ըմբռնել անոնց ներկան», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանանին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հարցերը կարգախօսներով, մակերեսային կեցուածքներով, ընդվզումներով եւ ոչ խորքային մեկնաբանութեամբ կարելի չէ լուծել, այլ` պատմութենէն դասեր քաղելով: