Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով առաջին մահը արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ վարակուած են 11 այլ պարագաներ:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին հրապարակած երէկուան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 52-ի:
Հիւանդանոցը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 3 պարագաներէն բացի, մնացեալը կը գտնուին առողջական կայուն վիճակի մէջ:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին տնօրէնը հաստատեց, որ 5 մարտ 2020-ին հիւանդանոց եկած լիբանանցին բաւական խոցելի վիճակով հասած է` աւելցնելով, որ բժշկական անհրաժեշտ ամբողջ խնամքը տրուած է հիւանդին, սակայն անոր թոքերուն բորբոքումը բարձրացած է, եւ ջերմութենէն սիրտը կեցած ու մահացած է:
Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ կան աւելի քան 7 հիւանդանոցներ, որոնք կը պատրաստուին ընդունելու «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ` աւելցնելով, որ տակաւին կարիքը կայ, որ այլ հիւանդանոցներ եւս պատրաստուին ընդունելու «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաները:
Ան շեշտեց, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը 120 պարագայ կրնայ ընդունիլ:
Իր կարգին, Սեփական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ եթէ «Քորոնա» ժահրը տարածուի, ապա անկարելի պիտի ըլլայ զայն հակակշիռի տակ առնել:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուած առաջին մահը կը մղէ, որ իրենք յաւելեալ պատասխանատուութեամբ գործեն եւ պայքարին «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին կողքին այլ տարրալուծարաններ նաեւ սկսած են «Քորոնա» ժահրի բժշկական քննութիւն կատարել:
Անոնք են` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի, Յունական հիւանդանոցի, «Ռըզք» հիւանդանոցի եւ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցի տարրալուծարանները:
Նշենք, որ մշակոյթի նախարար Ապպաս Մուրթատայի որոշումով` Լիբանանի պետական թանգարանն ու հնութիւններուն մօտ կամ այլ վայրերու մէջ մշակոյթի նախարարութեան պատկանող բոլոր թանգարանները փակ պիտի մնան ցնոր տնօրինում:
Միւս կողմէ, Պէյրութի քաղաքապետութեան որոշումով մայրաքաղաքին հանրային պարտէզները փակ պիտի մնան` պահպանելու համար քաղաքացիներուն առողջութիւնը եւ կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
Պետական հաստատութիւններու վարչութիւններու պաշտօնէութեան լիկան յայտնեց, որ վաղուընէ սկսեալ մինչեւ ուրբաթ աշխատանքները պիտի դադրեցնէ` գրասենեակները հականեխելու նպատակով: