Արտերկրի Լիբանանցիներուն Տունդարձը Պիտի Սկսի Կիրակի Օր, Իսկ Ելեւմտական Մարզի Նշանակումներն Ու Պետական Քննութիւնները Յետաձգուած Են
Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակին առընթեր ելեւմտական մարզին մէջ պետական նշանակումներու թղթածրարը նաեւ դարձած է փշոտ հարց:
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նիստէն բացակայեցան Մարատա հոսանքի նախարարներ Միշել Նաժժար եւ Լամիա Եամմին` նկատի ունենալով, որ Մարատա հոսանքը համաձայն չէր կատարուելիք նշանակումներուն, եւ օր մը առաջ անոր ղեկավարը սպառնացած էր, որ Մարատայի նախարարները կրնան հրաժարիլ կառավարութենէն:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց կառավարութեան կողմէ ելեւմտական-տնտեսական ծրագիրը անյապաղ մշակելու կարեւորութիւնը, հակառակ երկրին մէջ տիրող առողջական լուրջ տագնապին:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն վերադարձը պէտք է բծախնդրօրէն կազմակերպուի` ապահովելու համար թէ՛ վերադարձողներուն, թէ՛ անոնց միջավայրին մէջ ապրող քաղաքացիներուն առողջութիւնը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը նոյն ձեւով չի կրնար շարունակուիլ` հաստատելով, որ կան շրջաններ, ուր ընդհանուր զօրաշարժը գրեթէ չի յարգուիր: Ան աւելցուց, որ վարչապետը ընդգծած է, թէ ներկայ իրավիճակին ու խախտումներուն նոյնը մնալու պարագային, կառավարութիւնը պիտի ստիպուի աւելի ծանր ու խիստ միջոցառումներ որդեգրել:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ վարչապետը շեշտած է, թէ ազգային մարտահրաւէրները կ’ենթադրեն առաւելագոյն չափով առողջական մեկուսացում եւ ոչ թէ առաւելագոյն չափով յաւելաբանութիւններ:
«Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ տիրող կացութիւնը քաղաքական տարակարծութիւններ չի պահանջեր, այլ` այդ տարակարծութիւններէն հրաժարելու քայլերու կարիք ունի: Աստուած օգնէ լիբանանցիներուն, բոլոր շրջաններուն մէջ, որովհետեւ կարծէք անոնց կեանքին տարբեր մարզերուն մէջ «Քորոնա»-ն տարածուած հիւանդութիւն մըն էր», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Ան նշեց, որ ելեւմտական մարզի նշանակումներուն հարցով վարչապետ Տիապ հաստատած է, որ այդ նշանակումները պէտք է ատակութեան չափանիշին հիման վրայ կատարուին, եւ ոչ թէ քաղաքական շահակցական մօտեցում ցուցաբերուի անոնց նկատմամբ:
«Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան նշանակումները հիմնուած պէտք է ըլլան փորձառութեան վրայ, յատկապէս անոր համար, որ Լիբանան նոր փուլ կը թեւակոխէ: Ելեւմտական մարզի նշանակումներուն համար յստակ չափանիշներ ճշդուեցան` իբրեւ արտակարգ պայմաններու մէջ գործող արտակարգ կառավարութիւն, հետեւաբար կարելի չէ բացթողումներ արձանագրել: Նկատի ունենալով, որ կատարուելիք նշանակումները մեզի չեն ներկայացներ, այսօրուան նիստէն յետս կը կոչենք նշանակումներու թղթածրարը», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Ան աւելցուց, որ վարչապետ Տիապ յայտնած է, թէ կառավարութիւնը ստիպուած է արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձին իմաստով որդեգրուած դրութիւնը փոփոխութեան ենթարկել` վերադարձողներուն «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարելով:
Ապտել Սամատ նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշած է կազմել այլ շտապ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ բանտերուն մէջ «Քորոնա»-ի վարակի տարածման կանխարգիլումը:
Նախագահական պալատին մէջ վարչապետ Տիապ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ արդարութեան նախարարութեան որդեգրած նոր գործիքակազմի շրջագիծին մէջ շուրջ երեք հազար արգելափակեալներ ազատ պիտի արձակուին:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ եթէ ի յայտ գայ, որ Լիբանան վերադարձող արտերկրի քաղաքացիներուն մեծ մասը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, թռիչքները պիտի կասեցուին:
Իր կարգին, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր յայտնեց, որ հակառակ այն յառաջդիմութեան, որ նշանակումներու պարագային կառավարութեան ներկայացուեցան նուազագոյնը երեք թեկնածուներու կենսագրականներ, որպէսզի անոնց հիման վրայ կատարուին նշանակումները, «եւ հակառակ անոր որ ատակ թեկնածուներ կան, կը նախընտրեմ նոր գործիքակազմ մը որդեգրել ելեւմտական մարզի նշանակումներուն համար, որպէսզի նշանակուի ամէնէն ատակը, կարողը, յանդուգնը եւ պարկեշտը», ըսաւ ան:
Ուշ երեկոյեան, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ յայտարարեց, որ պետական քննութիւնները յետաձգուած են, ցնոր տնօրինութիւն:
Ան հաստատեց նաեւ, որ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը չէ աւարտած` հաստատելով, որ նման որեւէ որոշում պէտք է տրուի կրթական մեծ ընտանիքին հետ խորհրդակցելով:
Վարչապետարանին Մէջ Զոյգ Շտապներու Նիստեր
Վարչապետ Տիապ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի ազգային շտապի, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը ծրագրող շտապի զոյգ նիստերուն:
Երեկոյեան ժամը 10:00-ին աւարտած նիստերէն ետք, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ին արտերկրի լիբանանցիները հայրենիք փոխադրող թռիչքները պիտի սկսին:
Ան նշեց, որ առաջին փուլին թռիչքները պիտի կատարուին Ծոցի երկիրներէն, ինչպէս նաեւ ափրիկեան այն երկիրներէն, ուր «Քորոնա»-ի ժահրը նուազ տարածուած է:
Հասան շեշտեց, որ Լիբանան վերադարձող քաղաքացիները «Քորոնա»-ի ախտորոշման բժշկական քննութիւնը պէտք է կատարած ըլլան ճամբորդելէ 72 ժամ առաջ: «Եթէ պատահի, որ արտերկրի քաղաքացի մը քննութեան չէ ենթարկուած, ապա Լիբանան հասնելէ ետք ան պիտի մնայ պանդոկի մը մէջ` կատարելու համար այդ քննութիւնը, եւ ըստ այնմ կը ճշդուի` անոր տուն փոխադրութեան կամ առողջական մեկուսարան ուղղուելու անհրաժեշտութիւնը»:
«Այս բոլոր միջոցառումները կը միտին երաշխաւորել օդանաւին վրայ գտնուող լիբանանցիներուն առողջութիւնը, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրէն լիբանանեան ընկերութեան պաշտպանութիւնը», ընդգծեց նախարար Հասան:
Հասան յայտնեց, որ առաջին փուլի արժեւորումը կատարելէ ետք է, որ կը ճշդուի երկրորդ փուլին գործիքակազմը` երեքշաբթի, 7 ապրիլէն սկսեալ, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ աշխարհի բոլոր կողմերէն` նոյնիսկ եւրոպական երկիրներէն արտերկրի լիբանանցիները փոխադրել Լիբանան:
Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի տնօրէն Ֆատի Հասան յայտնեց, որ Լիբանան վերադառնալ փափաքող արտերկրի քաղաքացիներուն թիւը 20-22 հազարի միջեւ կը տարուբերի:
Ան հաստատեց, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը Ծոցի երկիրներէն, Ափրիկէէն եւ Եւրոպայէն Լիբանան պիտի փոխադրէ լիբանանցի քաղաքացիները:
«Քորոնա»-ի Համաճարակը Կը Շարունակէ Պարտադրել Ինքզինք
Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տեղեկագիրներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 494-ի: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուած են 15 նոր պարագաներ, իսկ 2 այլ պարագաներ մահացած են` մահուան պարագաներուն թիւը հասցնելով 16-ի:
Մահացող պարագաներէն մէկն էր Լիբանանի մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու դեսպան Պեռնարտեթթա Քաթալան: 62-ամեայ դեսպանը փոխադրուած էր Պէյրութի կառավարական հիւանադանոց` «Քորոնա»-ով վարակուած ըլլալու պատճառով, եւ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն մահացած էր, յետ բարդութիւններու:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը «Քորոնա»-ի ժահրով վարակուածներուն համար հրապարակեց նոր թէժ գիծ մը, որն է` 01-594459, ինչպէս նաեւ յայտարարեց, որ նախապէս յայտարարուած 76-592699 թէժ գիծը ջնջուած է:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք «Քորոնա» ժահրին ախտանշանները կը զգան, անվարան դիմելու նախարարութիւն:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը յայտարարեց, որ իր առողջական մեկուսարաններուն մէջ կան 46 վարակուածներ` աւելցնելով, որ երէկ այլ հիւանդանոցներէ իրենց փոխանցուած 10 կասկածելի վարակուածներ ընդունած են:
Հիւանդանոցը նշեց նաեւ, որ 3 պարագաներ բուժուած են եւ փոխադրուած իրենց բնակարանները, ուր անոնք պիտի շարունակեն բնակարանային մեկուսարաններու մէջ մնալ:
Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրէն բուժուած պարագաներուն թիւը հասած է 46-ի:
Միւս կողմէ, Պշարրէի կառավարական հիւանդանոցը իր կարգին յայտարարեց, որ իր մօտ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը հասած է 11-ի:
Պէտք է աւելցնել, որ Պրազիլի մէջ ապրող լիբանանցի բժիշկ Ժորժ Անթար երէկ մահացաւ` «Քորոնա» ժահրով վարակուելուն պատճառով:
Ան կը ծառայէր Սաօ Փաուլոյի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ եւ ծառայութեան ընթացքին վարակուած էր ու մահացած:
Լիբանանեան բանակին ուղղաթիռները երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին շրջագայեցան Թրիփոլիի վերեւ` կոչ ուղղելով բոլորին մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ: Միաժամանակ, բանակի շրջուն ջոկատներ Թրիփոլիի, Մինայի, Պըտտաուիի եւ Քալամունի փողոցներուն մէջ շրջագայեցան` արգիլելու համար համախմբումները, եւ կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ:
Նապաթիէի մէջ Պետական անվտանգութեան ուժերու շրջուն ջոկատներ ամբողջ օրուան ընթացքին շրջագայեցան շրջանի փողոցներուն մէջ եւ քաղաքացիները յորդորեցին մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ:
Անոնք ցրուեցին նաեւ այն քաղաքացիները, որոնք ելեկտրոնային դրամարկղերուն մօտ համախմբուած էին կամ շարքեր բռնած` շեշտելով, որ անկարելի է այդ վիճակով փողոցը մնալ եւ եռուզեռ ստեղծել:
Պետական անվտանգութեան ուժերը ընդգծեցին զգուշ ըլլալու կարեւորութիւնը եւ իրարմէ հեռաւորութիւն պահելու, ինչպէս նաեւ դիմակ ու ձեռնոց գործածելու անհրաժեշտութիւնը:
Պարժայի քաղաքապետը երէկ գիշեր յայտարարեց, որ Պարժայի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումի առաջին պարագան արձանագրուած է:
Սուրի քաղաքապետութեան ոստիկանները ամբողջ օրուան ընթացքին շրջեցան քաղաքին մէջ` արգիլելով համախմբումները եւ հսկելով ընդհանուր զօրաշարժի գործադրութեան:
Անոնք արձանագրեցին քաղաքացիներուն կողմէ կատարուած բազմաթիւ խախտումներ, կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն ուղղուելու իրենց բնակարանները եւ գործադրելու կառավարութեան ցուցմունքները` արգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
Նշենք, որ Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ հականեխումի արշաւը կը շարունակուի, յատկապէս Աքքարի, Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի եւ Հիւսիսային Պեքաայի մէջ` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ խստիւ դատապարտեց ելեւմտական մարզի նշանակումներուն մասին արձանագրուած քաղաքական տարակարծութիւնները, մինչ «Քորոնա» համաճարակը կը սպառնայ բոլոր լիբանանցիներու կեանքին: Ան հաստատեց, որ ընկերային տագնապը հետզհետէ աւելի կը խորանայ Լիբանանի մէջ, որովհետեւ ընդհանուր զօրաշարժին պատճառով անօթութիւն կը տիրէ այն բնակարաններուն մէջ, ուր ապրուստ կարելի չէ ապահովել:
Իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ կոչ ուղղեց կառավարութեան հրաժարելու` նկատել տալով, որ կառավարութեան համար ատիկա աւելի լաւ է, քան` փողոցին մէջ տապալիլը: